Լուռ ցաւեր

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
Fiction  

Երեսը նայեցայ շիտակ մը` այս «կը սրդողիմ»ին վրայ. խե՞նթ էր, ի՛նչ էր այս կինը, որ տառապանքիս զարհուրանքը չէր հասկնար բնաւ: Անհաւատալի՜ բան. իր մեղրամոմի հատնումովը հատած, տժգունած դէմքին վրայ տեսածս` կարեկցութիւն մը չէր, այլ հրճուանք մը կարծես. իր պզտիկ, ամփոփ եւ երկու դիէն վեր առնուած բերնին ու շուրթերուն վրայ ժպիտ մը, յայտնի ուրախութեան մը ժպիտը, կը գծագրուէր ու կ՚աղուորցնէր զինքը:

Ցաւիս տագնապներուն մէջ ու պոռալս շարունակելով հանդերձ, ուշադրութեամբ կը դիտէի զինքը իր կեցուածքին մէջ. այնքա՜ն տարօրինակ եւ անհարկի կը գտնէի այս ցնծութիւնը իմ գլխուս վրայ: Նրբացողուն ծաղիկի մը կը նմանէր. բարձրահասակ ու քիչ մը նիհարկեկ, վայրահակ սիրուն գլուխով մը` որուն վրայ մարապետներուն ճերմակ գլխանոցը երկու թեւերը բաց աղաւնիի մը թառիլը կը յիշեցնէր: Յստակ ու խոշոր աչքերուն մէջ թոնուտ երկինքի մը կապոյտը կար: Իր մութ կանանչ չուխայէ շրջազգեստը հարկաւ ո եւ է պերճութիւն չունէր, բայց անոր հասակին շքեղութեանը կը վայլէր այս պարզութիւնը եւ, քօռսէ չդնելուն հակառակ, մէջքին նրբութիւնը աչքի կը զարնէր դարձեալ:

Պէտք է հաւատալ թէ ցաւիս սաստկութիւնը քիչ մը մեղմացած ըլլալու էր, քանի որ այսքան մանրամասն կրնայի այս կնոջ պատկերը վերլուծել: Դէմքին վրայ սակայն` ծաւալող դեղնութեանը հետ` չափահասութեան տարիներու աննշմարելի հպումը կար: Ամենէն աւելի իր ուրախութենէն աղուորցած դէմքին արտայայտութիւնը զիս կը գրաւէր ու քիչ մը կը զայրացնէր:

Ցաւ մը ունեցած պահուդ կ՚ուզես որ դէմի մարդդ ալ ցաւի ու կսկիծի մէջ ըլլայ. վիշտը միակ ինչքն է զոր մարդս կը յօժարի, մինչեւ անգամ կը պահանջէ, որ ուրիշին հետ բաժնէ: Եւ ահա իմ քովս կին մը որ իմ տառապանքիս առջեւ հրճուելու, ակնդէտ սպասուած հաճոյք մը ըմբոշխնելու երեւոյթ մը ունի: Զիս քաջալերելու համար լեզու թափած միջոցին ներքին ցնծութեանը ցոլացումը կը տեսնեմ այդ թալուկ երեսին վրայ, ինչպէս կանթեղի մը ապակիին գոյնը որ ներսի լոյսին վառելովը յայտնի կ՚ըլլայ:

Սկիզբները այս տպաւորութիւնս վերագրեցի իմ եսասիրութեանս. դիմացինիս ինծի համավիշտ չըլլալէն առաջ եկած դժգոհութիւն թերեւս: Ստոյգը սա է որ անիկա իր խնամոտ հոգածութիւնը անպակաս կ՚ընէր վրայէս. վէրքիս պատանքը փոխուած օրերուն ներկայ էր միշտ, ու իր ձեռքով կը կատարէր դարմաններս: Օր օրի վէրքս կը գոցուէր ու առողջութիւնս տակաւ կը վերադառնար. բայց այդ համեմատութեամբ ալ մարապետին երեսէն անոյշ ժպիտը կը պակսէր, իրիկուն եղած ատեն լեռներուն ետին պահուըտող արեւու ճառագայթի մը պէս: Հիմա առաջուան պէս չէր կենար քովս եւ կը վազէր ուրիշներուն քով, անոնց որոնց ցաւագին աղաղակները, պատերուն հաստութիւնը ճեղքելով, մինչեւ ականջս կը հասնէին երբեմն: Ու վերադարձին իմ մօտս, ուրախութեան եւ հրճուանքի ժպիտը, այն` որ իմ ցաւերուս ամենէն զայրագին միջոցին կ՚ընդնշմարէի իր դէմքին վրայ, կարծես թէ շուրթերուն վրայ էր, մարելու աներեւութանալու կոչուած ժպիտը` երբոր ինծի կը մօտենար: