Յօդուածներ (1878-1914 թթ.)

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ՄԱՅՏԱ

Ամերիկայի եւ Եւրոպայի մէջ իգական սեռի պահանջմանց աղաղակներն մեր մէջ ալ արձագանգ գտնելու վրայ են։

Այս անգամ ծանօթ գրագիտուհի մ’է որ իւր Մայտաին մէջ դառնութեամբ կը բողոքէ կանանց ընկերական կացութեան համար։

Հեղինակին մեծ համբաւը, իւր խանդավառ երեւակայութիւնը, իւր փայլուն ոճն, իւր խորհրդածութեանց բարձրութիւնը անգամ մ’եւս կը հաստատուին այս երկին մէջ. բայց թէ այն դատն զոր կ’ստանձնէ՝ արդարացի կամ ընդունելի՞ է այն ձեւին տակ, որով Մայտաի մէջ կը պաշտպանուի, այդ տարբեր է բոլորովին։

Լուսաւորութեան շաւղին մէջ հազիւ թեւակոխող մեր ազգին համար կը վախենք թէ մի գուցէ չափէն աւելի զօրաւոր լոյս մը յանկարծակի վնասէ երկարատեւ մութին վարժուած աչքերու. կը վախենք մանաւանդ թէ մի գուցէ կենսական լոյս մի համարուի ինչ որ խաբեբայ փայլ մը կրնայ լինիլ։

Իգական սեռի իրաւանց խնդիրն դեռ մեր մէջ կիզիչ օրուան խնդիր մը կրնար համարուիլ։

Իրաւունքի մասին սխալ հասկացողութիւն մը պարտականութեան ամեն ծանօթութիւններ կրնայ մոռցնել տալ, մոռացութիւն՝ որ աղէտաբեր կրնայ լինիլ մեր ազգային կեանքին համար։

Այս տեսութեամբ է որ մտածեցինք ցոյց տալ բուն արժէքն Մայտաի մէջ քարոզուած այն հաւասարութեան սկզբան, որ քաղաքակրթութեան արդի վիճակին համար անհիմն պահանջում մը լինելէ անդին չի կրնար երբեք անցնիլ. եւ ցոյց տալ թէ կանանց սիրային զգացմանց նոցա միակ պարտքն եւ իրաւունքն հռչակելն՝ բարուց ապականութեան եւ ընտանեկան կենաց քայքայման կ’առաջնորդէ, եւ ցոյց տալ վերջապէս թէ զկինն՝ արանց շղթայեալ գերին, անձնուէր զոհն, անտրտունջ ողջակէզն ներկայացնել ճշմարիտ չէ երբեք, այլ թէ կնային բնութիւնն է որ պարզապէս նորա իրաւունքն եւ գոյութեան պայմանները կը ճշդէ. եւ եթէ գանգատելու իրաւունք մը երբեք կայ, եթէ անհաւասարութեան դէմ ձայն բարձրացնելու հարկը կ’զգացուի, այդ իրաւունքը, այդ հարկը արանց համար է, որոյ յատկացուած են ամեն չարչարանք, տքնութիւն, յոգնութիւն եւ աշխատութիւն, մինչդեռ կինն սովոր է միայն վայելել այ քրտանց արդիւնքը որոց բնաւին չէ մասնակցած։

Այս ներածութիւնն գուցէ չի լինի յարմար իգական սեռի ճաշակին. յարմար եւ այն արանց որք գեղեցիկ սեռին համակրութեանը քան ճշմարտութեանը հետամուտ, նախադամ կը համարին կնոջ գոհունակութեան ժպիտը՝ արդարութեան ձայնէն. բայց այս չարգիլեր զմեզ յայտարարալէ ինչ որ մեր խղճին վրայ ճշմարիտ կը հաւատանք։

Երբոր խնդիրը՝ ընկերական կենաց պարգեւած ազատութեանց եւ իրաւանց կինն մասնակից ընելու վրայ է, հարկ կը լինի հարցնել թէ որքան կնոջ մասնակցութիւնն ընկերական պարտականութեանց։

Նախ եւ առաջ պէտք է ճանչնալ որ կինն օտարական է բոլորովին քաղաքակրթութեան այն հսկայ շէնքին որ այր մարդն իւր արիւնովն, իւր քրտամբը կառուցած է։

