Այլ նորավէպեր

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

Ժամ մը առաջ իր սովորական պտոյտին ելած էր ծովուն վրայ. Սահակը մակոյկը բերած էր ու հանըմը կը պտըտցնէր ծովուն կապոյտ ու անջինջ երեսին վրայ. Պէօիւքտէրէցի տղայ մը որուն յաղթ կազմուածքը կատարեալ երիտասարդի մը երեւոյթը կուտար իրեն։ Իւր հայրն այս տանը մէջ քսան տարի իբր նաւավար աշխատած էր, ու ինքն ալ տարի ու կէսէ ի վէր, հօրը տեղ կ՚աշխատէր հիմա. զաւկի մը պէս կը սիրէին զինքը. պզտիկուց ի վեր կէս մը այս տան մէջ մեծցած էր. կը յիշէր, հիմա թիավարելով իր հանըմին դէմը, կը յիշէր իրենց տղայութիւնը, հանըմին հետ միասին վարպետ տուտուի գացած ըլլալնին, շատ աղէկ միտքն էր մսավաճառին քովի տունը ուրկէ ինքը ցորեկէն վերջ կը փախէր միշտ ծովեզերքը, յոյն ընկերներու հետ գուգուճ եւ խայտռախ խաղալու համար։

Դառնութեամբ, ցաւելով, ինքզինքը յանդիմանելով կ՚ըսէր թէ մարդ եղած չէր ինք, ու այսպէս նաւավար մնացած էր հօրը պէս։

Կը խօսէր, մինչդեռ ալիքները մեղմիկ կը փայփայէին նաւակին կողերը ու կը հեռանային եզերքէն հոսանքին մէջ. օդը իրիկուան զովութեան տեղ ընդհակառակը տաք ու հեղձուցիչ կը դառնար։

Տիւրիւկ չէր պատասխաներ նաւավարին պատմած մանկութեան յիշատակներուն, բայց ինքն ալ կը յիշէր այդ օրերը ու կ՚ունկնդրէր առանց ընդմիջելու. ինքն ուրիշ խորհուրդներու մէջ մտաշրջիկ, ակնարկն երկնքի եզերտից մէջ թափառիկ՝ չէր տեսներ իր դէմը թիավարող տղան որ իրենց մանկութեան մօտութիւնը յիշեցնելով կարծես հիմակուան հեռաւորութեան դէմ լռելեայն գանգատ մը կ՚ուղղէր։