Յօդուածներ (1878-1914 թթ.)

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

[ՊԱՏՐԻԱՐՔԻ ՀՐԱԺԱՐԱԿԱՆԻՆ ՇՈՒՐՋ]

78, Դեկ. 28, Պէշիքթաշ

Խմբագիր,

Զարմանօք կարդացինք ազգային լրագրաց մէջ, թէ Ս. Պատրիարք Հայրը Բ. Դրան պատճառաբանեալ հրաժարագիր մը մատուցանելով, ազգային պատրիարքութենէն կը մեկնի։

Արդէն պատճառաբանեալ հրաժարագրոյն նշանակութիւնը այնքան ծանօթ է, որ կ’ստիպուի մարդ ամենայն զարմանօք հարցնել իւրովի թէ այսօր ամեն բարենորոգումներէ յուսակտուր հրաժարող Ներսէս Սրբազանը արդեօք միեւնոյն Ներսէս Սրբազա՞նն էր, որ իւր քաղաքականութիւնը եւ քաղաքագիտական ընթացքը պաշտպանելու համար Ընդհ. ժողովոյ մէջ այն գեղեցիկ եւ ընդարձակ համարատուութեան ճառը խօսեցաւ, արդեօք միեւնոյն ա՞նձն էր, որ իւր վստահեցուցիչ խոստումներովն ու յոյսերովը զազգը ամիսներով յուսադրեց եւ սպասողական դիրքի մը մէջ դրած պահեց, որ դժբաղդաբար երեւան ելած թերես անժամանակ քննադատութեանց պատասխանելու տխուր հարկին մէջ կը գտնուէր՝ առանց սպասելու, որ գործն եւ արդիւնքը միայն պատասխանելով ժխտէին կամ հաստատէին այդ քննադատութիւններն։

Իրաւունք չունի՞նք արդեօք բոլոր այս հարցումներն ընելու ամեն անոնց, կամ լաւ եւս նոյն ինքն Ս. Պատրիարք Հօր, որ այժմ բոլոր խոստացեալ բարենորոգումներէ յուսաբեկ եւ ճարահատեալ, անգլուխ կը թողու իւր հօտը եւ թափուր՝ իւր աթոռը։

Ցաւալի է ըսել արդարեւ բայց եւ այնպէս անհրաժեշտ խոստովանելի տխուր ճշմարտութիւնը մըն է, զոր անկարելի է չտեսնել եւ չիմանալ, թէ քանի մ’ամիսներ շարունակ մեծամեծ խոստումներով զազգը յուսադրելէն վերջը, այսօր ալ ելնելով այդ խոստումներն եւ ակնկալութիւնները անգործադրելի վիճակի մէջ թողած յուսահատ հրաժարիլը՝ պարզապէս կը նշանակէ թէ կեղծ էին իրեն տրուած այդ խոստումներն ու ապահովութիւններն եւ թէ իւր բարեմտութիւններն ու անսահման վստահութիւնը չարաչար գործածելով անխղճօրէն խաբել էին թէ զինքը եւ թէ իրմով՝ Հայոց ազգը։ Ստուգիւ երբեք չէ եղած Հայոց Պատրիարքութիւն մը, որ այս աստիճան քաղաքագիտական կեղծեաց եւ խաբէութեան զոհ գացած ըլլայ եւ այս աստիճան ծանրածանր պատասխանատուութեան մը տակ ենթարկուած լինի ժողովրդեան՝ երթալով սաստկացող աղետիցն առջեւ։

Մեղք չէ՞ր արդեօք իրեն՝ Ներսէս Սրբազանին որ այլոց գործած արարքին միակ պատասխանատուն ինքզինքը եւ իւր անձը միայն ցոյց կը տայր, այնքան վստահութեամբ լի էր իւր ձեռնարկած գործոյն յաջող ելք մ’ունենալու յոյսոյն մէջ եւ այժմ այլոց գործոյն պատիժը ինքը կը կրէ՝ խոստացածը չկարենալու գործադրելուն վրայ յուսահատ, հրաժարելու հարկադրուելովը։

Ս. Պատրիարքը իւր անձը միայն պատասխանատու հրատարակեց եղած գործոց եւ այժմ իւր անձը զոհելով իր հրաժարմամբը կը հարկադրի քաւել եւ դարմանել կատարուած գործը, եթէ կարելի է այլեւ դարման մ’ընել եղածին։

Ո՞ւր են արդեօք այն նրբամիտ քաղաքագէտներն որք այնքան ջերմեռանդութեամբը կը ծափահարէին Ս. Պատրիարքին հետեւած քաղաքականութեան ընթացքը, ո՞ւր մնացին գալ այժմ Ս. Պատրիարքին հրաժարականն ալ ծափահարելու իբրեւ վերջին եւ յուսահատական միջոց հայկական դեսպանագիտութեան։

Խօսքս վերջացնելէ առաջ կ’ուզեմ քանի մը դիտողութիւններ ընել Պ. Մ. Չէրազի հարատարակած տետրակին յաւելուածին վրայ։ Այդ յաւելուածին եզրակացութիւնը սա է թէ՝

Նախ՝ իրեն դէմ եղած անձնական յարձակմանց կը պատասխանէ՝ իւր երեսփոխանական ընտրութիւնը ցոյց տալով։

Երկրորդ՝ իւր տետրակին դէմ եղած քննադատութեանց պատասխան կը տայ՝ նորա երկրորդ տպագրութիւնը ցուցունելով։

Ներէ թող Պ. քարտուղար-թարգմանը որ իրեն դիտել տանք թէ՝ Նախ՝ ընտրողութենէ զորկ ամբոխի մը քուէն, որ քանի մը վարիչներու եւ խարդաւանողաց ձեռք միշտ գործիք մ’է, առ առաւելն Պ. Չէրազի այդ կողմերը զօրաւոր բարեկամներ ունենալը կը ցոցնէ։ Նամանաւանդ որ Սահմանադրական օրինաց այնչափ անտեղեակ անձնանց կատարած ընտրութիւնը իրենց չճանչցած մէկ մարդու համար՝ իւր սովորական դոյզն արժէքն ալ կը կորսնցնէ։ Ատոր հետ մէկտեղ մեք, անձնական թշնամանաց բոլորովին հակառաւ ըլլալով, մեր այս դիտողութեամբը զՊ. Չէրազ վիրաւորել չենք ուզեր, այլ կ’ուզենք միայն հաստատել, որ մեր ազգին մէջ երեսփոխանական ընտրութիւնը մէկու մը արժանիքը չկրնար ապացուցանել, ինչպէս Պ. Փափազեանի, Պ. Քրիստոստուրի եւ ասոնց նմաններուն արժանիքը։

Գալով երկրորդ կէտին, Պ. քարտուղար-թարգմանը պէտք է գիտնայ որ ամեն քաղաքական տետրի առաջին տպագրութեան սպառումը չի կրնար անոր լաւութեան ապացոյց մ’ըլլալ, ըստ որում նախ եւ առաջ ամեն մարդ տետրը կ’առնէ դատողութիւնը ընելու համար։ Եւ այսպէս տպագրութեան սպառոմէն Պ. Չէրազ իրաւունք չունի այդ տետրին նպաստաւոր ժողովրդային կարծիք մը հետեւեցնել։

Արդէն այս գրքին անունն անգամ սխալ է, Թէ ի՞նչ շահեր ենք Պէրլինի Վեհաժողովէն. շիտակը խօսելով, ի՞նչպէս, միթէ Վանայ աւարառութիւնը չշահեցա՞նք, միթե Մշոյ, Տիգրանակերտի եւ Կարնոյ հարստահարութիւններն ու աղէտքը չշահեցա՞նք, միթէ Ուլնիոյ եպիսկոպոսին բանտարկութիւնը չշահեցա՞նք, Զէյթունցւոց երջանիկ վիճակը չշահեցա՞նք եւլն, եւլն։ Դեռ ի՞նչ կ’ուզենք որ շահէինք Պէրլինի Վեհաժողովէն. ի՜նչ ապերախտ մարդիկ ենք աս Հայերս որ այսչափ բան շահեցանք եւ դեռ կը գանգատինք։ Ճիշդ Անգղիացիներուն կը նմանինք, որ Կիպրոս մը գրաւելէ, Պուլկարկան բաժնելէ եւ Աֆղաններուն յաղթելէ վերջը՝ դեռ Պիքընսֆիլտը կը հարուածեն։

Ի վերջոյ կը խրատենք Պ. քարտուղար-թարգմանը որ ասկէ վերջը Ս. Պատրիարք Հօր հետ համաձայնութեամբ տպէ իւր տետրին երրորդ տպագրութիւնը, որովհետեւ Բարձրաշնորհ Սրբազանին հրաժարականը նորահաս դիւանագէտ Պ. Չէրազի ամեն եզրակացութիւններուն հերքումն ու ժխտումն է։