Լուռ ցաւեր

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
Fiction  

Հայրենիքէն գբեթէ բոպիկ եկաւ Պոլիս, նիհար ու վատուժ պատանի որ խաներու, քարուկիր սենեակներու խոնաւութեան մէջ ծառայութեամբ հաւաքած հինգ հարիւր ղրուշով բացաւ իր սարաֆի տօլապը, ճշմարիտ «տօլապ» մը զոր մինչեւ այն օրը ոչ ոք իրեն չափ վարպետութեամբ դարձուցած էր: Իր հայրենի քաղքին մէջ զոր Մարտիրոս մեր երկիրը կը կոչէր, տիրացութիւն ըրած ու ժամասիրութիւն ժառանգած էր ադկէ:

Իր աղքատութեան, որբութեան բոլոր թշուառութիւնները տիրացուի զգեստը հագնելով կը մոռնար, եւ Աստուծոյ առջեւ, Աստուծոյ տան մէջ, իր անկեալ դիրքէն կը բարձրանար յանկարծ ուրիշներու հաւասար ըլլալու եւ իր ջերմեռանդութեամբը զանոնք գերազանցելու չափ: Եւ ի՞նչպէս չսիրէր եկեղեցին ուր ո՛չ հարուստ ըլլալու, ո՛չ բախտաւոր ըլլալու պէտք կար Աստուծոյ աչքին: Այսպէս երջանիկ ապրեցաւ քանի մը տարի. մտածեց որ երկինքին թագաւորութիւնը տնանկներու յատկացուած է ու մխիթարուեցաւ իր ներկայ չքաւորութենէն: Բայց երբ տասնըութը տարին թեւակոխեց, բռնի Պոլիս ղրկեցին զինքը մարդ ըլլալու համար, իբրեւ թէ աղքատ ըլլալուն համար մարդ եղած չըլլար մինչեւ այդ ժամուն:

Իր տաժանելի ուղեւորութեան միջոցին, յետոյ շոգենաւին մէջ եւ մանաւանդ Պոլսոյ մէջ, իր համոզումները, սփոփանքները անբաւական մնացին:

Ո՛չ, այս մայրաքաղաքը երկրին չէր նմաներ բնաւ. Ակնայ տնակներուն երդիքը, գիւղացւոց շալվարը, կիներու աղտոտ լաչակը չտեսաւ հոս. նոր աշխարհ մը` նոր գաղափարներ արթնցուց. վայելքի պէտքը դրամի պէտքը ցուցուց: Իր բարեպաշտութիւնը որ մինչեւ այն ատեն անշահասէր էր, պահանջող, ուզան բերան դարձաւ:

Մայր եկեղեցւոյ մէկ անկիւնին մէջ քաշուած` անհատնում աղօթքներու ու շարականներու քաղուածքով ստակ եւ դարձեալ ստակ ուզեց Աստուծմէ, եւ իր աշխատութեան փոխարէն առած չնչին գումարները որոնք զինքը կը շլացնէին, աստուածային պարգեւներ կը համարէր եւ իր աղօթքներուն վարձատրութիւնը:

Այսպէս իր առեւտուրը աստուածասիրութեան հետ խառնուած մնաց. այն բոլոր առիթները ուսկից դրամ շահելու կարելիութիւնը նշմարեց, իր օգտին համար Աստուծոյ կողմէ յատկապէս կարգադրուած նկատեց ու բան մը չհարցուց ա՛լ իր խղճին: Աստուած իր ըրածը չէ՞ր գիտեր միթէ: