Յօդուածներ (1878-1914 թթ.)

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ՀԱՆՐԱՅԻՆ ԳՈՐԾԻ ՀՈԳԱԾՈՒԹԻՒՆ

Ցորչափ բազմաթիւ կրօնք ու ազգութիւններ՝ նոյնչափ բազմաթիւ կտորներու բաժնեն մարդկութիւնն։ Ցորչափ պատմութիւնն յիշեցնելով մեզ աղէտաւոր անցեալ մը նոր խրամատներ <կը բանայ> պառակտեալ ազգութիւններու մէջ, ի զուր պիտի աշխատին հաստատել թէ հայրենիք, կրօնք եւ ազգութիւն՝ միայն հրապուրիչ նախապաշարումներ են։ Կորստեան ամենէն մօտ գտնուող ազգը՝ վերջինը պիտի լինի որ աշխարհաքաղաքացի լինելու համակերպի։ Երբ այդ բազմաթիւ ազգութիւններէն իւրաքանչիւրն, իբր բացառիկ արարած մը, ցոյց տայ պարծանօք իւր երկիրն ու անունը, անկեալ ազգի մը ո՜րչափ զգալի կը լինի ինքնօգնութեան մը պէտքը, վերականգնման մը մխիթարութիւնը։

Ազգերը մասնաւոր անհատներու մոլութիւններն ու առաքինութիւններն ունին, եւ բաղդը իւր մշտափոփոխ ընթացքովն՝ օտարական նոցա կացութեանցը։

Մին հզօր է, խրոխտ եւ արհամարհոտ. միւսն՝ տկար, խնկարկու եւ շողոքորթ. ի զուր համազգային իրաւագիտութիւն ազգերու իրաւանց հաւասարութիւնը կը հռչակէ. ժամանակակից պատմութիւնը շատ անգամ կը յիշեցնէ Լաֆօնթէնի կենդանեաց ժանտախտի առակը։

Այս մտածմանց միջոցաւ կը տեսնուի որ անկեալ ազգ մը անհուն պէտք մ’ունի ինքզինքը միացնելու, վերակազմելու։

Ինչպէս ամենքը կ’ըսեն, նա ալ պէտք է աշխարտի յիշեցնելու իւր մոռցուած անունը, քան թէ պահուըտիլ օտար անուանց տակ, որոց փառքը իւր վատութիւնը աւելի կը շեշտէ։

Երկնից մէջ գերի ըլլալէ լաւ է երկրիս վրայ տէր ըլլալ, ըսաւ Միլթըն, եւ լաւագոյն է աղքատ տուն մը ունենալ քան ճոխ տան մը վարձուոր լինել, ըսաւ մեծախորուրդ Պատրիարք մը։

Կորստեան դատապարտուած ազգարու կարգին մէջ մեր ազգը ամենէն աւելի պէտք ունի իւր հանրային գործին (շօզ բիւպլիք) վրայ մտածելու եւ հանրային գործին լքումը՝ մեծագոյն եւ վերջին աղէտն է որ մեզ կրնայ պատահիլ։

Հանրային գործն՝ ազգային գործն է, ազգին կեանքն, յարատեւութիւնն է, ապագան է. ամեն Հայու համար որոց քով սրտի ազնուագոյն զգացումները դեռ բոլորովին մարած չեն, որոց սիրտը կը յուզուի, կը վշտանայ՝ եթէ աղէտ մը պատահի մեզ, կամ կը բերկրի՝ եթէ բարելաւութեան յոյս մը տեսնուի մեզ համար, այդ ամեն անձանց համար անքաւելի մեղք մ’է, անխղճութիւն մ’է անրային, ազգային գործի հոգածութիւն չունենալը։

Մարդասէր կառավարութեան մը ներքեւ, որպէս է Օսմ. իշխանութիւնն, որոյ օրէնքները կը պարտաւորեն զմեզ լնուլ մեր պարտքն որպէս առ կայսրութիւնն նոյնպէս եւ առ մեր ազգն, ամօթալի է եթէ ձեռք բերելով ամենքնիս առանձին ընկերական դիրք եւ վարելով հանգիստ կեանք, ամեն պարտք հատուցած, ամեն նպատակ ձեռք բերած նկատենք։ Օտար ազգէ մէկու մը առջի հարցումը մեր ազգութիւնն է եւ ի՜նչ ամօթ եթէ զգուշանանք իմացնելու մեր բուն անունն, որոյ դժբաղդութիւնը մեզ արատ մը համարելու անմտութիւնն ունենք։

Ուստի անհուն եւ անդարմանելի սխալ մը կը լինի, թէ ոչ յանցանք մը, չի հնազանդիլ այն օրէնքներուն որոնք Սահմանադրութեան անուան ներքեւ զմեզ վերականգնելու համար տրուած են։ Իրօք, Սահմանադրութիւնը մեր ազգին անյարմար նկատելը՝ շատ բացորոշ սխալ մ’է, որպէսզի կարենայ երբեք ընդունելութիւն գտնել հասարակաց կարծեաց մէջ։ Միապետական վարչութիւնն՝ անբնական վարչութիւն է, եւ զայն պահանջելն՝ անհատներու իրաւունքը, խելքն եւ նոցա օժանդակութեան կարեւորութիւնն անգիտել ըսել է. նոյնպէս ծուռ խորհրդածութեան արդիւնք է մեր ներկայ կացութիւնը Սահմանադրութեան վերագրել։

