Լուռ ցաւեր

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

Գիշերը փողոցին մէջը կը սլքտկայ. ջութակի մը աղեղին պէս տրտնջող եւ անդուլ երթեւեկ մը. երբեմն կանգ առնելով, ունկնդրելով ապարանքի մը պատուհանին տակ որուն գոց վարագոյրին ետին կանթեղի մը լոյսը կ՚ընդնշմարուի, առկայծ ու պլպլացող լոյս՝ մութի սահմանակից, որ յանցանք մը գործելէ առաջ վարանող խղճմտանքի մը կը նմանի։

Այդ սենեակին մէջ է հիւանդը, Զարուհին, հիւծուած ու մաշած, պահելով դեռ գեղեցիկ աղջկան ախտաբոյր վայելչութիւնը։

Զինքը սպառող հիւանդութիւնը անուն չունի. բարոյական երկարատեւ տառապանք մըն է աւելի քան թէ մարմնական ցաւ մը, տառապանք՝ որ ամենէն սաստիկ խոնջէնքէն շուտ քանդած է իր առողջութիւնը։ Իր երբեմնի դասատուին անընդհատ հալածանքն է որ կ՚սպաննէ զինքը, հո՛դ, այդ անկողնին մէջ. այդ ծաղրելի սէրն է որուն ենթական եղած է այսքան տարիէ ի վեր՝ առանց փրկութիւն մը գտնելու։ Այդ մարդը հետապնդած իրեն շարունակ՝ հաւատարիմ ուղտին պէս, որ իր անշահասէր ու ծաղրելի անձնուիրութեամբը Թարթարէնին ետեւէն կ՚երթար Ափրիկէէն մինչեւ Թարասքօն։

Ամեն միջոց ի դերեւ ելած է համոզելու համար այդ մարդը թէ չսիրեր եւ երբեք չէ սիրած զինքը. ու ամօթահար այդ ապուշի սէրէն, ջղային անհանգստութիւն մը ունեցած է որ, քիչ քիչ տարիներու շրջանին մէջ, ջուրին թուլիկ այլ յամառ գործունէութեանը պէս քայքայած է իր առողջութիւնը։ Այս սրտի ախոնդանքէն՝ կեանքը արդէն զզուելի թուելու մօտ է իր աչքին. մինչդեռ վարը, փողոցին մէջ, անգիտակից մարդասպանը կը թափառի դեռ իր սիրոյ անուրջներուն մէջ մոլորած. ուրախ ու երջանիկ է ան, այս կանխահաս մահուան մէջ նոր ու գերագոյն ապացոյց մը գտնելուն համար, իր սիրուած ըլլալուն ապացոյցը այս աղջիկէն, երբ աշխարհ խօսք մէկ ըրեր էր կարծես Զարուհին իբրեւ խաբեբայ եւ անսիրտ էակ մը ցոյց տալու իր աչքին։

Այս մխիթարութիւնը կը ցոլայ հիմա իր աւերեալ դէմքին վրայ. այս հաւաստիքով՝ իր կսկիծը երջանկութեան կը փոխուի նորէն, ու չկրնալով դուռնէն ներս մտնել, հոդ կենալու դատապարտուած, փողոցին մէջ կը շարունակէ երթեւեկել, իբրեւ թէ մտադրած տեղ մը ունենար, անուրջի մէջ քալող մարդու մը պէս։