Այլ նորավէպեր

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

Մարդկութեան տեսակէտով՝ որբանոցը հիւանդանոցէն շատ աւելի բարձր ու շատ աւելի սրբազան հաստատութիւն մ՚է. վասն զի որբութիւնը դժբաղդութեանց ամենէն գերազանցը ու ամենէն նուիրականն է։

Այն անհաւասար մարտին՝ զոր զօրաւորը յաւիտեան կը մղէ տկարին դէմ, որբութիւնն սկիզբն է։

Ետիգուլէի մէջ ազգն հիւանդանոց եւ որբանոց մ՚ունի. մահը՝ այս երկու հաստատութեանց մէջտեղը մնացած է միշտ. իրմէ առաջ կուգայ հիւանդութիւնը, ու որբութիւնը իրմէ վերջը. մահը՝ տարօրինակ ու անխուսափելի միութեան գիծ մ՚եղած է այս երկու աղէտներուն մէջ։

Որբութիւնը՝ տղայութիւնն է որ գերեզմանի մը եզերքէն առաջին անգամ կը դիտէ մահը։

Վարժարանին մէջ Ներսէսի աշակերտութեան տարիներն անցան ամեն տղայութեան տարիներուն պէս դիւրասահ։

Դպրոցին մէջ քիչ շատ առջի անառակն էր, միշտ աւելի խաղի քան դասերու հետամուտ. ի բնէ բարի ու ընկերասէր, բայց անիրաւութեանց դէմ ըմբոստ ու խրոխտ։

Ո՜րքան դառն փորձերու ենթարկուեցաւ Ներսէսի այս բնաւորութիւնը Հիւանդանոցին մէջ. իւր ուղիղ ու վայրենի դատողութիւնն երբեք չի համակերպեցաւ հոն տեսած անիրաւութիւններուն. զա՜րմանք որ այդ զրկեալներու վայրին մէջ ալ զրկանքներ տեղի կ՚ունենային։ Շատ հեղ պատահեցաւ որ Ներսէս ծեծ ուտէր իւր ընկերոջ յանիրաւի պատժուելուն դէմ բողոքելուն համար։ Դաստիարակն՝ որուն այս տղոց հսկողութեան հոգն յանձնուած էր, Աստուծմէ ու մարդոցմէ դժգոհ, խստասիրտ ու անտանելի ծերունի մ՚էր որ իր բաղդէն կրած ձախորդութիւններուն վրէժը իր խնամոց յաձնուած անմեղ տղաքներէն կը լուծէր։

Կառավարիչներու, հին վարժապետներու այն հազուագիւտ տիպարներէն մին էր, որոց այսօր հետաքրքրաշարժ հրէշի մը նայելու պէս կը նայինք։

Դանիէլ պատուելին՝ կարճահասակ ու բարբարոս ծերուկ մ՚էր որ ինքզինքը պզտիկ թագաւոր մը կը նկատէր միշտ իր սրահին մէջ. դիւրաթեք՝ բայց անբեկանելի գաւազան մը, իւր արքայական ահարկու մականն էր անշուշտ. իր գաղափարը, իր աւանդութիւններն ունէր այս մարդն ուսուցչական ասպարէզին վրայ։

Հիմակուան վիճակը, նախատեալ ու արհամարհեալ, կը վերագրէր նախկին վարժապետաց ու տիրացուներու պակսելուն։ Ինքը դեռ յոխորտ յամառութեամբ մը անոնց սովորութիւններն ըստ կարի կը պահպանէր. իւր բթացած ուղեղովը կը մտածէր թէ վարժապետի մը համար ներելի չէ երբեք ժպտիլ իր աշակերտաց առջեւ։ Դժնեայ ու անողոք մարդ մ՚էր որուն սրտէն ծերութիւնը ամեն մարդկային գորովոյ զգացում ջնջած էր։

Աշակերտները կը դողային իրմէ. ու Հիւանդանոցին հոգաբարձութիւնն ինքն իրեն կը կարծէր թէ լաւագոյն դաստիարակն ունէր իր դպրոցին մէջ։

Ամեն աշակերտ ըստ կարի չէզոքացնելու կը ջանար այս կառավարչի դէմքով մարմնաւորեալ կատաղութիւնը. մին՝ ամենէն երջանիկն աշակերտաց մէջ, վարժապետին ծառայութեանը յատկացած էր. անոր մաքուր ջուր, սիկառին կրակ տալ, տնտես ախպարը կանչել, ասոնք էին իր առանձնաշնորհումները որք պատժական խստութիւններէն զերծ կը կացուցանէին զինքը. ուրիշ մի քանիներ, սովորաբար է՛ն գեղեցիկներն այս տարաբաղդ մանկանց մէջէն, կառավարչին նախամեծար ու սիրելի աշակերտներն էին։

Վարժապետին աչքը մտնալ՝ այս էր հէք տղեկներուն միակ փափաքը, մինչդեռ իրենց մանկական ու դառնացեալ սիրտը խուլ զայրոյթով կը լեցուէր այս մարդուն դէմ։

Ինքը ամենէն լաւ տեղեակ էր իր շուրջը տիրող ատելութեան հոսանքին. իր ծանօթ ու յայտնի հակառակորդները, թշնամիները ունէր պատանեաց մէջ. եւ Ներսէս այդ հակառակորդներուն հռչակեալ պարագլուխն էր միշտ։

