Լուռ ցաւեր

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

Վերջապէս միջոց մը գտած էր երթալու Յովսէփեաններուն տունը, Տիկնոջ չորեքշաբթի օրուան երեկոյթներուն, որոնց սովորական հիւրերը զարմացած կը նայէին այս նորեկին երեսն ի վեր։

Այս տանը մէջ երիտասարդը ուսուցիչէ աւելի բանաստեղծ մըն էր. եւ բանաստեղծէ աւելի՝ ոսկեհեր մազերով, խանդավառ խօսուածքով տղայ մը որ իր սիրահարի ձեւերը չէր գիտեր ծածկել նախանձոտ աչքերէ։

Վարժապե՜տ մը, կ՚ըսէին տիկնոջ մտերիմները։

Ի՜նչ փոյթ, կը բաւէ որ սիրուն տղայ մըն է։

Տիկին Յովսէփեան, իրեն շուրջը դարձող պէյերէն ու էֆէնտիներէն ձանձրացած կը թուէր ու նոր պատմութիւն մը կ՚սկսէր։ Ապաքէն միշտ սիրած էր նոր պատմութիւնները։ Համբաւաւոր ընտանիքի մը կը պատկանէր, վերջերս ինկած՝ բայց պահող միշտ ճոխ ու փարթամ կեանքի վարժութիւնը։

Իրենց հաստատութեան սպառելուն հետ իր ամուսնութեան համար երազած փառատենչ ակնկալութիւնները պակսած էին. դեսպան մը, պետական բարձր պաշտօնեայ մը փափաքած էր ամուսին ունենալ. յետոյ առաջին քարտուղարով մը պիտի գոհանար. վերջ ի վերջոյ Յովսէփեան Պօղոս էֆէնտիին հետ ամուսնացած էր, հարուստ երիտասարդ մը, հօրը մէկ հատիկ որդին որ աֆիօնի ու բամպակի առեւտուրով կ՚զբաղէր. մեծ դժուարութիւններ քաշեց համակերպելու համար իր նոր դիրքին. վաճառականը իր հաշուի, տետրակի, աֆիօնի խօսակցութեամբը, իր մաղազայի մարդու կենցաղովը գռեհիկ ու ստորին երեւոյթ մը ունէր. առջի օրէն՝ փեսացուին մեկնելէն վերջը՝ իր տպաւորութիւնը չէր ծածկած բնաւ։

Ո՞ւսկից գտաք այս այվազը։

Վերջը համոզուեցաւ. բարեկամուհիներ խրատեր էին զինքը։

Հո՛գդ, թող այվազ ըլլայ, դուն նորէն սիրտիդ սիրածը գտիր։

Ամուսնացաւ ու այս հարսնիքը երկար ատեն խօսուեցաւ Պոլսոյ մէջ. մինակ առտուան սուբէին երկու հարիւր ոսկի ծախսուած էր։ Յետոյ զատ տուն տեղ ըլլալ հարկ եղաւ. Բերա բնակիլ կ՚ուզէր. իր խօսքը եղաւ։ Միսք փողոցը տարին 120 ոսկի վարձքով տուն մը վարձեցին ու կահաւորեցին. հարսը իր եւրոպական կրթութեան համեմատ ապրելու եղանակ մը հաստատեց. իրեն յատուկ սրահ, սենեակ ու ննջասենեակ ունէր, զորս իր ճաշակով զարդարած էր բլիւշի, աթլասի կերպասներով, ուր լոյսը կ՚արգիլուէր երիցս վարագուրեալ պատուհաններէն։

Վաճառականը բան մը չէր հասկնար այս անօգուտ շռայլութենէն, պատերուն, աթոռակներու վրայ դրուած Չինի ու Հնդկաչինի հազար մանրակերտ նիւթերէն որոնց ոսկեզօծ նկարները այս մութ սենեակներուն մէջ կը փայլէին. նուիրական տեղ մը մտնելու պէս կուգար հոս, ուր ոտք կոխելու տեղ չկար, եւ ուր մթնոլորտը հարսին գործածած էքսթռէներուն բուրումովը թանձրացած էր, մինչդեռ պատերը ու տախտակամածը ծածկող օթոցները ամեն ձայն ու աղմուկ կը խեղդէին։

Յետոյ երեկոյթներու եւ ընդունելութեանց շարքը սկսաւ. ամեն կողմէ կը հրաւիրուէին իրենք եւ պարտաւոր էին հրաւիրելու. էրիկը, հլու եւ հնազանդ, չէր կրնար դիմադրել. իրենց դիրքը կը պահանջէր, եւ տարին երեք չորս հեղ Տիկին Յովսէփեան Բերայի հայ եւ օտարազգի մեծ ընտանիքները իր տունը կը հաւաքէր՝ ճշմարիտ պարահանդէսներ տալով։

Կ՚զբօսնուր, թողլով որ ամեն տեղ էրիկը իր բամպակի, աֆիօնի արտադրութեան, մաքսի, պալեաի խնդիրները պտտցնէ ուզածին պէս։

Ամառը Բրինքիբօ կ՚երթային օդափոխութեան. չէին կրնար էսնաֆի պէս ամբողջ տարին միեւնոյն տունը բնակիլ. հոն ալ հիւրերը պակաս չէին եւ այս կեանքը կը շարունակուէր, ապահով ու ստոյգ կործանման առաջնորդելով իր էրիկը. ինքը այդ անդունդին կը նայէր անտարբեր, գրեթէ հաճոյքով, հետաքրքիր՝ հասկնալու համար անոր հետեւութիւնները։

Չորս տարուան ընթացքի մը մէջ բոլորովին զզուած էրկանը առեւտրական խօսակցութենէն, հետզհետէ կը զղջար իր ամուսնութեան վրայ որ շղթայակապ դատապարտութիւն մը կը դառնար, ու հազար անգամ պատրաստ էր փոխելու այս աֆիօնով խառնուած հարստութիւնը, սրտի մօտ մարդու մը բարեկամութեանը հետ։

Ոչ կիրք եւ ոչ ցանկութիւն ունէր իր ամուսինը եւ կինը իր տենդաբորբ հիւծումներովը կ՚սպառէր, կը հիւանդանար. բժիշկը՝ գաղտնապահ ու շնորհալի տօքթօր մը՝ կուգար եթէ ոչ առողջացնելու, գէթ սփոփելու համար հիւանդը. Տիկին Յովսէփեան իր քնատութենէն կը գանգատէր. բժիշկը կը զարմանար. այսչափ աֆիօնի մօտ մարդու մը կինը քնատութենէ գանգատէ՜ր եւ իր քլօռալներուն պէտք ունենա՜ր։

Ճշմարիտ էր սակայն որ Տիկին Յովսէփեան շատ գիշեր կը լուսցնէր, տենդոտ ու երազամոլ. եւ առտուն՝ գեղեցիկ աչքերուն կտրած կոպէն, տժգունած երեսէն գիշերուան տագնապները կը կարդացուէին դէմքին վրայ։

Իր դժգոհութիւնը էրկանը դէմ կը դառնար եւ կը զայրանար այն օրինաւոր հարստութեան դէմ զոր անոր երեսէն կը վայելէր ու յիմարական կարգադրութիւններ կ՚ընէր մտքովը, իր էրկանը կործանման ակնդէտ սպասելով։

Իր արդուզարդերը կը մտադրէր պատրաստել իր մտերիմներուն ընծաներէն. հագուստը բոլոր յարաբերութեանցը ամփոփումը պիտի ըլլար, տեսակ մը քառնէ ուր ամեն ոք իր անունը պիտի արձանագրէր։

Եւ ոչ ոք կար իր մօտը խրատելու համար զինքը եւ դարմանելու իր հիւանդ հոգին։

Այդ միջոցին աֆիօնի գիները մեծ անկում մը ունեցեր էին եւ ահագին քանակութեամբ ապրանք կար էրկանը ձեռքը, որ հիմա շուարած ապշած կը մնար այս մեծ կորուստներուն վրայ, զորս դարմանելու անկարող կ՚զգար ինքզինքը։

Կինը, քինախնդիր ու ոխերիմ իր ատելութեանը մէջ, կը յանդիմանէր անոր ապիկար ձեռնարկութիւնները։

Հօրդ հարստութիւնը ստակ չըներ, էրիկ մարդ ըսածդ ինքը վաստկելու է, դուն կորսնցնելէ ուրիշ բան ըրած չունիս։

Ստոյգ էր. երեք տարուան միջոցի մը մէջ՝ իր դրամագլխին կէսը կորսնցուցած էր այս թմրեցուցիչ դեղին վրայ կատարած շահադիտութենէն. էրիկը իր յանցանքը կը խոստովանէր, մեղմիւ, քիթին տակէն.

Սա՜ աֆիօնը…

Օխ, տասն անգամ ըսի քեզի, դուն գործի մարդ չես. ես քեզմէ տասն անգամ աղէկ եմ, ուզածիս չափ դրամ կրնամ շահիլ։

Չէր բացատրեր ինչ կերպով. բայց էրիկը կը հաւատար, ու կինը յաղթական ոտքի կ՚ելլէր, կարմրած, գունագեղ ու պաշտելի իր ոխակալ ամբարտաւանութեանը մէջ. միւսը ինքզինքը պաշտպանել կը ջանար լուրջ ձեւ մը առնել ուզելով.

Կ՚աղաչեմ Նարդիկ։

Կնոջը քրքիջը իր ձայնը կը խափանէր. խնդալէն կը մարէր էրկանը ապշած ձեւերը ու անիմաստ խօսքերը կրկնելով, ճարտարութեամբ ձայնը նմանցնելով խորէն, անդունդէն եկող խուլ, սնանկանալու մօտ վաճառականի մը ձայնը.

Կ՚աղաչեմ Նարդիկ…

Ու վայրկեան մը վերջը կ՚աւելցնէր արգահատութեամբ դիտելով զինքը.

Բէք շիրին ես։