Բոլոր այն հրաշալի գիւտերուն մէջ, զորս մարդկային հանճարը կ’արտադրէ, կինն դեռ բաժին չունի։

Երբոր հեռաւորութիւնները կը բարձուին, երբոր լեռներն իրենց կուրծքը թոյլ կուտան ճեղքել, երբոր ցամաքները ծովերու կը փոխուին, ու Աստուծոյ ստեղծած աշխարհն իւր Արարչէն իսկ անճանաչելի ըլլալու չափ կը կերպարանափոխուի, կինն այն աշխատութեանց մասնակցա՞ծ է երբեք։

Եթէ ազգերը կը կազմուին, կառավարութիւնները կը ձեւանան, օրէնքներ կը գրուին, զօրութիւններ կը հաստատուին, պատերազմներ կը լինին, յեղափոխութիւններ տեղի կ’ունենան, կինը հանդիսատես լինելէ անդին անցա՞ծ է երբեք։

Եւ ա՛յս՝ չէ մի աւուր, չէ մի տարւոյ, չէ հարիւր տարւոյ պատմութիւն. մարդկային ծագումէն մինչեւ այս օրուան, այսինքն միլիոնաւոր դարերու պատմութիւն է այս. իրողութիւնն է այս։

Բայց պիտի առարկեն ինձ՝ թէ այրն էր որ զկինն շղթայեց, թէ թոյլ չի տուաւ իրեն աշխատակցիլ, եւ պատասխանատու չի կրնար լինել կինն այս ծուլութեան որոյ իւր կամքին հակառակ դատապարտուած է։

Եւ ես կը հարցնեմ, թէ կինն ինչի՞ չի շղթայեց, գերի չի դարձուց զայրն. թէ ինչո՞ւ ինքն չաշխատեցաւ եւ այր մարդն անգործութեան չի դատապարտեց։

Ո՛չ, այրն գերի չէր կարելի դարձնել, որովհետեւ զօրաւոր էր նա կնոջմէ, ոչ իւր մարմնական ուժովն, այլ իւր մտային կարողութեամբն, իւր աշխատութեան յարմարութեամբն, իւր բնութեամբը եւ թէ որ կինն ի բնէ ունենար այն հաւասարութիւնը զոր այսօր կը պահանջէ, իւր դիրքն շատոնց ի վեր ձեռք բերած պիտի լինէր։ Տեսնուած է որ ազգեր զիրար յաղթած են, աւելի քաղաքակիրթ ազգի մը՝ կրցած է իրեն ծառայեցնել նուազ քաղաքակիրթ ազգի մը. բայց երբեք չէ տեսնուած որ անգործութեան, ծուլութեան դատապարտէ զայն, ընդհակառակն, ջանացած է զայն աշխատցնել եւ ինք վայելել. ի՜նչ զարմանալի գերութիւն՝ յորում տէրը կը ծառայէ։

Պատմութիւնը ցոյց կուտայ որ յաղթուած ու գերի դարձած ազգեր չեն դադրած յաղթողին աշխատակցելէ ամեն մասի մէջ. յաղթողին եւ յաղթեալին իրաւանց հաւասարութիւնն՝ որ լուսաւորութեան անհաւասարութեան պատճառ չէր կրնար ի սկզբան գոյութիւնն ունենալ՝ ի վերջոյ ձեռք բերուած է։

Կը հետեւի ուրեմն որ կանանց կացութիւնը, որ այսքան երկարատեւ անցեալով մը անփոփոխ է, իւրեանց բնութեան եւ գոյութեան պայմանաց հետեւութիւնն է, եւ ոչ արանց բռնութեան արդիւնք, որք ի բնէ սահմանեալ են աշխատութեան եւ իշխանութեան, իսկ կինն ամուսին եւ մայր լինելէ անդին չունի դեր մարդկային կենաց մէջ, իւր գոյութիւնն այդ երկու պաշտօններով միայն կ’արդարանայ, մինչդեռ այր մարդն գերագոյն եւ վեհագոյն կոչում մ’ունի, բացի ամուսին եւ հայր լինելէ, նա յառաջադիմութեան, նա ի կատարելութիւն մերձեցման դրօշակիրն է։