Հետզհետէ մթին ու ահարկու բան մը կ՚ըլլար այս տղուն ու այս ծերունւոյն մէջի ատելութիւնը. վարժապետը պարգեւ կը խոստանար Ներսէսի յանցանքն իմացնողներուն, իբրեւ թէ մարդասպանի մը գլուխ մը փափաքէր ձեռք անցընելու. եւ խեղճ մանուկները, վարժապետին շնորհաց արժանանալու յաւիտենական տենչէն փորձուած, կ՚երթային պատանւոյն բոլոր շարժումներն հաղորդել իրենց վարժապետին. այս օր գրասեղանը տաշած էր զմելիով, միւս օրը դասագիրքէն էջ մը թուղթ պատռած. այն ատեն քրէական յանցանքներէն բորբոքեալ վարժապետին կատաղութիւնը չափ չունէր։ Ի՜նչ ապերախտ սիրտ որ Հիւանդանոցին գոյքը կը փճացնէր. ո՛չ, գաւազանի սովորական հարուածներն անզօր էին Ներսէսին դէմ ու խստագոյն բան մը կը փնտռէր անոր դէմ առանց գտնալու։

Ներսէս իւր կողմանէ պարապ չէր կենար։ Դանիէլ պատուելիին փոքր ու մեծ ամեն ձեւով ու չափով ծաղրանկարները վարժարանին բոլոր պատերուն, գրասեղաններուն, դասագիրքերուն վրայ կային. վարժապետը տեղ մը չէր կրնար երթալ առանց ածուխի կամ կապարի կտորով նկարուած իւր դէմքը տեսնելու. ի զուր մաքրել ու սրբել կուտար այս ծաղրաշարժ պատկերները. ժամ մը վերջը Դանիէլ պատուելիին ամեն դիրքով նկարները, կռնակի վրայ պառկած, աշակերտաց առջեւ ծնրադրած, կամ դագաղի մէջ դրուած, նորէն պատերը կը ծածկէին։

Այն ատեն վարժապետին Ներսէսին տուած բոլոր անտեղի պատիժները, փոքրիկ զրկանքները, շատ չնչին մնացին այս անլուր ընդդիմութեան դէմ. վարժապետը այս անհաւասար մարտին մէջ պարտեալն էր միշտ եւ կը գանգատէր որ ծեծելու արտօնութիւն միայն ունէր դպրոցին մէջ. իր կարծեօք կախաղան հանելու իրաւունքն ալ իրեն պէտք էր տրուիլ, Ներսէսին դէմ ի գործ դրուելու համար։

Օր մը կախաղանէն լաւագոյն բան մը հնարեց այն գազան-դահճի խորամանկութեամբ զոր տղայոց տկար ու զօրաւոր կողմերը ճանչնալով ստացած էր։

Ուրբաթ օր մը կատաղի յիմար մը բերեր էին Հիւանդանոց. հուժկու ամեհի մարդ մը զոր իւր հաստ չուանէ կապանքներու մէջ դեռ վեց հոգի հազիւ կը զսպէին։ Ներսէս յիմարներէն կը վախնար ու սարսափահար կը նայէր այս ահեղ մարդուն որուն արիւնալից աչքը կարծես թէ իրեն կ՚սպառնար։

Դանիէլ պատուելիի սիրտը առջի անգամ ըլլալով թերեւս ուրախութենէ դողաց Ներսէսի սարսափը տեսնելով. անոր անզգաստ ու անուղղեայ անունը շատոնց հանած էր եւ այս անառակն ի զգաստութիւն կոչելու համար երեք օր չոր հաց եւ երեք օր բանտարկութիւն տնօրինեց։

Ներսէս իւր կրած պատժոց վրայ խորհրդածող չէր. բայց երեք օր բանտարկութիւնը պատժոց խստագոյնն երեւցաւ իւր աչքին։ Չզիջաւ սակայն ներումն կամ պատժոյ թեթեւացում խնդրելու պատուելիէն ու հպարտ եւ բարձրագլուխ տնտես ախպօր հետեւեցաւ հաստատ ու ամուր քայլերով։

Վարժարանին բանտը վարի յարկին մէջ բաւական կոկիկ սենեակ մ՚էր։ Տնտես ախպարը, պատուելիէ ստացած հրահանգին համեմատ, հոն չառաջնորդեց Ներսէսը, այլ դէպի յիմարանոցն ուղղուեցաւ. պատանին շփոթած ու անմրմունջ կը հետեւէր երբ յիմարապետին որոտընդոստ ձայնը զինքը կասեցուց։

Տնտես ախպարը, կոշտ ու կոպիտ վանեցի բեռնակիր, յառաջ մղել ուզեց զայն. Ներսէս ընդդիմացաւ, մինչդեռ տնտեսն իր բանտապահի իշխանութիւնն անարգուած տեսնելէն զայրացած իր բոլոր ոյժովը պատանին յիմարանոցը կը քաշկռտէր։

Կարճատեւ, աղիողորմ ու սարսափելի եղաւ այս պայքարը, որուն յիմարապետն ալ եկեր մասնակցեր էր։

Խօսիլ, շունչ առնել անգամ չի տուին Ներսէսին, զոր զօրեղ ու անդիմադրելի բազուկներ անհաւատալի կոշտութեամբ քուրջի մը պէս քաշելով, հրելով, մշտելով զնտանը առաջնորդեցին։

Ներսէսը չէր լացեր։