Լուռ ցաւեր

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

Թագուկ տուտուն իմ դրացիս է. չամուսնացած բարի պառաւ մը որ տունը մնացած աղջիկներու անհամբոյր ու դառնացեալ սիրտը չունի։ Իր անուշ լեզուն, զուարթ խօսակցութիւնը կը յիշեցնեն ինծի այն չքաղուած խաղողի հատիկը որ կեցած տեղը, բիրտ հպումներէ հեռու, թոռմելով աւելի եւս կը քաղցրանայ, չամիչի կը վերածուի։

Թագուկ տուտուն անբասիր անցեալի մը համբաւը ունենալով հանդերձ, ներողամիտ է երիտասարդներուն, ու յօժարակամ ամեն ոք իր ցաւը կը խոստովանի անոր ու խորհուրդ կը խնդրէ իրմէ։

Ամեն իրիկուն, կանոնաւոր կերպով, պատուհանը նստած կը տեսնեմ զինքը, մաքուր հագուելու վարժուած կնկան մը անսեթեւեթ պաճուճանքին մէջ. այս արդուզարդը հին օրերու տարազը անփոփոխ ու անայլայլ կը պահէ. նրբագեղ ասեղնագործութիւններով զարդարուած սեւ եազմաին տակ՝ ալեւոր մազերուն ցոլացումը կը փոխանցուի դուրս, մութ գիշերուան մէջ՝ ձիւնապատ դաշտի մը փողփողումին պէս։ Դէմքը՝ ճերմակ, անարիւն, խորշոմներով լեցուն հիմակ, կաթնապուրին երեսը ծածկող պարուտակին կը նմանի, մաքուր ու փոթ փոթ։

Ձմեռ գիշերները իր շուրջը կը ժողվուինք ամենքնիս, զինուելով իր հեզ ու համբերող բնաւորութեանը դէմ, կատակներ տեղալով իր տարիքին, առանց գործածութեան մնացած իր հրապոյրներուն, իր եազմաին հաստատատիպ հանգոյցին եւ այն անվերջ, անհատնում օյաի մանուածահիւս դրասանգներուն վրայ՝ զորս, ակնոցը աչքին՝ Թագուկ տուտու օրն իրիկուն կը շինէ, կը բանի, ճշմարիտ արուեստագէտի մը երանութեամբը համակուած։

Բոլոր արդուզարդէն՝ գլխուն օյան կը փոխուի երբեմն, հանդիսաւոր օրերու մէջ, Ծնունդին, Զատիկին, Խաչին, եւ որուն անակնկալը, անոր նուրբ գծագրութեան նորութեանը մէջ կը կայանայ։

Հիմակուան ժանեակներու կոշտ ու ճաշակէ զուրկ ձեւերուն վրայ արգահատելով, Թագուկ տուտուն՝ իր ձեռագործին աննման կատարելութիւնովը կը խրոխտայ ու յաղթանակը կը տանի, ծերացած դողդոջուն մատներուն, անլոյս ու տկար աչքերուն յաղթանակը։