Մինչդեռ կը հաստատուի կանանց ամուսին եւ մայր լինելէ զատ ուրիշ ո եւ է գերի անյարմարութիւնը. անիրաւ է ուրեմն պահանջել աւելի իրաւունք քան զայնս, որք այդ երկու պաշտօններու յատուկ են։

Ապաքէն ես չեմ որ կնոջ մայրական եւ ամուսնական իրաւունքներն <կը> մերժեմ, բայց այդ իրաւունք չեն անսահման եւ ոչ իսկ հաւասար այր մարդու իրաւանց։

Բայց եթէ կինն՝ կ’զգայ յինքեան մարդու չափ աշխատութեան կորով, քաղաքակրթութեան համար փոյթ եւ յառաջադիմութեան համար փափաք, ապա ասպարէզն բաց է ամենուն համար, եւ դաշտն աշխատութեան կարի ընդարձակ. ոչ մի այր պիտի դիմադրէ իւր կնոջ աշխատութեան, բա՛ւ թէ անտես չառնէ իւր ամուսնական ու մայրական պարտաւորութիւնն։

Եւ երբ օր մը կարենայ ցոյց տալ գոնէ խրճիթ մը այր մարդուն մեծագործութեան մօտ, երբոր կարենայ կետ մը գոնէ աւելցնել ահագին հատորներու մի էջին վրայ, այն ատեն միայն իշխանութեան մաս մը պահանջելու ձայնն լսելի կրնայ լինիլ։

Մինչեւ ցայն վայր վաղահաս եւ անիրաւ կը լինի իրաւանց բացարձակ հաւասարութիւն առն եւ կնոջ համար։

Բայց արդ երանելի օրն պի՞տի ծագի երբեք. հարցում մը որու պատասխանելն դժուարին է, բայց որչափ սխալ ըմբռնուին կնոջ պարտականութիւնքն, նոյնչափ ապահովապէս կրնայ ըսուիլ, որ ուշ պիտի փայլի այդ արշալոյսն։

Մինչեւ ցարդ կինն իբրեւ ընկեր այր մարդուն նորա անկման միայն ծառայած է, նորա բարոյական ուժը իւր հաճոյից մէջ սպառելով, նորա գերագոյն կոչումը իւր զուարճութեանց մէջ մոռցնել տալով։

Ընկերական կենաց մէջ կինն թշուառութեան եւ անիծից տարր մ’է միայն եւ ոչ այլ ինչ։

Իւր խոստացած երջանկութիւնը խաբուսիկ երազ մ’է միայն, եւ ինքը Քալիպսօի նման հեշտամոլ եւ պաշտելի դիցուհի մը, ուրիշ նպատակ չունի բայց եթէ մոլորեցնել մարդն իւր աշխատութեան ճամբէն եւ իր ինքնայօժար գերութեամբն ձեռք բերել այն իշխանութիւնը, զոր պահանջելու համար ուրիշ տիտղոս մը չէ ցոյց տալ։

Եւ սակայն Մայտաի հեղինակն կանանց համար արանց հաւասար իրաւունք եւ ազատութիւն պահանջած ատեն, դժբաղդաբար չէ ցոյց տուած այդ իրաւանց եւ ազատութեան գործածութեան վայելուչ եղանակ մը։

Եթէ Մայտաի կեանքը քննենք՝ չենք կրնար ըսել որ իւր ազատութիւնը գործածած լինի այնպիսի մը նպատակի մը յորմէ իւր ազգն կամ մարդկութիւնը օգտուի։

Աղքատ կանանց համար գործատուն մը բանալու փափաքն բաւական չէ աշխատութիւն մը ապացուցանելու։ Ընդհակառակն կը տեսնենք որ իւր բոլոր ազատութիւնը, կարողութիւնը, իմացողութիւնը իւր զգացմանց միայն յատկացուցած է։

Եւ ո՞ր կինն այսպէս չէ։

Տ. Սիրա իւր ազատութիւնը լաւագոյն կերպով գործածած չէ։ Անսանձ կրից անձնատուր լինելու հարկն՝ յառաջադիմութիւն եւ քաղաքակրթութիւն դաւանող այս ծեր կնոջ կեանքէն Մայտաի հեղինակն նպաստաւոր փաստ մը չի կրնար քաղել։

