Լուռ ցաւեր

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

Միացեալ Ընկերութեանց Տնօրէն Խորհուրդին կ՚անդամակցէի. կարող պաշտօնեաներ կը փնտռէինք մեր լուսաւորութեան գործին ծառայելու, անձնազոհ ու համեստ մարդեր որոնք իրենց միտքն ու հոգին նուիրեն առանց աղմուկի, պարտականութիւն մը միայն կատարող մարդոց պէս. կը փնտռէինք ու չէինք գտնէր։

Երիտասարդ մը ներկայացաւ մեր ժողովին. Դաւիթեանն էր։

Պաշտօն խնդրելու կուգար Ընկերութեան վարժարաններուն մէջ. իր վրդոված դէմքէն կրած տառապանքը կը հասկցուէր. նիհարցեր, աչքերը հորը ինկեր էին. յանձնարարեցի զինքը ու յարմար պաշտօն մը փնտռեցինք. Ալաշկերտի վարժարանին տնօրէնութիւնը բաց էր. ընդունեց, աղաչելով միայն որ կարելի եղածին շուտով ճամբայ ելլէ։

Ժողովէն վերջը առանձին տեսնուեցայ հետը. իր կսկծալի պատմութիւնը ըրաւ ինծի. կորսնցուցած դիրքը, երկու հարիւր ոսկիի չափ դրամին հատնիլը, չքաւորութիւնը աչքի առջեւ, եւ սրտին մէջ այս յաւէտ սիրեցեալ կնոջ պատկերը։

Վերջերը ա՛լ սկսեր էր իր երեսը չնայիլ. ուրիշներ, աւելի փորձ ու ճարտար սիրոյ արուեստին մէջ, վայելած էին զայն եւ ինքը իր չքաւոր բանաստեղծի սիրոյն ու պարկեշտութեանը մէջ մոռցուած էր։

Տիկին Յովսէփեան Բերայի ամենէն ըղձալի կինը կը մնար. իրեն անգամ մը մօտեցողները տարփանքով ախտացեալ ու վարակեալ կը հեռանային։

Ապաքէն ոչ ոք իր հրապոյրներուն մենաշնորհը ունէր. ամենունը ըլլալ կը բաղձար այս կինը քանի որ իր էրկանը չէր. նոր անկում մը իր տարփանքին վայելքը ու սաստկութիւնը կ՚աւելցնէր։

Շաբաթ օրը աւստրիական թղթատարը կը մեկնէր եւ ուսուցիչը նոյն օրը ճամբայ ելլել որոշած էր. խոստացեր էի ուղեկից երթալ իրեն մինչեւ շոգենաւ ու խոստումս պահեցի։

Իրիկուան ժամը իննին մեկնեցանք ընկերութեան գրասենեակէն. բեռնակիր մը առջեւնուս կը տանէր ուղեւորին համեստ սնտուկը. ձիւնը կը տեղար հանդարտ օդով մը ու ծուլութեամբ կը տարածուէր, կը փռուէր ցեխոտ մայթերուն վրայ. ամեն անձ ու ամեն տարիք կը կոխէր կ՚անցնէր անոր կաթնաթոյր երեսին վրայէն, հոն թողլով իր գարշապարին աղտոտ դրոշմը. ձիւնը կուգար կը հանգչէր, երջանիկ այս կոխոտումներուն տակ։

Բաղդատութիւն մը եկաւ միտքս այս կնոջ եւ այս ձիւնին միջեւ. ապաքէն երկուքն ալ միեւնոյն ճակատագիրը ունէին։

Մաքսատան մէջ ճամբորդները կը լեցուէին անհամբեր, հակերու, սնտուկներու, ծրարներու մէջերէն քալելով։ Քարափին վրայ, այս եզերքէն ուրկէ ուղեւորութիւնը կ՚սկսէր ալ, վերջին անգամ արտասանեց մեղմիւ Տիկին Յովսէփեանի անունը.

Նարդիկը չպիտի տեսնեմ ալ։

Լացաւ. յետոյ իր գաւառացիի տոկուն բնաւորութիւնը յաղթեց։

Այս քաղաքին մէջ բոլորովին թուլասիրտ մէկը դարձեր եմ։

Շոգենաւին մէջ շատ չկրցանք խօսիլ ու ինքը մտազբաղ կը դիտէր այս ցուրտ օդը, ու բամպակի գուզերու պէս տեղացող ձիւնը որ կը յիշեցնէր իր պարահանդէսէն ելած առտուն, ճիշդ տարի մը առաջ։ Ճշմարիտ վաղորդայնը այս ուղեւորութիւնն էր ահա որ գաւառացի տղան կը խզէր ախտացեալ մայրաքաղաքին մոլութիւններէն՝ իր պարտականութեան առաջնորդելու համար։