Լուռ ցաւեր

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

Եւ ձեռքէ ձեռք կը պտըտցնէինք այս մազերու փունջը, ջանալով գտնել անոր մէջ պատմուած կսկիծներուն հետքը։ Այդ մազերը կը պահէին իրենց սեւցած ոսկիի փայլը եւ երիտասարդի թարմութիւնը։ Տարօրինա՜կ բան. իրենց գոյութեան մէջ մկրատին տուած ընդհատումը փրկած էր զիրենք. չէին ծերացեր ա՛լ. իրենց տարեկից բոլոր ուրիշ մազերը ալեւորած, թափած, չքացած էին, եւ իրենք միայն անխախտ ու անդղրդելի կը մնային քսան տարու՝ խոպոպիքի զուարթութեանը մէջ ու պիտի մնային այսուհետեւ։ Մէկ ցաւ մը ունեցեր էին, մկրատին հատու ցաւը, բայց այդ ցաւը որքա՜ն կսկիծներէ, անկումներէ փրկեր էր զիրենք, մշտնջենական երիտասարդութիւնը շնորհելով, այն՝ զոր Թագուկ տուտուի սրտին մէջ կը գտնէինք։