Լուռ ցաւեր

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
Fiction  

Կռիւը այս հէք մազերուն վրայ փրթաւ. ուսկի՞ց էին, որո՞ւնն էին այս մազերը. եւ առանց իր պատասխանին սպասելու, անհամբեր, մեր վճիռը կուտայինք. սիրահարի մը գլխուն մազերն էին ասոնք, Թագուկ տուտուին սիրահարը. ու անմիջապէս կ՚երեւակայէինք այդ սիրահարը, կը պատկերացնէինք զինքը, մարմին ու հոգի կուտայինք իրեն. միջա՞կ հասակով, ո՞չ. ուրեմն բարձրահասակ։ Թագուկ տուտու մասնաւոր տկարութիւն մը ունենալու էր շքեղ հասակներու ու բարակ մետաքսէ պեխերու. գոնէ երջանիկ եղա՞ծ էր այս մարդուն հետ։ Ու կը յարձակէինք Թագուկ տուտուին վրայ, կը դատապարտէինք զինքը. այս սուրբ կինը, այս աղջիկը որ մինչեւ ետքը էրիկ մարդոցմէ իր հեռացումը պահեր էր, կեղծաւորին մէկն էր. իր յանցանքին խոստովանութենէն բան մը ունէինք ձեռքերնիս, դրական ապացոյց մը։ Կատակները կը վերսկսէին ամեն գլխէ մէյմէկ ձայնով, անլուր ժխորի մը ներդաշնակութեան մէջ։

Թագուկ տուտո՛ւ, բռնեցինք քեզի։

Խարտեաշներէն կ՚ախորժի եղեր, չըսէի՞ր մինչեւ հիմա։

Ո՞վ է խարտեաշը մէջէրնիս, թող առաջ անցնի։

Պառաւը պատասխանելու ատեն չունէր, բայց իր սովորական անարիւն երեսը կը գունաւորուէր ահա, փոքրիկ խաժուկ աչքերը արտասովոր փայլով կը ճառագայթէին՝ սեւեռած այդ մազի փունջին վրայ, չկրնալով զատուիլ այդ անխօսուկ յիշատակէն. ու տակաւ առ տակաւ կը թրջէին, ծիրանի գօտիի մը տակ տեղացող անձրեւի մը նմանութիւնը բերելով։

Ատիկա մարդու չեմ տար. ինծի հետ գերեզման պիտի դրուի։

Ինչո՞ւ համար. բացատրութիւն կ՚ուզե՛նք, աղուոր սրտաշարժ պատմութիւն մը, անոնցմէ՝ զորս Թագուկ տուտուն համով հոտով ըսելու արուեստին մէջ նմանը չունի։

Եւ տեսնելով որ ծաղրածութիւնները կը վիրաւորեն զինքը, լուրջ կերպարանք մը կ՚առնենք, կ՚աղաչենք.

Քուզում Թագուկ տուտու։

Եւ սնտուկը պարպուած կը թողունք սենեակին մէջտեղը. բազմոցին ու աթոռին վրայ ալ անոր պարունակած այլազան առարկաները, անցեալ կեանքի մը բեկորները. պառաւին բոլորը կը հաւաքուինք, ուշադիր, խելօք կեցած տղոց նման որոնց մասալ մը խոստացուած է։