Լուռ ցաւեր

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
Fiction  

Հազար ութ հարիւր ութսունըչորսի սկիզբները վիրաբուժական պզտիկ գործողութեան մը համար Բերայի Գերմանական Հիւանդանոցը տարին զիս: Տասնըհինգ օրի չափ պիտի մնայի հոն. այսպէս հաւաստեցին ինծի զիս տարած ատեննին: Իրօք, երեք ամիս մնացի այն տեղը: Մաս մը հիւանդութիւնս պատճառ եղաւ ասոր, մաս մըն ալ հոնկէ դուրս ելլելու դժկամակութիւնս: Լսուա՞ծ բան է հիւանդի մը, բժշկուելէն ետքը, հիւանդանոցին մէջ ապրելու փափաքը: Տղայութեան ատեն` դպրոց չերթալու համար սուտ հիւանդ ըլլողներ շատ են. բայց քաջառողջ երիտասարդի մը` ազատ ու աղուոր օդը ձգելով, անկողնի մը մէջ ամիսներով մնալու յօժարիլը շատ չի պատահիր:

Իմս այս տեսակէն էր. վերջ ի վերջոյ երեւան ելաւ իմ հիւանդութեանս կեղծիքը. բազկերակիս կանոնաւոր զարկը, կարմիր երեսներս ու գլխաւորապէս զօրեղ ստամոքսի մը պահանջումները խօսք մէկ ըրին իմ հնարքս երեւան հանելու համար. բայց ասոնցմէ աւելի կարծեմ թէ թուլբերանութիւնս էր, որ ամեն բան յայտնի ըրաւ: Այնպէս որ օրին մէկը ըսին ինծի թէ հիւանդանոցին մէջ մնալու պատճառ մը չունէի այլեւս եւ թէ հիւանդանոցը պանդոկ մը չէր: