Լուռ ցաւեր

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

Հետզհետէ, քանի որ կը խօսէր, Զմարաղտային այտերը կարմրեր էին. վերջի բառերուն՝ ոտքի ելեր էր. իր սրտմտած աղուորութիւնը, սրտաբուղխ պերճախօսութեամբը բոլորովին հմայող բան մը դարձեր էր. վէս ու ամբարտաւան դիրքով մը կանգներ էր դէմս, ասպարէզ կարդալով կարծես ինծի՝ որ իր խօսքերուն ունկնդրելէ աւելի լանջքին յարոյցքը կը դիտէի: Եւ յաղթուած ընկճուած իր դէմը, հիմակ ա՛լ աւելի զայրագին իղձով մը լեցուեր էի. հլու, քամակս ծռած իր դիմացը, եւ պաղատագին ձեւով մը՝ իբր ճշմարիտ քաղաքացի, անմիտ ու թուլ արարած, փոխանակ վիճելու հետը՝ մօտենալ ուզեցի իրեն. բիրտ ոյժով մը ետ հրեց իրեն կարկառուող ձեռքերս՝ աղտոտ ու գարշ բանի մը հպումը արգիլելու պէս, եւ դուրս փախաւ: