Յօդուածներ (1878-1914 թթ.)

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ԹԷ Ի՞ՆՉ ՇԱՀԵՑԱՆՔ ՊԷՐԼԻՆԻ ՎԵՀԱԺՈՂՈՎԷՆ

Այս վերնագրով տետրակ մը տեսնուեցաւ պատրիարքական պատուիրակաց թարգման-քարտուղար Մինաս Չէրազ էֆ. ստորագրութեամբը։

Հեղինակը՝ իբր ներքնապէս տեղեակ ազգային հայկական անուանեալ դատին, եւ իբր ականատես վկայ, հայ պատուիրակաց գործած գործերուն վրայօք տեղեկութիւններ տալ, աւետիսներ ազգին բերել եւ Պէրլինի Վեհաժողովէն ի՞նչ շահեցանք ըսողներուն պատասխանել կը ձեռնարկէ։

Սակայն գործուած գործերէն՝ Մարտ 8ին Խրիմեան Սրբազանին հետ Կ. Պոլսէն մէկնելնէն եւ Յլս. 30ին Կ. Պոլիս վերադառնալնէն զատ ուրիշ բան չպատմեր ականապես պատմիչ եւ թարգման-քարտուղարը՝ հակառակ իր խոստմանն ու առաջադրութեանը։

Տետրակին հեղինակը՝ իբր պարզ պատմիչ «չպիտի շեղիմ դիւանագիտական լեզուէն. ինչպէս որ կը պահանջէ պաշտօնս» կ’ըսէ. այլ սակայն անմիջապէս մէկ քանի տող ետքը Հռովմայեցւոց պատմութենէն ընդարձակ էջ մը կը յօրինէ՝ «Պայթած էր Երկրորդ պունիկեան պատերազմն…» ըսելով։

Մարդս զայս տողերը կարդալով, ինքզինքը դպրատան մը դասարանին մէջ կը կարծէ, եւ սակայն դիւանագիտական լեզուէն չպիտի շեղիմ ըսող նորահաս տիբլօմաթն է գրողը. եւ ինչո՞ւ. պատմական օրինակով մը հասկցնելու համար, թէ «ինչպէ՞ս վարուելու էր մեր ազգը Ներսէս Վարժապետեանի հետ, եթէ Պէրլին ջնջած իսկ ըլլար Հայաստանի յոյսերը»։

Ասկէ ետեւ նորահաս տիբլօմաթը կ’անցանի հաստատելու, թէ Հայոց ազգը մեծապէս շահեցաւ Պէրլինի Վեհաժողովէն, եւ այդ նպատակին հասնելու համար նախ կը պատմէ, թէ ի՞նչ վճռած է եւրոպական դիւանագիտութիւնն ազգային դատին նկատմամբ։

Մինչդեռ Հայ ազգը անհամբեր կ’սպասէ տեսնել թէ ի՞նչ գործած են պատրիարքական պատգամաւորք իրենց հնգամսեայ պաշտօնավարութեան միջոցին յԵւրոպա, թէ ի՞նչ կերպով ներկայացուցած են Հայոց դատը եւ թէ ի՞նչ իրաւունքի վրայ հիմնած են Հայոց պահանջումը. նորահաս տիբլօմաթը բոլոր ասոնց վրայ լուռ կը պահէ եւ ինչ որ այլոց արարքն են եւ մեզ քաջածանօթ, զանոնք կը պատմէ՝ այն ալ այլայլելով եւ խեղաթիւրելով, զորս պիտի ապացուցանեմք։

Երբ Ս. Պատրիարքը յատենի Ազգային Ժողովոյ հրաման ըրաւ պատուիրակաց թարգման-քարտուղարին հրատարակել զամենայն եւ հաստատել՝ Հայոց կողմէն ներկայացեալ Հայկական խնդրոյն Քօնկրէին ատեանը ելած ըլլալը եւ Հայոց ցաւերը անկեղծութեամբ Եւրոպիոյ եւ Քօնկրէին ներկայացեալ ըլլալը, մեր մտքէն անգամ չէր անցներ թէ պատրիարքական պատուիրակաց թարգման-քարտուղարը Այսթէֆանօի դաշնագրին 16րդ յօդուածին, Սալիզպըրիի շրջաբերականին, Կօրչաքօֆի պատասխանին, Շուվալօֆի եւ Սալիզպըրիի մէջ ստորագրուած Մայիս 18ի յիշատագրին 7րդ յօդուածին, 12, 14 եւ 15-րդ բրօթօքօլներուն մէջ՝ 16րդ յօդուածին քննութեանն ու սրբագրութեանը վերաբերեալ մէկ քանի հատուածներուն եւ Պէրլինի դաշնագրին 61րդ յօդուածին թարգմանութիւնները, որք արդէն մեզ ծանօթ էին, մեր աչքին առջեւ պիտի դնէր, իբր թէ նոր յայտնութիւններ կ’ընէ մեզ։

Բրօթօքօլներուն թարգմանութիւնը, զոր ընելու նեղութիւնը կրած է պատուիրակաց թարգման-քարտուղարը, Հայոց ազգին կողմանէ խնդիր մը Քօնկրէին ատեանը ելած ըլլալը չապացուցաներ երբեք, այլ ընդհակառակը կը հաստատէ, թէ Այսթէֆանօի դաշնագրին 16րդ յօդուածը՝ ուրիշ յօդուածոց պէս քննութեան կարգաւ Քօնկրէին ատեանը ելեր ու սրբագրուեր է, ինչպէս որ թարգման-քարտուղարն ալ զնոյնն կը հաստատէ իր տետրակին 19րդ երեսին մէջ՝ ակամայ խոստովանելովը թէ, «Պէրլինի «Վեհաժողովին Սան Ստէֆանօի յօդուածն մեզ նպաստաւոր կերպով սրբագրեց»։

Սակայն նորահաս տիբլօմաթը վարպետութիւն բանեցնելով, կ’ըսէ նաեւ «Անկիա Վեհաժողովին ներկայացուց հայ խնդիրն», իբր թէ քննութեան ու սրբագրութեան համար Քօնկրէին ատեանը ելած 16րդ յօդուածին վրայ առաջին դիտողութիւնը Սալիզպըրի ընելովը՝ Անգղիան ներկայացուցած ըլլայ Հայոց խնդիրը։

Ի սկզբան Ս. Պատրիարքը իր համարատուութեան ճառին մէջ «Գաղղիոյ արտաքին գործոց պաշտօնեայն Վաթինկթըն յանձն առած էր, որ ինքը ներկայացուցիչ ու փաստաբան կանգնի մեր դատին՝ Աւագաժողովին մէջ» կ’ըսէր, բայց երբ տեսան, որ բրօթօքօլներով հաստատուեցաւ թէ Վաթինկթըն բառ մ’իսկ չէ արտասանած Վեհաժողովին մէջ Հայոց խնդրոյն նկատմամբ, հիմա ալ իրենց թարգման-քարտուղարին բերնովը կ’ուզեն մեզ հաւատացնել թէ Սալիզպըրի ներկայացուց Հայոց խնդիրը՝ օգուտ քաղել ուզելով անշուշտ Մալիզպըրիին 16-րչ յօդուածին քննութեան կարգէն. իբր դիտողութիւն առաջին խօսքն ինքն ընելէն։

Ս. Պատրիարքը Ազգ. Ժողովոյն վերջին նիստին մէջ գաղղ. եւ հայ. լեզուով տպագրեալ տետրակ մը ցրուեալ տուաւ որ Հայաստանի համար վարչական կանոնադրութեան մը ծրագիրը, Հայաստանի վիճակագրութիւնը եւ Հայաստանի վիճակագրութեան վրայ ծանօթութիւններ կը պարունակէր. այս անգամ Ն. [որին] Սրբազնութեան հրամանին համեմատ պատուիրակաց թարգման-քարտուղարն ալ տետրակը հրատարակեց. սակայն ո՛չ մէկը, ո՛չ ալ միւսը ազգին սպասածին ու փնտռածին չեն պատասխաներ եւ նորա հետաքրքրութիւնը չեն գոհացներ, ըստ որում Հայոց կողմանէ ներկայացուած խնդիրն ի՛նչ եղած ըլլալը եւ նոյն խնդիրը Քօնկրէին ատեանը ելած եւ նկատողութեան առնուած ըլլալը հաստատող ո՛ եւ է փաստ եւ ապացոյց չեն պարունակեր։

Ամենէն աւելի զարմանալին այն է, որ «ներկայացուցինք» ըսուած վարչական կանոնագրին ծրագիրը, որոյ պարունակութիւնն արդէն օտար եւ ազգ. լրագրաց մէջ հրատարակուած էր, վերստին կը հրատարակեն հայ. եւ գաղղ. տառերով. չգիտեմք ի՛նչ նպատակի համար, իսկ զայդ վարչական պահանջումն ընելու պատճառներն ու իրաւունքը պարունակող եւ զայդ պատճառները բացատրող խնդրագրին (բէթիսիօն), եթէ երբեք խնդրագիր մ’ուղղած են Քօնկրէին, օրինակը չեն երեւան հաներ. մինչդեռ այս խնդրագրին հրատարակութիւնը, զոր քանիցս հրապարակաւ խնդրուեցաւ, կրնայ ցոյց տալ թէ ի՛նչ իրաւունքի վրայ հիմնուած են ազգին դատը, հետեւաբար այդ կերպ վարչական պահանջում մը եւ թէ իրօք կեղծա՞ծ են ազգին ցաւերը թէ չեն կեղծած։

Այդ խնդրագիրը, եթէ կայ, գաղտուկ պահելու բան չէ, որովհետեւ օսմ. ներկայացուցիչներուն ծանօթ է, քանի որ Քօնկրէին ուղղեալ է. եւ ինչ որ օսմ. ներկայացուցիչներուն ծանօթ է՝ Բ. Դրան ալ ծանօթ է, հետեւաբար գաղտնի չէ եւ չկրնար ըլլալ. իսկ եթէ ազգէն գաղտնի է՝ այդ որիշ խնդիր է։ Սակայն չլսելու կը զարնեն այս ամենակարեւոր կէտը եւ այս մասին լուռ կը պահեն. միեւնոյն լռութիւնը կը պահէ նաեւ պատուիրակաց թարգման-քարտուղարը։

Նորահաս տիբլօմաթը կ’անցնի ցուցնելու Այսթէֆանօի եւ Պէրլինի դաշնագիրներուն Հայոց վերաբերեալ 16րդ եւ 61րդ յօդուածներուն մէկ մէկէ ունեցած տարբերութիւնը։

«Այսթէֆանօի յօդուածովն, կ’ըսէ նորահաս տիբլօմաթը, Բ. Դուռը յանձն կ’առնուր պաշտպանել Հայերը անդ, ուր բնակած էին ռուս գունտերը. այս խոստումը Հայաստանի մի փոքր մասին՝ Կարինի համար էր. մինչդեռ Պէրլինի յօդուածովը Բ. Դուռը յանձն առաւ Հայերը ամեն հայաբնակ նահանգի մէջ պաշտպանել»։

Մենք առանց կարծիք յայտնելու, թէ 61րդ յօդուածը 16րդէն աւելի՞ աղէկ էր թէ գէշ, աւելի՞ ազդու եւ գործնական էր թէ ոչ, կ’ըսեմք թէ ինչո՞ւ համար 16րդ յօդուածին կարեւորութիւնը նուազեցնելու համար պատրիարքական պատուիրակաց թարգման-քարտուղարը հրապարակաւ կը ստէ՝ ըսելով, թէ «16րդ յօդուածով մի փոքր մասին, Կարինի համար, Բ. Դուռը յանձն կ’առնուր պաշտպանել Հայերը»։ Կը ստէ կ’ըսեմք, որովհետեւ 16րդ յօդուածը, որոյ թարգմանութիւնը նոյն իսկ նորահաս տիբլօմաթին հրատարակած տետրակին 9րդ երեսին մէջ գրուած է, իր ըսածին սուտը կ’ապացուցանէ, որ ահաւասիկ. «…Բ. Դուռը յանձն կ’առնէ անյապաղ իրացունել այն բարւոքումներ եւ բարենորոգումներ, զորս կը պահանջեն տեղական պէտքերէ Հայերէ բնակուած նահանգներին մէջ եւ երաշխաւորել նոցա ապահովութիւն Քուրերին եւ Չէրքէզներուն դէմ»։

Նորահաս տիբլօմաթը իր վերոյիշեալ սուտէն հետեւութիւն հանելով, կ’ըսէ նաեւ, թէ «քանի որ ռուս բանակը մեկնեցաւ Կարինէն եւ օսմ. կառավարութիւնը ձեռք առաւ միջոցներ, որովք պաշտպանեց անդ ժողովուրդի ապահովութիւնը, հայ խնդիրն փակուած պիտի լինէր ըստ Սան Սթէֆանօի»։ Աւելորդ չէ ըսել, թէ նորահաս տիբլօմաթին այս հետեւութիւնը սուտէ ելած, եւ կամ նոյն է ըսել, սուտի մը վրայ հիմնեալ ըլլալուն համար՝ ճշմարիտ չէ։

Այսթէֆանօի դաշնագրին 16րդ յօդուածին արժէքն ու կարեւորութիւնը նուազացնելու համար ո՛րչափ ճիգ որ կը թափէ նորահաս տիբլօմաթը, անկէ շատ աւելի կը թափէ Պէրլինի դաշնագրին 61րդ յօդուածին առաւելութիւնն ու օգտակարութիւնը ջատագովներու համար։ Մենք այս երկու յօդուածներուն բաղդատութեանը մէջ կարծիք չեմք ուզեր յայտնել ըսինք. սակայն ի՞նչ կը նաշանակէ նորահաս տիբլօմաթին՝ 61րդ յօդուածի 16րդ յօդուածին վրայ ունեցած անհո՜ն առաւելութիւնը սուտերով ու չափազանցութիւններով քարոզելու եւ զմեզ համոզելու ճիգ թափելը. ենթադրենք թէ այսպէս եղած ըլլայ. իրենց ի՞նչ փառք ատկէ, քանի որ ըստ երեւոյթին պատգամաւորաց աշխատութեան եւ ջանից շնորհիւը ձեռք բերուած չէ այդ յօդուածը, այլ Քօնկրէն 16րդ յօդուածը սրբագրելով՝ 61րդ յօդուածի վերածած, ինչպէս որ պատգամաւորաց թարգման-քարտուղարն ալ նոյնը վկայած է, զոր վերը ապացուցինք։ [1] Իսկ եթէ մեր չգիտցածը կայ եւ մեր պատգամաւորաց աշխատութեամբն ու շնորհիւը 16րդ յօդուածը 61րդ յօդուածի վերածուած է եւ կամ ուրիշ գաղտնի գործ մը գործածուած է, որոյ յաջողութեանը համար անխնայ աշխատելով Փափազեան նիհար վերադարձած է աստ եւ Մինաս Չէրազ՝ հիւանդ, ինչպէս կ’ըսէ նորահաս տիբլօմաթը, զայդ թող բացարձակապէս ըսեն եւ մեր ալ բոլոր հետաքրքրութիւնը զայդ գիտնալ է, կամ աւելի ճիշդն ըսելու համար, զայդ իրենց ըսել տալ է։

Սակայն նորահաս տիբլօմաթը առանց Եւրոպա երթալու պատճառնին ի՞նչ եղած ըլլալը եւ ի՞նչ գործած ըլլալնին անկեղծութեամբը ըսելու, «Բարձրաշնորհ Պատրիարքն ինքնօրինութիւն խնդրեց, զոր նախ Ռուսաստան եւ ապա Եւրոպա զլացան մեզ», կ’ըսէ. այնուամենայնիւ տիբլօմասիի մէջ դեռ նոր մտած ըլլալնուն, չէ նէ մի ճշմարտութիւնը կեղծել անհնար մի ըլլալուն, քանի մը տող ետքը կը մատնէ ինքզինքը, ըսելով. «Հայաստան իրաւունք ունէ՞ր ստանալ վարչական ինքնօրինութիւն, զոր Եւրոպա զլացաւ Կրետեի կամ ընդունա՞կ էինք մի ինքնօրէն կյանքի, մենք որ գիտակից եմք մեր վիճակի. դոքա խնդիրներ են, որովք չեմ ուզեր զբաղիլ»։

