Լուռ ցաւեր

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

Անկէ վերջը անկումը եկաւ, մեղմ, թոյլ, աննշմարելի բայց ստոյգ փճացումը։ Նշանածը, սպասելէ ձանձրացած, ուրիշի մը հետ ամուսնացաւ. եւ ինքը շարունակեց նաւակ փոխել, անտեսանելի տիպարի մը յամառութեամբ դեռ հետամտելով. իր նաւակը, իր ամուսնութիւնը, իր վիճակը հարցնողներուն մէկ բառով մը կը պատասխանէր, որ իր ամբողջ պատմութիւնը կը պարունակէր.

Ֆուրթունա։

Թախծալից ու տրտում ձայնով մը կուտար պատասխանը, միշտ միեւնոյնը, բառ մը միայն կտրուկ.

Ֆուրթունա։

Ըսին որ խենթեցաւ. գինովութիւնը ապուշի ձեւ մը տուաւ իրեն. սկսան վրան ծիծաղիլ։

Անկէ մնաց Ֆուրթունա անունը, մինչդեռ ինքը, գինետան անկիւնը, օղիի սրուակին առջեւ, իր նաւակը կ՚երազէր դեռ, դիւթական գիծերով շինուած։

Իրօք, աղքատութեան մէջ իր հինցած նաւակը ա՛լ չէր կրնար փոխել. նորոգել կուտար հիմա, կոկելով անոր ծռած տախտակները, մաշած ու կոտրած թիակները. ամառները կը ներկէր, հինէն մնացող վայելչասիրութեան դրդումով։

Բայց օղիին աւերումներուն տակ իր կամքի ու կարողութեան մնացորդները կ՚սպառէին։ Ֆուրթունան յաճախորդ չունէր ա՛լ, բացի անցորդ մանրավաճառներէ ու խաբեբայ մուրացիկներէ զորս չնչին գնով մը տակաւին կը փոխադրէր հոսկէ հոն, կուպրով ծեփուած մակոյկին մէջ, նստուկ գացողի մը պէս՝ անգիտակցաբար կարծես շարժելով թիերը։

Ու պատուհանէս կը դիտէի զինքը, ամեն անգամ որ անցնէր դառնար։ Դանդաղօրէն ջուրը մխուող թիերուն ճողփիւնը իր մշտնջենական երազը օրօրող երգը կը թուէր ինծի։

Ատով կը շարունակէր գալ, ամեն օր կանուխ, պատրաստ կենալով իր մակոյկին նստարանին վրայ կորաքամակ, քիթը կորսուած կունտ ու կակուղ այտերուն մէջ, անփոյթ անվհատ սպասելով, եւ ամառը տաքուն՝ եզերքին խոտին վրայ, արեւին տաք ճառագայթներուն տակ քնանալով, հանդարտ ու անմեղ քունով մը, մեզի ցոյց տալով իր եղկելի ու կիսամերկ մարմինը՝ համարձակ գետին թաւալած։