Լուռ ցաւեր

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
Fiction  

Ոմանք անողորմներ, գլուխը հաւաքուած՝ կտակը կը շինեն խեղճ պառաւին. բռնի, ակամայ կտակ մը, իր ներկայութեան, իր աչքին առջեւ, ի կենդանւոյն ժառանգութիւնը բաժնելու համար մէջերնիս, քանի որ էրիկ չունի, զաւակ չունի, մարդ ու մարդասանք չունի բացի մենէ որ ահա իր շուրջը բոլորուած, իր լքուած առանձնութիւնը մեր զուարճախօսութիւններովը կը կենդանացնենք ու կ՚ոգեւորենք։

Օր մըն ալ ունեցածը չունեցածը տեսնելու փափաքը ունեցանք. ադամանդ չունէ՞ր, քոնսօլի՞տ ալ չունէր, ի՞նչ ունէր ուրեմն այս Թագուկ տուտուն, մեզի արժանի ի՞նչ ժառանգութիւն ցոյց պիտի կարենար տալ օր մը եթէ մեռնէր, անպիտան շորերէ զատ որոնք դուրսը անկիւն մը ընկուզենիէ շինուած պարկեշտ սնտուկի մը մէջ պահուած էին։

Սնտուկը նայինք մէյ մը՝ ըսաւ վարի քովի տան տղան։

Թագուկ տուտուն բողոքեց, պոռաց, չէ՜ մի որ մահուընէն ետքը մերն էր այդ սնտուկը, ի՜նչ հարկ հիմակուց խառնշտկել իր բոլոր գոյքը. իր իրաւացի բողոքը խեղդուեցաւ մեր յարուցած ժխորին մէջ։

Սնտո՜ւկը, պոռացին ամեն կողմէ։

Բռնի առինք բանալին ձեռքէն ու ներս բերելով սնտուկը, ծանրացած դագաղի մը պէս, վրան վազեցինք դիակեր ագռաւներու երամի մը նման։

Հիմա Թագուկ տուտուն իր նստած անկիւնէն կը դիտէր մեզ առանց նեղանալու. ակնոցը հաներ աչքէն ու բարձին վրայ դրեր էր ձեռքի ասեղնագործութիւնը, ինչ որ շատ կարեւոր պարագաներու մէջ միայն կը պատահէր։

Իր բոլոր կեանքը, կարգով կանոնով այդ սնտուկին խորը խնամով զետեղուած, շարուած, դուրս կ՚ելլէր հետզհետէ, երկար շղթայի օղակներուն նման որուն ծայրը՝ ծովին յատակը նետուած երկաթին պէս, մինչեւ իր երիտասարդութեան կ՚երթար կը յանգէր։ Եւ որքան կ՚իջնէինք խորը, կը մօտենայինք յատակին, օդէ ու լոյսէ զուրկ մնացող այդ բոլոր նիւթերուն հոտը սաստիկ ու կծու կուգար մեզի, քառասուն տարի առաջուընէ պահուած հոտ մը։

Յարութեան ու վերակենդանութեան կոչուած այս ամեն առարկաները սեղմուած թանգարանի տպաւորութիւնը կը ձգէին վրանիս. ու գովեստները չէինք զլանար տնօրէնին, իր ճաշակին նրբութեան ապացոյցը հոս ալ տեսնելով։

Ամբողջ շարք մը կ՚սկսէր, ցուցահանդէս մը հին ատեններու պերճանքին, մեծարժէք կերպասներու, վառ ու պոռոտ գոյներով, որոնք հիմա գործածական չեն, էնթարի շալվարներ Պրուսայի կազէ շինուած, գոյնզգոյն տիատէմներ, հաքիք մատնիներ, սանտրեր, գլխու ասեղներ, բաղնիքի թաս մը. ու յետոյ, չգիտցողին հասկցնելու համար Թագուկ տուտուին ջերմեռանդ հռոմէական մը ըլլալը, ինչ որ մենք գիտէինք արդէն, ամբողջ ու կատարեալ հաւաքածոյ մը հոն՝ Յիսուսի, Աստուածածնի փոքրիկ գունաւոր պատկերներու, համրիչներու ու Վենետիկ տպուած փոքրակազմ աղօթագիրքերու։

Մեզի պէս ինք ալ հետաքրքիր աչքով կը հետեւէր այս ի տես հանումին, իբրեւ թէ օտարոտի ըլլային իրեն այդ ամենը, որոնք՝ այս վայրկեանիս, իր առջի օրերը ետ կը բերէին, անփոփոխ իրենց ձեւով, գոյնով ու բոյրով, գրքի մը էջերուն մէջ զետեղուած ծաղիկներու, տերեւներու նման տափակցած ու փոշիացած քիչ մը։

Ու առանց վէճի, ինչ որ հազուագիւտ է իրական ժառանգորդներու մէջ, մեր մէջէն ամեն ոք իր բաժինը կ՚որոշէր, իրեն պէտք եղածը կը նշանակէր, մէկդի կը դնէր։

Հիմա բոլորովին խորն էինք սնտուկին. ձեռագործներ կը հանէինք դուրս, գունաւոր մետաքսէ հիւսուած անհաւատալի նրբութեամբ, եւ սքանչացած՝ կը դառնայինք պառաւին որ կը ժպտէր համեստութեամբ։

Մեր ատենի աղջիկները բոլորն ալ գիտէին ասոնք։

Ու է՛ն վերջը, կապոյտ մետաքսէ պզտիկ պահարանի մը մէջ, որ ինքնին արուեստագիտական հրաշակերտ մըն էր, պզտիկ փունջ մը խարտեաշ մազերու։