Արդ, քանի որ ըստ հրապարակային խոստովանութեան պատրիարքական պատուիրակաց թարգման-քարտուղարին, հայերն ընդունակ չէին ինքնօրինութեան եւ քանի որ պատրիարքական պատուիրակութիւնն ալ ԳԻՏԱԿ է եղեր Հայոց այս վիճակին, ուրեմն պատրիարքական պատուիրակութիւնը ինքնօրինութիւն խնդրած չէ Եւրոպայէն եւ չկրնար խնդրած ըլլալ, ապա թէ ոչ իրեն համոզմանը դէմ պահանջում մ’ըրած կ’ըլլայ որ տրամաբանական չէ. քանզի ազգին ինքնօրինութեան անընդունակ ըլլալը գիտնալով՝ ինքնօրինութիւն ուզելը ազգին համար վնասակար բան մ’ուզել ըսել է. բայց մենք չեմք կրնար հաւատալ որ ազգին համար վնասակար բան մ’ուզած ըլլան. եւ ինքնօրինութեան ազգին համար օգտակար ըլլալուն առանց համոզում ունենալու «ինքնօրինութիւն ուզեցինք» ըսելը, ճշմարիտ չկրնար ըլլալ. եւ սուտ ըլլալն ալ Սալիզպըրի, հետ բանակցութեան Խրիմեանի, կը հաստատէ առ Լայարտ գրած իր մէկ նամակովը, Հայոց նկատմամբ «ինքնավարութեան ընդունակութիւն եւ անկախութեան փափաք չունին, այլ…» ըսելով։

Ապա ուրեմն ի՞նչ էր պահանջածնին զոր նախ Ռուսիայէն եւ ապա Եւրոպայէն խնդրեր են։

Գիտե՜ն իրենք, թէ ի՜նչ էր պահանջածնին։ Այլ սակայն նորահաս տիբլօմաթին՝ նախ Ռուսաստանէն եւ ապա Եւրոպայէն կամ, աւելի ճիշդն ըսելու համար, Անգղիայէն ինքնօրինութիւն խնդրած ըլլալուն եղանակին վրայօք արժան է քանի մը ծանօթութիւններ տալ։

Նախ Խորէն Նարպէյ Սրբազան ղրկուեցաւ ի Ս. Բէթէրսպուրկ Փետրուար 26ին, ըսել է Խրիմեան Սրբազանին, որ Մարտ 8ին ճանբայ ելաւ Անգղիա երթալու համար, Կ. Պոլսէն մեկնելէն 10 օր առաջ։

Սակայն նկատողութեան արժանի է գիտնալ, թէ Խրիմեան Սրբազանն ալ Խորէն Սրբազանին հետ պիտի ղրկէին ի Ս. Բէթէրսպուրկ, բայց Խորէն եպիսկոպոսին մեկնելուն օր մը մնացած, «Խրիմեան Սրբազանն հիւանդ է, չպիտի կարենայ Ձեզ հետ ընկերանալ» ըսելով, Խորէն Սրբազանն միայնակ ճանբայ դրին ի Ս. Բէթէրսպուրկ, իսկ 10 օր ետքը հիւանդութեան պատճառով Բէթէրսպուրկի ճամբէն ետ մնացող Խրիմեան Սրբազանը Լոնտրա ղրկեցին։

Չմոռանանք ըսելու թէ նոյն թուականին, այսինքն Մարտ 8/20ին, Կ. Պոլսէն Ս. Բէթէրսպուրկի լրագրին եւ Վիեննայի Քօրեսբօնտանս բօլիթիք լրագրին թղթակիցները անմիջապէս գրեցին յիշեալ թերթերուն, թէ պ. Լայարտի, Ահմէտ Վէֆիք փաշայի եւ հայ Օտեան էֆ. մէջ գոյացած համաձայնութեան մը վրայ, նախկին Պատրիարք Խրիմեան Սրբազանը Օտեան էֆ. տանը դասատու եղող Չէրազ Մինաս էֆ. հետ մէկտեղ Անգղիա ղրկեցին՝ Անգղիոյ տէրութեան պաշտպանութիւնը խնդրելու համար։ Չգիտեմ թէ ո՞ր աստիճան ստոյգ էր այս լուրը։

Դարձեալ չմոռանանք ըսելու, թէ Մասիս լրագիրն ալ սոյն միջոցին հրատարակեց թէ Ս. Բէթէրսպուրկ գտնուող Խորէն Նարպէյ եպիսկոպոսը Հայոց ազգին կողմէն ո եւ է պաշտօն չունի։

Այս լուրն ալ Ս. Բէթէրսպուրկի լրագրոյն մէջ անմիջապէս հրատարակուեցաւ իբրեւ Հայոց ազգին պաշտօնական լրագիրն եղող Մասիսի մէջ հրատարակեալ։

