Լուռ ցաւեր

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

Հիւանդանոց մտնելուս չորրորդ օրը, կարծեմ, վիրաբուժական գործողութիւնը կատարեր էին. քլօրօֆօրմին պարգեւած անզգայութեան տակ` դանակի յօշոտումները չիմացայ: Խելքս գլուխս եկած ատեն` երկարատեւ ընդարմացումէ մը ելլող մարդու խոնջէնքէն, վարանումէն զատ բան մը չկար վրաս: Եթէ վէրքս կապող ճերմակ լաթերը չըլլային, եթէ քովս հսկող Գթութեան Քրոջ` շարժում չընելու պատուէրը չլսէի, հիւանդանոց մտած օրէս ի վեր վրաս փոփոխութիւն մը կատարուած ըլլալուն չպիտի հաւատայի բնաւ:

Զգայութեանս վերադարձին հետ սակայն պզտիկ ու խորունկ անհանգստութիւն մը որ տակաւ ցաւի կը փոխուի, կտրուած պատռուած միսերուս, ջիղերուս ցաւը, սուր ու զայրագին բան մը, որ հետզհետէ սաստկանալով` հիմա անկողնէն դուրս նետուելու կը մղէ զիս: Կ՚երեւայ թէ ասիկա նախատեսուած է արդէն, վասն զի Գթութեան Քոյրը, որ քովէս չէ բաժնուեր վայրկեան մը, կը սրտապնդէ զիս.

Հիմա կ՚անցնի, համբերէ, տղաս, տեղէդ մ՚երերար, որովհետեւ վէրքդ կը քակուի եւ շատ գէշ կ՚ըլլայ վերջը:

Ցաւիս աւելնալէն` հեծեծանքս սենեակս կը լեցնէ, այնչափ որ գտնուած տեղս չսեպելով` ձայնս ալ կը բարձրանայ ճիչերով ու աղաղակներով:

Սնարիս քով փայտէ աթոռակի մը վրայ Քոյրը նստած է, շարունակելով իր սփոփիչ խօսքերը, վարժ բերնով մը, գրեթէ գոց եղած պարբերութիւններ զորս հարկաւ, մինչեւ ինծի գալով, հարիւրաւորներու ալ կրկնած է շարունակ.

Հիմա պիտի անցնի, բան մը չէ ասիկա, ա՛լ բոլորովին աղէկցած ես:

Աղէկցա՞ծ. ինչպէ՞ս, երբոր ցաւերս վայրագ ու ահարկու բան մը կ՚ըլլային այս պահուս, այն աստիճան, որ անդիմադրելի փափաք մը կ՚զգայի քակելու նետելու վէրքիս կապերը, ու մարմնիս խորէն, չեմ գիտեր ո՛րտեղէն, քաշելու փրցնելու` զիս չարչարող միսերը ու գործարանները բոլոր: Անկողնին մէջէն պզտիկ մը երերալուս Քոյրը ուշադիր կը սրդողէր:

Մի՛ շարժիր, ո՛չ, այդ բանը չըլլար, կ՚ըսէր ոտքի ելլելով, կը սրդողիմ: