Յօդուածներ (1878-1914 թթ.)

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

[ՊԱՏԱՍԽԱՆ ՄԸ]

79, Յուն. 5/17, Պէշիքթաշ

Խմբագիր, ազատասէր ժողովրդական Լրագրոյ,

Մասիսի Ե[րեք]շ. [աբթի] օրուան թերթին մէջ Բէրայէն գրուած նախատալից նամակ մը տեսանք։

Թէպէտ այդ նամակը մեր յօդուածին պատասխան մ’ըլլալու ամէն հանգամանքներէն զուրկ է, բայց եւ այնպէս հարկ կը տեսնեմք մենք ալ այդ հինընծայ գրիչը անպատասխան չի թողուլ, որպէսզի յիւր գաղափարներուն որչափ խեղճուկրակ բաներ ըլլալը իրեն ցուցունելով՝ ըստ կարի բարեկամական ծառայութիւն մը մատուցած ըլլանք։

Թողլով Լրագրոյ ազնիւ խմբագրին, որ մեր կոշտ եւ տմարդի հակառակորդին արժանավայել պատասխան տայ, եթէ պարապ ժամանակ ունի, մենք այդ յօդուածին յարձակմանց կը պատասխանենք։

Նախ եւ առաջ Ս. Պատրիարքին քաղաքականութեանը դէմ ըրած անհերքելի քննադատութիւններուս պատասխանելով՝ Բերայի նամակագիրը կ’սկսի իւր դիւանագիտական ծանօթութիւնները մեզ հասկցնել ուզելով՝ խել մը արտաքին գործոց պաշտօնեայներու անուանց ցուցակ մը շինել եւ յայտնել մեզ թէ նոցա եւ մեր, մանաւանդ մեր անձնուրաց Պատրիարքին, շնորհիւ յօդուած մը ստացած ենք Պէրլինի դաշնագրին մէջ։

Կը պատասխանենք. Ս. Պատրիարքը երբեք մեզ չըսաւ թէ այդպիսի քաշքշողական յօդուած մը պիտի ստանար մեզ համար, յօդուած մը որուն զանազան օրինակները 56ի Դաշնագրին մէջ կը գտնուին. այլ խոստացաւ մեզ որ պիտի ընդունէր եվպոպական տէրութիւններէն այն ամենը, զորս Թուրքիոյ միւս քրիստոնեայ ժողովրդոց պիտի տային։ Այս էր Ս. Պատրիարք Հօր խոստումը որ ամեն Հայերը շլացուց եւ զոր չկրցաւ գործադրել։

Հետեւաբար իրաւունք ունինք միշտ գանգատելու որ զմեզ այնպիսի յոյսերով քնացուց եւ յուսադրեց, որք ցարդ ո եւ է ելք եւ արդիւնք մը չեն ունեցած։

Այսօր ամբողջ Հայոց ազգը (բացի մեր հակառակորդէն) համոզուած է որ այդ 61րդ յօդուածը պիտի ունենայ այն արդիւնքը, զորս ունեցան 56ի Դաշնագրութեան նմանօրինակ տրամադրութիւնները։ Մենք կ’ուզէինք յօդուած մը, որուն գործադրելիութեան գրաւականը բուն իր մէջը ըլլար. այս պէտք է լինէր եւ եղաւ Բարիզի եւ Պէրլինի դաշնագրութեանց յօդուածներուն տարբերութիւնը՝ բացի 61րդ յօդուածէն։

Գալով Պ. Չէրազի տետրակին վրա ըրած մեր քննադատութեանց, կ’երեւի թէ Պ. Գարեգին չէ կրցած դժբաղդաբար անոնց իմաստը ըմբռնել, թէեւ մենք զանոնք Մասիսի հինընծայ արբանեակի մը հասկնալի լեզուովը գրած էինք։ Իւր պատասխանը մեր արգահատանքը միայն կը շարժէ եւ կ’ստիպէ զմեզ մեր սովորութեան հակառակ կրկնութիւններ ընելու։

