Լուռ ցաւեր

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

Մարդ չէր ճանչնար. ո՛չ զիս որ տարի մը շարունակ իր դրացին էի, ո՛չ իր գեղացիները՝ որոնց մէջ ապրած էր այնքան ատեն. մարդ չէր ճանչնար. մարդկային ամեն ձայն, ամեն աղմուկ ու ամեն դէմք մշուշի մը մէջ կը խառնուէին, կը շփոթուէին մէկը միւսին հետ։ Մէկ հոգի մը կը զանազանէր դեռ. ջատուկ պառաւ մըն էր որ կուգար առտուները իր երկու աղջիկներուն հետ եազմա լուալու իմ տանս մօտ։ Ֆուրթունայի նշանածն էր. ու զայն՝ տեսնելուն իր արբեցութիւնէն կարմրած դէմքը կը թալկանար, մահատիպ գոյն մը կ՚առնէր։ Նստարանին վրայ շտկուելու ուղիղ դիրք մը առնելու ջանքեր կ՚ընէր, իր ցնցոտի բալթօին օձիքը կը դարձնէր մերկ կուրծքը պարտկելու համար, բնազդական ըղձանքով մը, որ այս կործանած իմացականութեան մէջ դեռ կենդանութեան անորոշ նշան մը կուտար, վերջին տկար շառաւիղը այս մարած հոգիին աղջամուղջին մէջ։

Ադկէ զատ օղին ունէր միայն իրիկուան. խենթի պէս կը վազէր վեր, գեղը, հոն ուր գինետունները կը վխտան. ամենքն ալ իրենն էին, ամենքն ալ. արբեցութեան մէջ իր գոյութիւնը կ՚սկսէր, ոչ հիմակուան ողորմելի կեանքը, այլ առջի երիտասարդութեան օրերը, իրենց յուսալից ու խնդում երեսովնին։ Իր նաւակը նախ, նրբամարմին թռչունի ձեւով որ ծովը հազիւ թէ կը շօշափէ իր վազքին մէջ. յետոյ նաւավարը՝ իր շքեղ արդուզարդովը, ֆէսը ծռած, որուն կապոյտ ծոպին ծայրը ուսին վրայ կ՚իյնայ. ու նաւակին մէջ իր նշանածը, այն գեղեցիկ յոյնի աղջիկը զոր սիրած էր։

Եւ այս աղօտ հեռանկարը, օղիի սրուակներու յաջորդութեանը մէջ, կը ճշդուէր, յայտնի, պայծառ, կը կենդանանար, ու Ֆուրթունան ամեն իրիկուն անով կ՚ապրէր ժամերով, ժամերով մինչեւ որ գինետունէն դուրս ընէին զինքը։

Այս արբեցութիւնը Ֆարիայի գանձը չէ՞ր միթէ այս ողորմելի մարդուն ձեռքը, ամենազօր կարողութիւնը որ վրէժները կը լուծէ, մարդոց ու դիպուածներու դէմ անխտիր։