Լուռ ցաւեր

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

Ինքը՝ բնաւ մտքէն չէր անցըներ որ կրնան ծաղրել զինքը. ամենէն անակնկալ ու անհաւատալի լուրն անգամ չէր կրնար մերժուիլ իր պարզ ու դիւրախաբ սրտէն. այնպէս որ, երբ օր մը, իր հարուստ աշակերտուհիներէն մէկը, Զարուհին, իր սրտին ազնուութիւնը գովեց, այս պարզ խօսքը սիրոյ յայտարարութեան մը պէս յուզեց զինքը. այս աղջկան նայուածքը իր հոգւոյն խորը կը թափանցէր հիմա եւ հրապուրիչ կնոջ խռովանքը կը ձգէր հոն։ Այդ օրը դաշնակի դասին մէջ շփոթեցաւ. տիէզները եւ պէմօլները ոստոստացին ձայնագրութեան տետրակին վրայ, ինչպէս որ բոլոր տունը ու բոլոր աշխարհք ալ այս պահուս կը դառնար, յիմար երջանկութեան մը խօլ հոլովումովը միակ լուսաւոր ու կայուն կեդրոնի մը շուրջը, այս աղջկան։ Տանը մէջ՝ անոր վրդոված դէմքը տեսնելով զուարճացան. ինչպէ՞ս ասանկ մէկ բառով սիրահար կը դառնար այս տղան։

Բերայէն, այդ տունէն, դարձաւ խռոված մինչեւ իր սրտին խոր յատակը. բոլոր գիշերը չքնացաւ. բանաստեղծ մըն էր այս տղան ու իր լքուած ամուրիի սենեակին մէջ ոտանաւոր գրելով անցուց գիշերը։

Այն ատեն խաղը բոլորովին զուարճալի հանգամանք մը առաւ. ոտանաւորը ձեռքէ ձեռք պտըտեցաւ ու հաւնուեցաւ. այս բիանիսթը, իրաւ որ չգտնուած մարդ էր։ Լուրը տարածուեցաւ տունէ տուն, գեղէ գեղ, եւ ամեն տեղ միեւնոյն խնդուքը պատճառեց։

Բիանիսթ Սէֆէրեանը Զարուհիին սիրահարեր է։

Իրա՞ւ. ամենքը այս հարցումը կ՚ընէին, չկրնալով իրենց քրքիջը զսպել. պակաս էր քիչ մը խեղճ տղան։

Անկէ ետքը խաղը կատարեալ ընելու բաղձանքներ յայտնուեցան. ներկայացումը ամբողջ ըլլալու էր. ու Զարուհիին եղբայրը գիւտ մը ըրաւ. իր պաշտպանութեանը տակ առաւ երիտասարդ ուսուցչին սէրը. թղթակցութիւնը իր միջոցով պիտի ըլլար։

Այն ատեն նամակները սկսան, միեւնոյն յիմար սիրոյն խոստովանութիւնը որ դրացիներու, բարեկամներու օրական զուարճալիքը կը հայթայթէր ու զուարթ ժամեր անցընել կուտար։ Քանի մը մտերիմներ միջամտեցին այս անողորմ կատակին դէմ. զգուշացուցին ու արթնցնել ուզեցին զինքը։

Մի՛ խաբուիր, Սէֆէրեան։

Խաբուէ՞ր. իր բարեկամներուն սիրտը հանդարտեցուց. Զարուհին կը սիրէր զինքը։ Ի զուր խրատ ու խորհուրդ տուին իրեն. ասոնք ամենքը նախանձոտներ էին իր սիրոյն. ո՞վ ըսաւ որ հարուստի աղջիկ մը աղքատ մը սիրելու անկարող է. կ՚ուզէին որ Զարուհիէն ստացած նամակները կարդա՞ր մէկիկ մէկիկ. գի՞րը. եղբօրն էր անշուշտ. Զարուհին չէր կրնար իր գրովը այդ նամակները յանձնել, բայց ան տուն տուած էր անշուշտ եղբօրը։ Դա՞րձեալ չէին հաւտար. հո՛գը. ինք կը հաւտար ու այս կը բաւէր իրեն։

Եւ ճամբուն վրայ անցնողները կանգ կ՚առնէին, դիտելու համար այս մտազբաղ մարդը որ իր աճապարող քալուածքով ու շուրջին անուշադիր ձեւովը ստոյգ երջանկութեան մը ետեւէն վազողի մը կը նմանէր։