Ազգային գործոց փոքր ինչ տեղեակ ամեն Հայ գիտէ մեր գաւառացի եւ Պոլսեցի ժողովրդեան անուս վիճակը, եւ մենք այս տխուր ճշմարտութիւնը հարկ եղած տեղ մը յայտնելով ոչ զոք անպատուած կը լինինք, այլ գրգիռ կուտանք այդ Հայերուն որ քիչ մը դաստիարակութիւն առնելով, չարամիտ անձնանց ձեռք գործիքչըլլան եւ իրենց քուէին նշանակութիւնը գիտնեն։ Պիլէճիկէն Պ. Չէրազի եկած պաշտօնական գիրը կրկին կը հաւաստէ մեր նախորդ նամակին այն պարբերութիւնը յորում ըսած էինք թէ գաւառացի ժողովուրդը սահմանադրական օրինաց բոլորովին անտեղեակ է, ըստ որում երեսփոխանական ընտրելիի մը պահանջելի ձիրքը ունենալը կամ չունենալը առանց ստուգելու, կ’ելլան երեսփոխան կ’ընտրեն զինքը։ Այս տեսակ ընտրութիւնները դժբաղդաբար շատ դիւրին են մեր ազգին մէջ եւ կը բաւէ ուզած գաւառէդ երեսփոխան ընտրելու համար Փափազեանի բարեկամութիւնը ունենալ։ Այս հանրածանօթ իրողութիւնները՝ մէկը բաւական կոյր ըլլալու է չտեսնելու համար։

Տետրակին արժանեաց գալով՝ մենք սովորութիւն չունենք ասոր անոր համոզումը առանց օրինաւոր փաստերու ընդունել, ներէ թող Պ. Գարեգին, եթէ իր ցուցուցած թերթերուն անտեղի վճիռներուն չհամակերպինք։

Մենք արդէն վերը հաստատեցինք թէ բնաւ բան մը չենք շահած Պէրլինի Դաշնագրէն եւ այս միայն բաւական է Պ. Չէրազի գեղեցիկ եզրակացութիւնները ցրելու։ Հայուն ներկա եւ ապագայ վիճակը արդէն ասոր տխուր ապացոյց մը՝ եւ գործնական հերքում մ’է եւ պիտի ըլլայ։

Ռուսիոյ մէջ հօգուտ Արարատեան ընկերութեան բացուած հանգանականութիւն մը` 61րդ յօդուածին արդիւնքը կը սեպէ Պ. նամակագիրը. այսպիսի զաւեշտական փաստի մը խնդալով միայն կը պատասխանենք։

Զէյթունցւոց խնդրոյն գալով, դեռ Անգղիոյ միջամտութեան արդիւնքը չտեսանք եւ եթէ տեսած իսկ ըլլայինք՝ դարձեալ զայդ 61րդ յօդուածին արդիւնքը չենք կրնար սեպել, որովհետեւ նմանօրինակ միջամտութիւն մ’ալ աւելի արդիւնաւոր կերպով եղած է Գաղղիոյ ժամանակ մը, յորում ոչ դիւանագէտ Պատրիարքներ եւ ոչ ալ 61րդ յօդուած մ’ունէինք։

Ի վերջոյ Պ. Գարեգին մեր ուսանող մ’ըլլալը ստուգելովը, չգիտենք ինչ հետեւցնել կ’ուզէ. մենք միայն սաչափ հասկցանք որ չափէն աւելի հետաքրքիր եւ անքաղաքավար հակառակորդի մը հետ գործ ունինք։ Իւր բարեկամական խորհուրդը իրեն վերադարձնելով, կը խրատենք որ խելքը զինքը հասած չհասած գործին մէջ չիյնա։

Կը խնդրեմ, Խմբագիր Տէր, որ այս նամակը Ձեր ազգօգուտ թերթին մէջ հիւրընկալելու պատիւն ընէք ինձ։

ԱՐՏԱՒԱԶԴ