Յօդուածներ (1878-1914 թթ.)

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆ ՅԱԶԳԱՅԻՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆ ԽԱՍԳԻՒՂԻ

Պէշիքթաշ, 28 Փետր. 1880

Խմբագիր,

Քանի մ’օր առաջ Խասգիւղի ազգային վարժարան այցելելու բարեբաղդութիւնն ունենալով, նուիրական պարտաւորութիւն մը կը համարինք հրապարակաւ մեր շնորհակալութիւնները յայտնելու Մեծ. [ապատիւ] վերատեսուչ Սպանդարեան էֆէնտիի, վարժարանին բարեկարգ վիճակին եւ մասնաւորապէս Ընտելարանին մէջ տեսնուած յաջող արդեանց համար։

Ընտելարանին մէջ 100ի չափ 5էն մինչեւ 10 տարեկան տղաքներ վերատեսչին նոր գործադրած մանկավարժական ընտիր ծրագրին համեմատ կը դաստիարակուէին։

Այս ծրագիրն երկու տարուան շրջան մը կը ընդգրկէ, չորս վեցամսեայ միջոցներու բաժնուած, որուն մէկ տարուան պարունակութիւնը ամբողջապէս գործադրուած էր քանի մ’ամսուան մէջ։

Կը ցաւիմ որ մանրամասնօրէն չեմ կրնար երկարիլ թէ՛ ծրագրին եւ թէ՛ նորա գործադրութեամբ յառաջ եկած գեղեցիկ արդիւնքներու վրայ։

Սակայն անկարելի էր չդիտել այս նոր դաստիարակութեան հիմնական հանգամանքը, որ է փոքր մանուկներու իրենց կարողութեան համեմատ խորհրդածել տալ եւ հասկցնել։ Ուսումնարանի աշակերտները մեծ թութակներ կոչած ժամանակնիս, անհնար է որ Ընտելարանի մանուկները փոքր մարդեր չանուանենք։ Վերջապէս զարմանալի հակապատկեր մը կը տեսնուէր ազգային սովորական Ծաղկոցաց եւ Խասգիւղի Ընտելարանին մէջ։

Այսպիսի անուրանալի օգուտներ ցուցնող մանկավարժական այս նոր դրութիւնն իւր բոլոր գեղեցիկ արդիւնքներն արդէն տուած ըլլալով, բաղձալի է որ ազգային վարժարանաց բոլոր Հոգաբարձութիւնները նմանօրինակ մեթոտներ բռնէին իրենց Ընտելարաններուն համար, որոց մէջ գտնուող Հայ մանուկներն իրենց աշխատութեանց եւ հոգածութեանց գլխաւոր մասը կը պահանջեն։

Կը խնդրեմ… խմբագիր, որ հաճիք սոյն նամակս հրատարակել եւ ընդունիլ մեծարանացս հաւաստիքը։

Մնամ…

 

Յ. Գ. Ցաւօք սրտի կ’իմանանք թէ Սպանդարեան էֆէնտին Խասգիւղի վարժարանը ձգեր է, եւ հաւանական է որ միայն իր անդուլ խնամօք դաստիարակուելու վրայ եղող մանուկներն իրենց նախկին տխուր վիճակին պիտի վերադառնան։

Մինչդեռ մէկ կողմանէ ազգային նշանաւոր վարժանան մը այսպիսի կարող տեսուչէ մը կը զրկուի եւ մեծ աշխատութեամբ ստացած կանոնաւոր ուղղութիւնը կորսնցնելու վտանգին մէջն է։ Գոնէ մխիթարական է տեսնել որ Սպանդարեան էֆէնտին դարձեալ Խասգիւղի մէջ անհատական մասնաւոր վարժարան մը բանալու վրայ է, զոր բոլորովին Եւրոպական դրութեամբ պիտի վարէ։

Անտարակոյս եմք, որ այսպիսի օգտաւէտ եւ կենսական հաստատութիւն մը, զոր մեր Ռուսահայ մանկավարժը հիմնելու վրայ է, կանոնաւոր կրթութեան յարգը ճանչցող ամեն ծնողաց համակրութիւնը պիտի գրաւէ։