Այլ նորավէպեր

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

Երկու տարի կայ Պէօիւքտէրէ եալը մը կը բնակէինք. հեռաւոր ազգականներէս երիտասարդ մը որ հոն հաստատուած էր, մեր տունը յաճախել սկսաւ։ Կանացի բնազդովս իսկոյն գուշակեցի որ մեծ տպաւորութիւն մը ըրեր էի իր վրայ։ Ան ալ վաճառականութեամբ կ՚զբաղէր. բայց բնաւորութեամբ որչա՜փ հեռու ամուսինէս. աւելի մոլորած մըն էր առեւտուրի ասպարէզին մէջ քան թէ անյողդողդ ուղեւոր մը էրկանս նման։ Խորհող քան թէ գործող, զգացող քան թէ արտայայտող մարդ մըն էր անիկա։ Իր անփութութեամբը տակաւ կը փճացնէր հօրմէն մնացած հարստութիւնը երբոր ուրիշներ մեծամեծ գումարներ կը դիզէին նոյն առուտուրին մէջ։

Եւ գոհ էր, կը վախնամ ըսելու երջանիկ, այսպէս ըլլալուն համար։ Խիստ լաւ կը խօսէր անգլիերէնը, քանի մը տարի Մանչէսթր ապրած ըլլալով, քիչ մը նկարել գիտէր. ամենէն աւելի երաժշտութեան անձնատուր էր։ Պչրանք մը կար կարծես այս տղուն կեանքի ըմբռնումին մէջ. պչրանք մը, որ ազնուական արհամարհանքէ մը կը ձեւանար այն բիրտ ոյժերուն դէմ որոնք մարդկութեան ճակատագրին մէջ այնքան մեծ տեղ կը բռնեն։

Քիչերն իրեն չափ գիտեն աղուոր խօսիլ. անակնկալներով դրուագուած, ապրուած կեանքի հատուածներով երբեմն խորունկ, երբեմն զուարթ դիտողութիւններով պճնուած խօսակցութիւն՝ որուն համար հոգի կուտամ ես։ Իմ առանձնութեանս համար բաղձացուած ընկերն էր զոր Դիպուածը դէմս հանած էր։

Ի՜նչ վտանգաւոր դիպուած սակայն. լեռան վերելքները հմայիչ տեսարաններ կը պարզեն մարդուս, բայց այդ սարաւանդակներուն քովերը որքան անդունդներ կը պահուըտին. վա՜յ հոնկէ սահողին։

Կ՚զգայի որ իմ ոտքս ալ կը սահէր ու դէմինս ատով համարձակութիւն կ՚առնէր։ Անոր աղերսներուն մէջ, նայուածքով պատմուած, կէս բառերով արտասանուած վեհերոտ ու քաղցր աղերսներ, իր ընկճուիլս կը տեսնայի։ Իր լուռ պաշտումը զիս կը պաշարէր առտու իրիկուն, տունը, փողոցը, ամեն ժամ եւ ամեն տեղ, չորս դիէս կը մօտենար, մեղմիւ բայց անընդհատ, ջուրին պէս աճելով շարունակ։ Եւ ես կոչում կ՚ընէի իմ պարտաւորութեանս, իմ պատուիս, բոլոր այն սկզբունքներուն որոնցմով մեծցեր էի, իբրեւ թէ այս բարձրացող ջուրին դէմ մինչեւ ոտքիս մատուըներուն վրայ կենալով բարձրանայի ես ալ, դիմադրելու եւ չընկղմելու համար։

Օր մը նամակ մը տուաւ ինծի այն անդիմադրելի ու խանդոտ լեզուովը գրուած որ իրեն յատուկ էր։

Երջանկութեան կոչո՜ւմս որուն խորունկ արձագանգովը բոլոր հոգիս դղրդաց։ Վճռական վայրկեան էր աս կանացի կեանքին մէջ։