Լուռ ցաւեր

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
Fiction  

Սիրոյ համար ձանձրոյթէ աւելի մահացու բան չկայ. Տիկին Յովսէփեան յուսաց, սպասեց, բայց վերջապէս ձանձրացաւ, մինչդեռ երիտասարդը իր սիրոյ մոլեգին ու անյագուրդ ցանկութեամբ կը տառապէր. երբեք պատշաճ առիթ մը չկրցաւ գտնել ոչ իսկ համբոյր մը առնելու այն սիրատենչ շրթունքներէն։

Յետոյ ստակի նեղութիւնը՝ իր հեռաւորութիւնը ու ստորնութիւնը եկաւ յիշեցնել. այս վիհը, անյատակ ու ահարկու, երեւցաւ իր սարսափած աչքին. հիմա ա՛լ ոչ դաս կար եւ ոչ ստակ. շաբաթ մը առաջ իր վերջին դրամը առած էր պանքայէն. պարտքեր ըրած էր, ինքը որ ամեն ամիս տասը փարա պարտական մնալ չէր գիտեր. ո՞ւր գացեր էին իր դրամները. սենեակին մէջ ձեռնոցներու տուփը աչքին դպաւ՝ գոյնզգոյն հաւաքածոյով. ու իր գաւառացիի լուրջ միտքը արթնցաւ։ Չհամարձակեցաւ ապագայի վրայ խորհիլ. իրեն սփոփանք մը կը մնար, Տիկին Յովսէփեանը՝ իր անձնուէր ու հաւատարիմ կնոջ սիրովը. եւ սակայն, իր անկման եւ աղքատութեան մէջ, ա՛լ չպիտի կարենար ներկայանալ անոր տունը, եւ հեռուէն միայն, ուրիշներու հետ պտըտած, ժպտած ատեն պիտի կարենար տեսնել Նարդիկը, ինչպէս պարահանդէսի գիշերը դիտած էր անկիւն մը քաշուած։

Այս մտածումներուն մէջ իր աղքատիկ սենեակը չարաշուք գոյն մը ստացաւ, անձնասպանութեան գաղափարը փայլակի մը պէս անցաւ իր մտքին մէջէն։

Այն գիշեր դուրս չելաւ իր սովորութեանը հակառակ ու մինակը իր կեանքին հաշիւը փնտռեց. գաւառը, Պոլիս գալը, պանդուխտ դպրոցականի կեանքը, դասատուի նուաստ անցեալը, բոլորը ողբալի պատկեր մը կը կազմէին, եւ այս ամենուն վրայ արեւ մը կը ծագէր լուսաւոր, պայծառ, կնոջ մը ակնարկը որ իր բոլոր թշուառութիւնները համակրելի կը դարձնէր. կէս գիշեր էր. հագուեցաւ առանց գիտնալու ինչ ընելիքը, դուրս ելաւ, փողոցը, որ կողմ երթալիքը չգիտնալով։ Մեծ Փողոցին մէջ ուշադրութեան արժանի բան մը չգտաւ, եւ գիշերը՝ մութին կը թափառէր աննպատակ, երբ յանկարծ ծանօթ տան մը առջեւ տեսաւ ինքզինքը. Յովսէփեաններու տունն էր, լոյս կար, բազմութիւն կար, խնդալու ձայները մինչեւ փողոց կը հասնէին։