Դարձեալ նկատողութեան արժանի է գիտնալ թէ Խրիմեան Սրբազանը Կ. Պոլսէն դեռ չմեկնած, Ս. Բէթէրսպուրկ գացող Խորէն Սրբազանի ո՛չ մէկ հեռագիրը եւ ո՛չ ալ մէկ նամակը հասած էր Ս. Բէթէրսպուրկէն Կ. Պոլիս։ Ուստի սուտ է որ կ’ըսեն թէ Խորէն եպիսկոպոսէն հեռագրով կամ նամակով հրահանգ գալէ ետեւ Խրիմեան Լոնտրա ղրկուեցաւ։ Սուտ է նաեւ որ կ’ըսեն թէ Մատթէոս եպիսկոպոսին միջոցաւ Վեհ. [ափառ] Կաթողիկոսէն եկած հրահանգի մը համեմատ Խրիմեան Սրբազանը Լոնտրա ղրկուեցաւ։ Թուականները կեցած են. Խրիմեանն մարտ 8ին ճամբայ ելաւ Կ. Պոլսէն, իսկ Մատթէոս եպիսկոպոս Ապրիլ 5ին Դշ. [աբթի] երեկոյ Կ. Պոլիս վերադարձաւ, այսինքն՝ 28 օր ետքը Խրիմեան Սրբազանին Լոնտրակ երթալէն։

Այս իրողութիւնները կը հաստատեն, թէ մէկ կողմէն Խորէն եպիսկոպոսը Ս. Բէթէրսպուրկ ղրկած ատեննին, միւս կողմանէ նոր բլանի մը համեմատ Խրիմեանը Լոնտրա ղրկեցին, հարկաւ տարբեր քաղաքականութեան մը համար։

Ի՞նչ էր ատոր գաղտնիքը եւ ի՞նչ խորհրդով ղրկուեցաւ Խրիմսեան Լոնտրա։

Ըսելու հարկ չկա. իրողութիւններն ինքնին կը պատմեն ու կը պարզեն։

Դիտել արժան է նաեւ, թէ Մարտ 8ին Խրիմեան Սրբազանգնաց Լոնտրա, իսկ Մայիս 18ին, ըսել է թէ 71 օր ետքը, Ռուսիոյ եւ Անգղիոյ մէջ՝ ապագայ Վեհաժողովին մէջ բռնուելիք ընթացքին յիշատակարագիրը ստրոագրուեցաւ, որոյ 7րդ յօդուածին համեմատ, կ’ըսէ նորահաս տիբլօմաթը, «Վեհաժողովին գումարումէն յառաջ ռոս կառավարութիւնն բրիտանական առիւծին յանձնած էր զմեզ»։ Թէեւ ճշդիւ ըսածին պէս չէր այլ ըստ յիշեալ 7րդ յօդոածին ճշգրիտ իմաստին Այսթէֆանօի դաշնագրին մէջ Հայաստանի համար արձանագրուած խոստումները միայն Ռուսաստանի չպիտի տրուէին, այլ նաեւ Անգղիայի։

Արդ, եթէ նկատողութեան առնուի թէ ինչ գործեց Խրիմեան Սրբազան Անգղիոյ մէջ այն 71 օրերուն միջոցին, այն ատեն դիւրաւ կը հասկցուի թէ այս մասին ի՞նչ դեր խաղաց Խրիմեան յանուն Հայոց ազգին։

Մեր այս քննադատութիւնն ընելուն նպատակը ըրածնին գէշ էր կամ աղէկ էր ըսել չէ բացարձակապէս, եւ չենք ալ կարնար ըսել, որովհետեւ մինչեւ այսօր տակաւին չկրցինք հասկնալ ո՛չ այս տետրակին պարունակութենէն եւ ո՛չ ալ Ս. Պատրիարքին համարատուութենէն, թէ ի՞նչ գործ են գործած եւ ի՞նչ եղանակաւ են գործած. այլ մէկ կողմէն իրենց այս խնդրոյն մէջ սկիզբէն մինչեւ վերջը ունեցած հակասութիւններին երեւան հանել եւս միւս կողմանէ իրենց գործերը միշտ գաղտուկ պահել կեղծելնին ապացուցանել։



[1]            Այլ թէ 16րդ յօդուած որո՞յ շնորհիւ ձեռք բերուած էր կամ, աւելի ճիշդն ըսելու համար, ինչի՞ արդիւն էր, այդ ալ պարզելու ժամանակը չէ։