Լուռ ցաւեր

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
Fiction  

Ձեղունին ապակեայ լուսամուտէն նրբանցքներուն վրայ բացուող պզտիկ պատուհաններէն, առտուան լոյսը թատրոնէն ներս կը սպրդէր, ցրտին ու դողահար լոյս մը, դուրսը տեղացող ձիւնին սպիտակ ցոլացումը գոգցես, որ սրահին շիկորակ լոյսերուն քով՝ կը տժգունէր, կը մարէր։

Ներսը կը պարէին, երաժշտութեան ոգեւոր շեշտերէն մղուած, յորձեռանդն ու տենդայոյզ, ուշադրութիւն չընելով այս կանխահաս առտուան, ու սրահին տաք ու աղմկալից մթնոլորտին մէջ երկարելով այս ձմեռ գիշերուան զբօսանքն ու հաճոյքը։

Երեսները ա՛լ կը բացուէին. առջի զգուշութիւնը՝ սեւաթոյր կամ վարդերանգ մետաքսէ դիմակներուն հետ մէկդի կը նետէին ամենքը, այս պահուս մտերիմ դարձած իրարու։ Կէս գիշերէն ի վեր անընդհատ տեւող պարերուն յարուցած փոշին, այրերու սեւ զգեստներու ու ձիւնաթոյր փողկապներուն, կիներու արդուզարդին եւ նուրբ շպարին վրայ կը տեսնուէր։

  Յոգնած, յուլացած, դեռ կը շարժէին, հանդարտելու մօտ եղող ծովի մը վերջին կոհակներուն պէս։ Քիչ քիչ, առտուան լոյսը կը զօրանար, անկիւններուն ու անցքերուն մէջէն մթութիւնը կը վանէր, ու սրահին մէջ կ՚սկսէր տարածուիլ՝ իր շլացուցիչ ճերմկութեամբը շեշտելով կազերուն դեղին ցոլքը։

Եւ ակամայ կը ձգէին պարասրահը. տակաւ առ տակաւ բազմութիւնը կը պակսէր. կը մեկնէին խումբ խումբ, դրան մօտ հաւաքուած, պատմուճակէն ետ առնելով ցուրտին դէմ պատսպարուելու համար բերած զգեստնին. զոյգ զոյգ, թեւ թեւի կ՚ելլէին դուրս, ձիւնին անբիծ ու միապաղաղ մակարդակը կոխոտելով կը հեռանային, այրերը իրենց վերարկուին օձիքը վեր առած, կիները դիպակէ մեկնոցներնուն մէջ փաթթուած, իրենց հետ տանելով երաժշտութեան եղանակներուն արձագանգը, մինչդեռ դրացի տուներու պատուհաններէն՝ կանուխ արթնցող հետաքրքիրներ թմթռկած աչուըներով կը դիտէին ձիւնին անշարժ ծածկոյթին վրայէն սահող այս ստուերները։

Քիչ մը վերջը ոչ ոք կը մնար պարողներէն. թատրոնին լոյսերը կը մարէին, եւ երաժիշտները իրենց կարգին կը մեկնէին, գործիքներնին լաթէ ծածկոցներու մէջ փաթթած թեւերնուն տակ, պարասրահը իր սովորական կէս-խաւարին ու լուռ անդորրութեանը յանձնելով։