Հերիգան Մայտաէն ոչ նուազ ազատութեան տէր է, այլ նա եւս իւր կրից անձնատուր՝ ամեն ոճիր անխղճութեամբ կը գործէ եւ չենք գիտեր թէ կրից սաստկութիւնը յանցանացը թեթեւցուցիչ պարագայ մը կրնայ համարուիլ։

Յուլիանէ նոյնպէս իր ամուսնոյն գերին չի կրնար ըսուիլ, այլ սա եւս պարկեշտ ամուսին մը լինելէ անդին անցած չէ, բարեբաղդաբար գոհացած այն դերով զոր բնութիւնը իրեն սահմանած է։

Կը տեսնուի թէ հեղինակին համար սէրն՝ կանացի սրտին միակ առաքինութիւնն համարուած է. այն ամեն արգելքներն, օրէնք եւ կրօնք որ այդ մոլորեցուցիչ առաքինութիւնն կը չափաւորեն, նախապաշարումներ են միայն իւր աչքին։ Կրօնքն, օրէնքն գուցէ նախապաշարումներ են, բայց փրկարար նախապաշարումներ, բարոյականութիւններ ու պատիւն՝ նախապաշարումներ են թերեւս, բայց ընկերական կեանքն ու յարաբերութիւնները պահպանող նախապաշարումներ են։ Ասոնց հարկն իրենց ընդունելութիւնն կ’արդարացնեն հասարակաց խղճին մէջ։

Սա նախապաշարումներ չեն զորս պէտք է ոտնակոխ ընել եւ անցնիլ, այս թումբերն չեն որք հասարակաց անդորրութիւնը կ’ապահովեն ու կիրքերն կը սանձեն, այս թումբերն չեն զորս պէտք է խորտակել։

Սէրն արդէն շատ կը տիրապետէ կանացի սրտին մէջ մղելով զայն առաքինութենէ մինչեւ ոճրագործութիւն, դիւցազնութենէ մինչեւ նուաստութիւն։

Խիստ եւ աններող ձայնի մը արձագանքը միայն կրնայ հոն փրկարար ներգործութիւն մը ունենալ, եւ ոչ կնոջ ընտանեկան պատւոյն դէմ գործուած մեղանչմանց ջատագովութիւնն։ Կնոջ բոլոր ընկերական կեանքը իւր առ ամուսինն հաւատարմութեան խոստման գործադրութեան մէջ կը կայանայ եւ այդ ուխտին դրժուիլը իւր մեծագոյն ոճիրն է։ Այլ ո՞չ ապաքէն նոյնիսկ Մայտաի մէջ նկարագրուած անձնաւորութիւնները մեր դիտողութեանց ճշդութիւնն երեւան կը հանեն։

Մայտա խանդավառ երեւակայութեան տէր երիտասարդ այրի մ’է (եթէ երբեք երիտասարդ կրնայ ըսուիլ կին մը՝ որ հարսնցու աղջիկ մը հասունցած է), այրի մը՝ որ լքեալ մնալուն վրայ վայրիկ մ’է յուսահատ, այլ յետոյ զՏիգրան սիրելով կը վերակենդանանայ ու կը բորբոքի, իւր ծերունի խրատատուն Տ. Սիրայ այդ հուրն արծարծելու մասին ո եւ է պակասութիւն չի գործեր բայց ափսոս որ գեղանի ամուսնացեալ կին մը, Հերիգա, Տիգրանի համար ունեցած սէրն մերժուելէն կատղած, զՄայտա Տիգրանի ուխտադրուժ ցոյց տալ եւ զանոնք բաժնել կը յաջողի, երբ զինքը կը վայելեն արդէն բազմաթիւ սիրահարներ եւ սիրամաշ ամուսին մը։