Սահմանադրութիւնն՝ Օսմ. կառավարութեան մեր ազգին ըրած մեծագոյն բարիքն է, եւ ազգն յաւիտեան երախտապարտ է ամեն անոնց որ այդ օրինաց շնորհելուն աշխատած են. բայց վա՛յ մեզի եթէ անկարող լինինք զանոնք գործադրելու։

Եթէ մեր ներքին կազմակերպութեան վերաբերեալ օրինաց գոյութեան կամ անգոյութեան հաւասարապէս անտարբեր եմք, անարժան եմք մեր բարւոքման համար ո եւ է բան պահանջելու։

Մեր Ազգ. Ժողովն՝ Օսմ. իշխանութեան պաշտօնական մարմիններէն մին է, որոց անդամները՝ մեր ազգէն եւ մեր քուէէն ընտրուած՝ պարտաւորութիւն ունին մեր յառաջադիմութեան աշխատելու, նորա որոշումները գործադրելի են Ազգ. Պատրիարքարանի միջոցաւ, որ ինքն իսկ Օսմ. վարչութեան պաշտօնատուներէն մին է եւ մեր զօրութեան կեդրոնն է։

Ի՞նչ կը պահանջենք աւելի։

Եթէ մեր Ազգ. Ժողովն՝ իւր իրաւասութիւնը իւր տգիտութեամբը չճանչնալով, իւր կարեւորութիւնն՝ իւր անկարողութեամբը կորսնցնելով, անուանական մարմին մը, ստուեր մը, շուք մը միայն դարձած է, եթէ մեր Պատրիարքարանն՝ միայն Իլմուխապէրներ եւ անհամ Թագրիրներ գրելով, իւր զօրութիւնն իւր ապիկարութեամբը կորսնցուցած է, ո՞վ է մեղաւորն։

Չի գանգատինք, այլ ջանանք կարգաւորել իրաց վիճակ մը որոյ վերջաւորութիւնը գուցէ մեր կարողութենէն վեր լինի այլ եւս դարմանել, եւ որուն մեր անտարբերութիւնը միայն պատճառ տուած պիտի լինի։

Եթէ մեր հայրենակիցներու վրայ մեր գութը չշարժիր, մեք՝ որ նոցա եղբայրներն եմք, ի՞նչ իրաւամբ ուրիշներու գութը կրնանք հրաւիրել նոցա վրայ։ Չգանգատինք, այլ ցոյց տանք հոգածութիւն հանրային գործին, ազգային գործին, աշխատինք գործադրել Սահմանադրութիւնն՝ որ անսահման բարիքներ յառաջ բերելու կոչուած է, չգանգատինք՝ այլ վերակազմենք մեր Ազգային Ժողովն՝ որ իւր կոչման ըստ արժանւոյն չպատասխաներ, վերաշինենք մեր Պատրիարքարանը՝ ոչ թէ փայտերով կամ քարերով, այլ մարդերով, Օսմ. օրինաց եւ ազգային կենաց տեղեակ պարկեշտ եւ գործունեայ անձերով։ Մտածենք նորանոր միջոցներ մեր յառաջադիմութեան համար, մտածենք այն լրջութեամբ որ այս աստիճանի փափուկ խնդրոց անհրաժեշտ է։

Վճարենք եւ վճարել տանք ազգին ամեն, նամանաւանդ կրթական պիտոյից համար, բարձրացնենք Մամուլը որ մեծ մասամբ իւր անուան, իւր կոչման անարժան յետնագոյն ստորնութեան խոնարհած է։ Չգանգատինք, այլ ջանանք արդիւնաւոր եղանակի մը վերածել ազգային տրոց հաւաքման եղանակն, եւ բարեխնամ կառավարութեան օժանդակութիւնն հայցենք այս մասին, օժանդակութիւն որ չպիտի զլացուի մեզ, կամ խնդրեմք որ հաճի գէթ ստանձնել մեր Պատրիարքարանի պաշտօնից ամսականներն, որով ամենօրեայ մտահոգութեան մեծ մաս մը բարձուած կը լինի մեր մէջտեղէն։

Վերջապէս չգանգատինք, այլ վերադառնանք մեր հայրենի երկիրն զոր կը սիրենք առանց տեսած լինելու, որոց աղէտներու դարման կը փնտռենք առանց ճանչնալու, բժիշկ, փաստաբան, երկրաչափ, դրամատէր կամ արհեստաւոր՝ դառնանք ի Հայաստան որ կոյս ու արգաւանդ երկիր մ’է ամեն հարստութեանց կողմէ եւ ուր դիւրին է բարձրագոյն ընկերական դիրք մը ձեռք բերելով փրկաւէտ ներգործութիւն մը յառաջ բերել տեղացի ժողովրդեան վրայ, նորա դիրքի եւս բարձրացնելով քաղաքակրթութեան մէջ։

Եթէ միայն Պոլսոյ մէջ գտնուող Հայ տարրն Հայաստան վերադառնայ, մեր հայրենիքը բարենորոգմանց կարօտ չլինիր երբեք։

Ուստի ընենք այս ամենն՝ որք մեր ձեռքն են, որք անփոխարինելի զոհողութիւններ չեն պահանջեր եւ որք մեր սիրելագոյն պարտականութիւնը պէտք է լինին։

Բայց յայտնի է որ այս ամենն ալ հետեւութիւններն են այն մեծագոյն առաքինութեան որ կը կոչուի «հանրային գործի հոգածութիւն»։