Լուռ ցաւեր

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
Fiction  

Երաժշտութիւնը զինքը գրաւող առաջին հուրին եղաւ, անկայուն ու յարափոփոխ դէմքով կին որ ուզուած, ըղձացուած պատկերը կ՚զգենու ամեն վայրկեան, տեսակ մը մանանայ որ փափաքուած ամեն համը, ամեն հաճոյքը կուտայ։

Իր դիւրահաւան սիրտը շուտ մը կը կապուէր այս երաժշտութեան նուագներուն մէջէն իր աչքին երեւցող կիներուն, համոզումով ու անկեղծութեամբ ինքնիրեն փեսայ ըլլալով շարունակ, անուշ խօսքի մը կամ սիրուն ժպիտի մը տպաւորութիւնը պահելով, սնուցանելով, մեծցնելով իր հէք սրտին մէջ, հնչուն ու կոյս քարանձաւի մը պէս որուն մէջ ինկող յետին մրմունջը՝ յարուցած անհամեմատ արձագանգովը կ՚երկարաձգուի ու կը բազմապատկուի։

Գթացողներ ու ծիծաղողներ միայն կային իր շուրջը. ի՜նչ ծաղու նիւթ քան այս տարօրինակ երջանիկը. հպարտ չքաւոր մը չէ՞ր արդեօք որ իր ողորմելի վիճակը՝ յայտնի սնափառութեամբ՝ քօղարկել կ՚ուզէ։

Ու դաշնակցութիւն մը կ՚սկսէր իր բոլորտիքը. կատակի, խաղի, ծաղրի դաշնակցութիւնը որ այս մարդուն միամիտ սիրահարի ձեւերովը պիտի զբօսնուր։

Վախցուելու մէկը չէր որուն ներելի չէ խաղ ու կատակ ընել, այլ այն անտրտունջ վշտատեսներէն մէկը՝ որոնք կարծես հազուագիւտ խաղալիկներ, զուարճութեան առարկաներ ըլլալու սահմանուած են։