Մինչդեռ այդ գեղանի հրէշն մին դաւաճան կ’ընէ, մին մարդասպան եւ միւսն թշուառ, անդին Տիգրան ուրիշի մը հետ կ’ամուսնանայ. բայց ի վերջոյ Մայտաի անմեղութեան եւ սիրոյն մեծութիւնն ճանչնալով կը փութայ իրեն վերադառնալ իւր հէք կնոջ եւ նորածին զաւկին կրկին գերեզմաններն կոխկռտելով։ Որպէս կը գրէ իր նամակին մէջ, կ’ամուսնանայ Մայտաին հետ որ սակայն իւր անշէջ սէրէն ծիւրած ժամանակէն առաջ կը մեռնի։ Իսկ Տ. Սիրա միշտ բարի խրատատու եղած է Մայտաին համար, հրաւիրելով զինքը աշխարհի հաճոյքներուն եւ անյոյս չի թողլով նորա հրաբորբոք սիրտն։ Բայց երբ Տիգրանին կինն ու զաւակը հազիւ թէ մեռած, Մայտաի հետ անմիջապէս ամուսնանալու համար Պոլիս գալէ եւ Մայտաին գէթ քիչ մ’ատեն մեռելոց սուգը պահելու համար ամուսնութեան յետաձգիլը կը լսէ, կը փութայ գրել Մայտաին, թէ աւելորդ է անտեղի պատշաճութեանց համար իրենց սիրային յարաբերութիւնները յետաձգել, թէ այդ նախապաշարումներն անվայել են Մայտաի պէս զգայուն եւ Տիգրանի պէս հաստատ սիրահարներու համար։

Տ. Սիրայի այս նամակը նոր զգացմանց փափկութեան չափը ցոյց կուտայ, եւ ընթերցողին սիրտը ահաւոր սարսուռ մը կ’զգայ այս անպատշաճ խրատը կարդալով։ Միեւնոյն Տ. Սիրան է որ Հերիգային պատժուելուն դէմ կը բողոքէ, այս կինն՝ որ ամեն պարկեշտ մարդու սարսափը միայն կրնայ հրաւիրել, այս կինն՝ որ իւր սէրը՝ որ իւր պատիւը՝ իբրեւ եպերելի փոխանակաութեան միջոց մը, իբրեւ նորահնար դրամ մը, իւր կրից յագեցման կը գործածէ, շնորհ կը գտնէ Տ. Սիրայի աչաց առջեւ։

Ահա կանանց համար ազատութիւն պահանջող վէպն։

Կանանց քով ամեն պարկեշտութիւն, ամեն չափաւորութեան զգացում անհետացած ցոյց տալով չէ որ նոցա ազատագրութիւնը կրնայ ձեռք բերուիլ, եթէ ազատագրութիւն բառն կ’ուզէ անպատճառ գոծածել Մայտաի հեղինակը։

Կիներն իրենց զգացման գերին լինելն երեւան հանելով չէ՛ որ նոցա համար եւս իշխանութիւն կրնայ պահանջուիլ։

Եւ սակայն, ի՞նչ գաղափար կ’ունենամ կանանց վրայ, երբ ընթերցումը կ’աւարտեմ։

Միթե չա՞րդարանար բանաստեղծին այն խօսքը, որով կ’ըսէ թէ կինն փետուր մ’է հովին դէմ։

Երբ Հերիգայի պէս գռեհիկ կնոջ մ’առթիւ, հեղինակը կանանց ընտանեկան պատւոյն դէմ մեղանչումը արդարացնել կը ջանայ. երբ այդչափ ստորին արարածի մը համար իւր բոլոր պերճախօսութիւնը կ’սպառէ առանց յանդուգն վճիռ մ’արձակած լինելու՝ ապահովապէս կրնայ ըսուիլ թէ Տ. Տիւսաբի դատն կորսուած է։

Կը գովեմ իւր փայլուն ոճն՝ որ անմահ Պէշիկթաշլեանի գրիչն մեզ կը յիշեցնէ, թէեւ կը պակսի կարծեմ քիչ կորով եւ ուժգնութիւն. կը գովեմ այն վառվռուն պատկերներն՝ որոց Մայտաի գրեթէ մէն մի էջին մէջ հանդիպելու հաճոյքն կայ, թէեւ ոմանք պակասութիւն համարին այն չափազանց խնամքը որով այս պատկերները գծուած են. կը գովեմ վերջապէս իւր բարձր դատողութիւններն, թէեւ լինին իսկ երբեմն սխալ, յանդուգն կամ վաղահաս, բայց չեմ գովեր երբեք իւր պաշտպանութեան եղանակը։

Ո՛չ, այս տեսակ կերպով չէ՛ որ կանանց համար ազատութիւն կրնայ պահանջուիլ։

Կը յայտարարենք որ հեղինակին մեծ շնորհ մ’ըրած կ’ըլլանք արդէն եթէ կանանց դատապարտութեանը չի գործածենք զայն։