Լուռ ցաւեր

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

Սենեակէս ելլելէն վերջը ի՞նչ գնաց ըսաւ հիւանդանոցին մեծաւոր մարապետին: Սա գիտեմ միայն որ հետեւեալ օրը անդարձ կերպով որոշեցին իմ մեկնումս. դուրս ելլելու պատրաստութիւններս երկարցուցի, սպասելով որ վերջին անգամ տեսնեմ զինքը. բայց չկրցայ տեսնել: Եւ, տարօրինա՜կ բան, իր բոլոր գուշակածները ելան. զինքը տեսնելու կարօտս մարեցաւ տակաւ. օրական զբաղումները, կեանքի պայքարը, սրտիս ամեն ծաղիկներուն պէս, ճզմեց չորցուց եւ փոշի ըրաւ այս երազս ալ:

Բայց Քոյր Էմիլիէի յիշատակը մնաց մտքիս մէջ, գրքի մը էջերուն մէջ մոռցուած տերեւի մը պէս քիչ մը տժգունած:

Միայն, ինչպէս որ ապսպրած էր ինծի, տարի մը վերջը, Թաքսիմի կողմերը պտըտած մէկ օրս, Հիւանդանոց գացի զինքը հարցնելու համար:

Հազիւ ամիս մըն էր որ տարափոխիկ հիւանդութիւն մը` ութ օրուան մէջ` առեր տարեր էր զինքը:

Անոր պէս հիւանդապահ մը չի գար մէյ մըն ալ, ըսաւ մեծաւոր մարապետը գլուխը երերցնելով:

Այս եղաւ իր բոլոր դամբանականը: