Այլ նորավէպեր

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

Այս պզտիկ դէպքը ինծի պատմողը շնորհալի կին մըն է, քիչ մը տժգոյն, քիչ մը նիհար, աչքին կոպերը քիչ մը կտրած, քիչ մը խուսափող նայուածքով, այն՝ որ վեհերոտներուն յատուկ է. քիչ մը ծիծաղող վրաս, վասն զի կնոջական հոգւոյն ամեն առեղծուածները լուծողի հովեր կ՚առնեմ։

Պարո՛ն, ըսաւ անիկա երբոր միւս հիւրերը մէկիկ մէկիկ ձգեցին գացին եւ մինակ մնացինք երկուքնիս սրահին մէջ. այս վայրկեանիս ծանրակշիռ խոստովանութիւն մը պիտի լսէք ինէ։ Այո՛, պարոն, ես ամուսնացած կին՝ օր մը էրկանս դէմ անհաւատարմութիւն գործեցի։

Կ՚սպասէր որ աղաղակ մը արձակեմ կամ վրդովումի նշան մը տամ. ես, ընդհակառակը, աթոռիս վրայ լաւ մը զետեղուեցայ. ոտքս ոտքիս վրայ նետած կենցաղագէտ մարդու վարժութեամբ՝ պատասխանեցի.

Տիկի՛ն, ձեզի պէս գեղեցիկ կնոջ մը համար այդ եղելութիւնը զիս չի զարմացներ բնաւ։

Կ՚աղաչեմ, կ՚աղաչեմ, կրկնեց անիկա անհամբերութամբ. թողուցէք ձեր կնամեծար մարդու փաղաքշանքը. այս վայրկեանիս մտածող մարդուն հետ խօսիլ կը փափաքիմ. կ՚ըսէք որ անհաւատարիմ գտնուիլս, ես որ պատուաւոր կին մըն եմ, ձեզ չի զարմացներ եւ սակայն իմ գործած անհաւատարմութիւնս ձեզ պիտի ապշեցնէ անպատճառ, վասն զի էրկանս ներկայութեանն էր…

Տարակոյսի նշաններ դէմքիս վրայ։

Եւ նոյն իսկ օգնութեամբը, աւելցուց անիկա։

Կատակ կ՚ընէք, Տիկի՛ն։

Կը կրկնեմ, ի՛ր օգնութեամբը, բայց ո՛չ հարկաւ իր գիտութեամբը. փառք Աստուծոյ, վերջապէս քիչ մը զարմացած կը թուիք, կ՚ուզէ՞ք խօստովանութիւնս լսել եւ ի հարկին թողութիւն տալ։

Առան՞նց ապաշխարութեան, հարցուցի խնդալով։