Լուռ ցաւեր

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

Ուսուցիչ ու բանաստեղծ էր միանգամայն, գաւառացի նիհար ու վատառողջ տղայ մը, այս Դաւիթեանը, որ կասկածոտ, յամառ ու խնայող մարդու կենցաղովը իր դրսեցիի ծագումը կը պահէր։

Բերա, Գալիօնճու-Գուլլուքի տուներէն մէկուն մէջ, ուր իրեն պէս դեռ քանի մը ամուրի երիտասարդներ կը բնակէին, սենեակ մը վարձած էր, իր բոլոր տունն ու տեղը. եւ իր մայրենի լեզուի դասախօսութիւններէն զզուած, քերականութեան կանոնները հազարերորդ անգամ աւանդելէ ձանձրացած, գրգռուած, յուսահատ, կը դառնար իր սենեակը ու իր հաւաքած փոքրիկ դրամագլխովը ուրիշ գործ մը փնտռելու, ապագայ մը պատրաստելու մտադիր. այս ակնկալութեամբ, առանձին մնացած ժամերուն, քերթուածներ գրելով կ՚անցընէր ատենը։

Բերան կը սիրէր՝ իր մարդաշատ տուներուն, Մեծ Փողոցին, քարուկիր ու բազմայարկ շէնքերուն, աղմկալից կեանքին համար. այս բազմութենէն ու ժխորէն կ՚ախորժէր. ու իրիկունները իր սովորութիւնն էր, ելլել դուրս, եղէգնեայ փոքրիկ գաւազանը ձեռքը, իր բանաստեղծի լայն ճակատը բացած, Կալաթա Սէրայէն մինչեւ Թաքսիմ շրջան մը ընելու, ման գալու, ինչպէս կ՚ըսէր ինք, ու կիներու այս մեծ շուկային տեսքը, այս վաճառիկ հրապոյրները վայելելու։

Այս հարուստ արուարձանը հազար ներշնչումներով լեցուն էր իր աչքին. եւ կ՚ուսումնասիրէր զայն իր դուրսի զուարճութեան երեւոյթին տակ եւ ներսի մոլութեան ու ապականութեան սարսուռներուն մէջ։

Օր մը, յանկարծ, հրատարակութեան տուաւ իր քերթուածները. իր Վերջալոյսի ցոլքերը նորութիւն մըն էր. ոչ ծաղկի խօսք կար հոն, ոչ արեւի ու ոչ սոխակի. այս ցոլքերու լոյսովը ինքը ցոյց կուտար մեծ քաղաքի մը ստուերամած փողոցները, այդտեղի կեանքը իր յարափոփոխ միօրինակութեան մէջ։ Բնապաշտ քերթող մը եղաւ ու յաջողեցաւ. հայ տիկինները որոնք գրականութեամբ կ՚զբաղէին, հետաքրքրուեցան, տեսնել ուզեցին զինքը, մինչդեռ իր դասախօսած դպրոցներու պասմաճի հոգաբարձուները յանդիմանեցին զինքը։

Միւսիւ Դաւիթեան, ձեր գրութիւնները բարոյականի դէմ են. թող որ բան մը չի հասկցուիր այդ քերթուածներէն։

Հակասութեան մէջ էք, էֆէնտի, թէ որ բան մը չի հասկցուիր այդ գիրքէն, ի՞նչպէս գիտցաք որ բարոյականի դէմ էր։

Հոգաբարձուն պզտիկ մնաց. բայց յաջորդ դասին աւանդական ու մահաբոյր բանաձեւը հասաւ իրեն.

Դադարեալ էք։

Դադարեա՜լ. դասատունե՛րը գիտեն միայն այս անցեալ դերբային ահարկու նշանակութիւնը. այս բառը կը նշանակէ նախ որ ամսական թոշակէ մը զրկուած են, եւ մինչեւ որ նոր գործ մը գտնեն պէտք է ա՛լ աւելի չափաւորեն իրենց արդէն խնայող կեանքը. յետոյ այս բառը իր պատճառներուն մէջ կը նշանակէ որ դասատուն յարգական կերպով չէ բարեւած Հոգաբարձուն՝ փողոցը հանդիպած ատեն, բէշը բէշին, տասնեակ մատները իրարու կցած, ճշդելով անցորդներուն առջեւ իր ակնկալու դիրքը եւ սպասելով որ նախ միւսը բարեւէ բարձրաձայն.

Ի՞նչպէս ես, Պ. Դաւիթեան։

Եւ շարունակէ ճամբան առանց պատասխանի սպասելու։

Բանաստեղծը այս քրէական յանցանքներով արդէն նշանակուած էր հոգաբարձութեան մտքին մէջ. Մեծ Փողոցին մէջ անոր գաւազանը ճօճելով անցուդարձը, զիրենք չտեսնելու զարնելը, երբեմն մտերմաբար քովերնին մօտենալ ու խօսիլը, այս անբարոյական քերթուածներուն լոյս տեսնելուն միանալով, շատ իսկ էին դադարման այդ որոշումը արդարացնելու։

Ինքը, ճշմարիտ դրսեցի, յամառ ու ամբարտաւան իր անկման մէջ, պարզապէս ծիծաղեցաւ լսելով այս որոշումը, զոր կառավարիչը կը հաղորդէր իրեն։

Խայտառակնե՜ր, գոչեց բարձրաձայն։

Մինչդեռ կառավարիչը իր ականջը կը գոցէր չլսելու համար այս անլուր հայհոյութիւնը ու իր ներկայութեամբը մեղսակից չդառնալու համար։

Հիմա դաս տալէ տարբեր հոգ ու մտածում ունէր երիտասարդը. ուրիշ ատեն իր դրամ շահելու հետամուտ ոգին պիտի զայրանար. այս վայրկեանիս գրեթէ նախախնամական բան մը եղաւ այդ դադարումը, որ միջոց կը թողուր իրեն ծոյլ ու երազող բանաստեղծի անուրջներու։