Լուռ ցաւեր

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
Fiction  

Անգամ մը միայն տարակուսեցաւ, վարանում մը զգաց: Անոր բարեպաշտ մարդու համբաւէն խաբուած, իր մահամերձ բարեկամներէն մէկը մեծ, շատ մեծ, իր չտեսածին չափ մեծ գումար մը աւանդ յանձնեց իրեն, մահուընէն վերջը այդ գումարը ազգին ու իր ազգականներուն մէջ բաժնելու խնդիրքով. Մարտիրոս աղա նախ չհաւատաց այս անակնկալ վստահութեան. հիւանդին անկողնին քով նստած, սենեակին դուռը գոց, նախ անդիմադրելի մարմաջ մը զգաց տեսնելով այդ գումարը զոր հիւանդը փոքրիկ սնտուկէ մը կը հանէր. յետոյ հիւանդը հոն խղդելու եւ ստակները յափշտակելով փախչելու գաղափար մը ունեցաւ, յիմարի գաղափար մը. բայց այս փորձութեանց դիմադրեց. ի՜նչ հարկ անոնց. միթէ Աստուած իր դէմը հանած չէ՞ր այս հիւանդը. ու Աստուծոյ թողուց որ իր ուզածին պէս տնօրինէ ամեն բան: Մարտիրոս աղա նախ դիմադրեց, չուզեց ընդունիլ այս աւանդը, ցած ձայնով, վախնալով, որ դրան մօտ սպասող մէկը չըլլար ու իմանար այս աւանդի խնդիրը. յետոյ քիչ քիչ տկարացաւ, աւանդին պայմանները հարցուց. նախ է՛ն գլխաւորը, տոկոս պիտի տա՞ր. ո՛չ, ըսաւ հիւանդը, այն ատեն ա՛լ անձնատուր եղաւ, ստացաւ աւանդը, եւ Աստուածաշունչէն հատուածներ բերաւ մահամերձին ազգասիրութիւնը գովելու համար:

Հիւանդը մեռաւ եւ յուղարկաւորներուն մէջ Մարտիրոս աղա իր արցունքներովը, անկեղծ ու անսահման կսկիծով մը ննջեցեալին ամենէն սրտակից բարեկամը համարուեցաւ:

Յուղարկաւորութեան տեւած բոլոր միջոցին ամբողջ ճամբուն երկայնութեամբը այս մեռած մտերիմին վրայ խօսեցաւ, անոր բարեմասնութիւնները, պարկեշտութիւնը գովեց, անոր կեանքէն մասնաւոր դէպքեր պատմեց եւ լացաւ, մինչդեռ ուրիշներ, դագաղին ընկերանալով հանդերձ, իրենց քամիալին, քօնէշիմէնթօին, բիացաին խօսքերը կ՚ընէին. Մարտիրոս աղա զայրացաւ ու իբրեւ թէ ինքը ըլլար այս անճահ խօսակցութիւնը ընող, կսկծալի ձայնով մը գոչեց.

Մեղա՜յ Տէր:

Մարդիկը լռեցին վայրկեան մը, քանի մը քայլ ալ ըրին լռութեամբ. յետոյ մէկը, պասմաի վաճառական մը, շարունակեց իր խօսքը.

Աճէմներուն պէրաթները ձեռքէ հանելու է: