Յօդուածներ (1878-1914 թթ.)

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ԽԱՐՈՅԿԻ ՄԸ ՊԷՏՔ ԿԱՅ

Բողոքալից ձայներ ամեն կողմէն կը լսուին. այն վրդովումը՝ որ ամսէ մը ի վեր անզուսպ մակընթացութեան մը պէս շարունակ կ’աւելնար, իւր բարձրակէտին հասած է եւ կանացի պահանջմանց խնդրին՝ մեծ պայքարով հռչակ հանել կ’սպառնայ։

Որչափ ալ տարբեր լինին արտայայտութեան եղանակներն գէթ իգական սեռին բոլոր անդամներն միաձայն են դատապարտելու այն տեսութիւնները զորս Մայտաի քննադատութեան առթիւ յայտնած էի Երկրագունտի մէջ։

Այս սրտայուզութիւնն հասկանալի էր ապաքէն նոյն իսկ երբ կին մ’էր որ յարձակմանց նշանը կուտար։

Մեր առաջին յօդուածը՝ կատարեալ ուսումնասիրութիւն մը չէր անշուշտ անդ յիշուած ընկերական մեծ խնդրոյն վրայ. մենք միայն շօշափած էինք անոր գլխաւոր գիծերն, այսինքն ինչ որ կարելի էր ամսաթերթի մը անձուկ սահմանին մէջ։

Իգական սեռի հաւասութեան խնդիրն իսկապէս իրաւաբանական փիլիսոփայութեան կը վերաբերի եւ փափագելի էր որ այդ գիտութեան հմուտ անձ մը ձեռք առնուր այս կարգի կարեւոր հարց մը։

Բայց մեր մէջ կը բաւէ քաջ հայկաբան մը լինել գիտական բոլոր ծանօթութեանց տէր համարուելու համար. կը բաւէ սահուն ոճի մը կամ բառերու ներդաշնակ կապակցութեան գաղտնիքն գիտնալ իմաստասիրական ամենաբարձր խնդրոց վրայ դատաստան ընելու համար։ Մենք մասնագիտութիւնը կ’արհամարհեմք. մասնագիտութիւնն՝ սահմանափակ մտքերու կը պատշաճի միայն եւ հայկական հանճարն ազատ կը պահանջէ թռիչ ու ասպարէզ։

Թող այնպէս լինի ուրեմն. մեր ընդդիմախօսին աչերն մեծ վախ չեն ազդեր մեզ եւ դիւրին է երեւան հանել իւր փաստերուն տկարութիւնն զոր լաւագոյններ չունենալուն համար անշուշտ, մէջ բերած է ի նպաստ կանանց հաւասարութեան։

Հրաչեայ Մայտաի հեղինակէն աւելի պահանջող է կանանց համար. նա իւր յօդուածին մէջ գեղեցիկ սեռին քաղաքակրթութեան մասնակցութիւնն հաստատել կը փորձէ։

Երկարօրէն բացատրելէ յետոյ կանանց անուղղակի ներգործութիւնն՝ մարդկային բարուց եւ զգացմանց վրայ՝ նա կը պնդէ որ կինն է այր մարդու լաւագոյն գաղափարներն ներշնչողն. լաւագո՞յն գաղափարներ, իբրեւ թէ հոգն ըլլար իրեն մարդոց ճակատագրին, ցորչափ իւր պէտքերուն, իւր կամաց, իւր հաճոյից գոհացում կը տրուի։

Եւ ի՞նչ փաստ ունին անոնք որք այսքան ծանր առարկութիւն մը յառաջ կը բերեն, ո՞ր յառաջադիմական շարժումն կանաց ներշնչման կը պարտինք, ո՞ր ջանքն կամ ո՞ր արդիւնքը նոցա նախաձեռնութեանց հետեւութիւնն է։

Աղէկ կամ գէշ գաղափար ներշնչելն իմաստուն ու դրական մտքի գործ է եւ սակայն Հրաչեայ կը ճանչնայ թէ կինն զգացում մ’է եւ այն բանականութիւն։

Գաղափար նե՛րշնչել, բայց ըսէք, խնդրեմ, մինչեւ ցարդ հատ մը կազմելու կարողացա՞ծ է արդեօք։

Ամեն ատեն որ տեսնենք կինն աշխարհի պայքարին մէջ, միշտ գործիք եղած է արանց ձեռքը։

Միթէ պատմութիւնն չի կայ այլեւս։

Եւ կրնա՞յ ուրացուիլ որ կինն ամեն յետադիմական շարժմանց հետ կ’անձնաւորուի միշտ։ Միապետութեան կուսակից՝ հոն ուր ժողովրդեան ազատութիւնը կ’իշխէ, մոլեռանդութեան կուսակից՝ հոն ուր հաւատքի ազատութիւնը կը քորազուի. նա շարունակ իրեն ներշնչուած սխալ սկզբանց իրականացման կը գործածէ հրապուրիչ դէմքի մը տուած առաւելութիւնը, խաբեբայ լեզուի մը գոյացուցած համոզումը եւ հնարագէտ մտքի մը արտադրած բոլոր մեքենայութիւնքը։

Իսկ Հրաչեայ նոցա ուղղակի գործունէութիւնն ալ հաստատել կը ջանայ եւ ցոյց կուտայ մեզ հին դարուց մէջ Սպարտացի կամ Գերմանացի կանանց պատերազմասէր ոգին եւ Քրիստոնէութենէ վերջը մարտիրոսուհեաց քաղաքակրթիչ վարդապետութիւնն եւ ներկայ դարուս կրօնաւորուհիներն որք ըստ ասութեան աշխարհ կը շրջին սէր ու լոյս տանելու մարդկութեան։

Սպարտացի կամ Գերմանացի վայրենուհեաց յիշատակութիւնն, կանացի փափուկ սիրտն՝ բարուց մեղմանալուն միակ պատճառն հրատարակելէ վերջը, քիչ մը յանդուգն է եթէ ոչ ուրիշ բան։

Այնչափ յանդուգն է թերեւս յիշատակել այն մոլեռանդ կանայքն՝ որք կրօնաւորներու վայրագ քարոզներէն մոլեգին՝ մարտիրոսութեան պսակի մը երազով արդարապէս սպանուած են այն ժողովուրդներէն որոնց օրէնքն ու հաւատքն կը նախատէին. կո՛յր ու անմիտ գործիքներ անոնց որք հասարակաց խիղճը վրդովելէ որիշ պաշտօն չունին եւ որք շարունակ նոր կրօններ հիմնելու համար երեւան կ’ելլեն իբրեւ ժամանակաւոր ախտեր լուսաւորութեան գործն յետաձգելով եւ կրօնական հալածումներու մատնելով զաշխարհ։

Իսկ ելլել մեզ խօսիլ այժմեան կրօնաւորուհեաց վրայ, ճիշդ այն կանանց որք իրենց կին լինելն կ’ուրանան ու կը դատապարտեն, այն կանանց, որք քաղաքակրթութեան դէմ կը մաքառին ու զայն կ’անիծեն, որք՝ մեղապարտ բնութեան դէմ որոյ օրէնքներն ոտնակոխ ընել կը ջանան, մեղապարտ մարդկութեան դէմ որոյ պարտաւորութիւններէն կը խուսափին, նոյնչափ խաբեբայ նոյն իսկ Աստուծոյ դիմաց արչափ մարդկութեան, այս կանանց որոց խաւարապատ կեանքն կարող է ամեն սարսափելիոճիրներն ծածկել առանց սրբութեան քօղն աղարտելու, այս կանանց, որք ինչպէս ամեն ոք գիտէ, սովորաբար իրենց յանցանքն քաւելու համար ապաշխարելու դատապարտեալ, իրենք իրենց համար ուրիշ աշխարհ մը ստեղծած են ընկերութեան ծոցին մէջ, աշխարհ մը կեղծավորութեան ու վատութեան. ասի ալ չափը կը լեցնէ ու կը պարտաւորինք հարցնել թէ մի գուցէ միջնադարեան վարդապես մը ընդդիմախօս լինելու պատիւն ընէ մեզ։

Բայց ասով չաւարտիր Հրաչեայի փաստերուն երկար շարքը. նա հեղինակներու ալ ասպարէզը կ’որոնէ, ու Ժօռժ Սան մը կը գտնէ բաղդատելու համար… չեմ գիտեր, յիրաւի, որու հետ։ Այսչափ աննշան վիպագիր մը գտնելն այրական հանճարներու դէմ, եթէ հանճարի մասին կանանց՝ արանց հետ հաւասարութիւնը չապացուցաներ, գոնէ կը հաստատէ թէ իրենց բոցալեզու պաշտպանն ամեն միջոց ի գործ դրած է իրենց պաշտպանութեան համար, եւ թէ որ հասարակաց դատաստանն ու ողջամտութիւնն մերժեն կանանց անհեթեթ ու անիրաւ պահանջումներն, յանցանքն Հրաչեային չէ։

Բայց կանանց սիրավառ ջատագովն այսչափով ալ չի գոհանար, եւ երաժշտական ասպարէզին մէջ գէթ կանանց առաւելութիւնն կը կարծէ։ Հոն՝ ուր Պէթթովէն, Մօցառթ ու Մենտէլսօն կը թագաւորեն, ամեն ոք ամօթահար պէտք է լինի կանանց երաժշտական տաղանդին խօսքն ընելու։

Հրաչեայի այս երկար խուզարկութիւնները կը վերջանան իմաստասիրական այնչափ բարձր խորհրդածութեամբ մը, որ ուղիղ լինելէ անդին կ’անցնի. նա առանց երկբայելու կ’իմացնէ, անտարակոյս առաջին անգամ լինելով, տգէտ մարդկութեան թէ՝ հաւասարութիւն նոյնութիւն չի նշանակեր։

Եւ միթէ ի՞նչ են իրաւունք՝ եթէ ոչ օրինաց վայելումն. եւ օրէնքն անհատի մը էական բնութեան պարտի համաձայնիլ միշտ, ինչպէս կը գրէ Մօնդէսքիէօ։ Ուրեմն, միեւնոյն օրինաց ենթակայ լինելու համար, կամ տարբեր բառերով, միեւնոյն օրէնքն վայելելու համար՝ հարկ է նոյնութիւն յատկութեանց ու կարողութեանց մէջ. եւ երբ Հրաչեայ կը խոստովանի թէ այրն ստեղծագործ անճար է եւ կինն հրապուրիչ գեղ ու ամօթլեած շնորհ միայն, այրն բանականութիւնն է եւ կինն զգացում, մինն՝ իմաստասիրութիւն է եւ միւնս՝ հաւատքն, այսինքն բոլորովին իրարու ներհակ բաներ՝ բնութեամբ ու պաշտօնով, այլեւս նոցա իրաւանց հաւասարութիւնն պահանջելն՝ այն գիտական վճիռներէն կը համարուի որք բացարձակ տգիտութեամբ միայն կ’արդարանան։

Բայց մինչեւ հոս դեռ եւս իւր մեծագոյն զէնքն չի յիշեցինք, չի յիշեցինք թէ որչափ պերճախօսութիւն ունեցած է երբ կնոջ երջանկաւէտ հրեշտակ մը լինելն հաստատելու կը ձեռնարէ։

Կը կարծենք որ յօդուածագիրն մի գուցէ օգուտ քաղել ուզած լինի գիտական ամենծանր հարցէ մը, աւելի կանանց քով համբաւ մը ստանալու քան ճշմարտութեան ծառայելու համար, վասն զի հոս գրագէտն իւր բոլոր տաղանդն ցոյց կուտայ, թէեւ խնդրոյն հետ էական կապակցութիւն չունի եւ իր ճարտասանական ձեւերն յիրաւի զմայլիչ պիտի լինէին եթէ մի քիչ աւելի բարեկիրթ ճաշակի արդիւնքն ըլլային։

Կինն երջանկաւէտ լինի թէ աղիտաբեր, իրաւանց հաւասարութեան խնդիրն ատով չի լուծուիր. տեսակէտէ կախումն ունի այս մասին կարծիք յայտնել, եւ ամենօրեայ փորձառութիւնն մեզ իրաւունք կրնայ տալ քան թէ մեր ընդդիմախօսին։

Այր մարդն միշտ կնոջ մը սիրոյն կը նուիրէ յիւր կեանքը, իւր անունը, իւր պատիւն, իւր համբաւն ու իւր աշխատութիւնը, եւ կը պա՞կսին կիներ ուխտադրուժ, որք առաթուր կը կոխեն կ’անցնին այդ սէրն, կ’աղարտեն այդ անուն, այդ պատիւն եւ յաւիտեան կը թունաւորեն այդ կեանքը։ Եւ ոչ անխուսափելի հարկի մը ներքեւ կը մեղանչեն նոքա, ամենէն չնչին պատճառն, ձանձրութեան վայրկեան մը յարմարադէպ է, բառ մը կը բաւէ որպէսզի խորտակեն իրենց աւանդուած միակ յոյսն ու միակ երջանկութիւնն։

Եթէ ինք կարողացաւ սուրբ հեշտութիւններու բոյնը գտնել իւր բացատրութեան ձեւը գործածելով, կամ եթէ Աւետեաց երկիր մը բացուած է իրեն՝ իբրեւ նոր Մովսէսի մը, աւելի՛ աղէկ, բայց ատով իրաւունք չստանար խստութեամբ դատապարտելու ամեն անոնք որ իրեն չափ հաւատացեալ չեն եւ ըլլալու պատճառ չունին։

Թող կինն հրեշտակ մը լինի, ես նախամեծար պիտի համարէի զինքը՝ եթէ պարզ մահկանացու մը լինէր. հրեշտակէ մը սատանայ դառնալէ դիւրին բան չի կայ, ինչպէս ցոյց կուտայ Ս. Գիրքն։

Ամեն անոնք՝ որք կանանց մասին բացատրութեանց խստութիւնս կը քննադատեն, պէտք է գիտնան թէ հասարակաց կարծեաց մէջ կնամոլ ու հեշտամոլ հոսանք մը գոյացնելն տիտղոս համարողներ չեն պակսիր մեր մէջ։ Դեռեւս կը յիշեմ յօդուած մը՝ յորում կինն իբր աստուած կը դաւանուէր։ Այս շարժման դէմ կը կանգնիմ ես, այս հոսանքներուն դէմ կը մաքառիմ ես. ալ կը բաւեն այն պարահանդէսի խօսակցութիւններն որք իմաստասիրական խորհրդածութեանց ձեւով կը հրատարակուին. գլուխնիս ուռեցաւ մտիկ ընելէ որ կինն մարդէ գերազանց ոք է. թէ դրական փիլիսոփայութիւնն շատոնց ի վեր հանրացուցած է այս ճշմարտութիւնն. թէ պաշտուելու նախասահմանեալ է կինն, թէ նորա ոտքին փոշին լինելն երջանկութիւն մ’­էր եւ պիտի լինի, եւ թէ քաղաքակրթութիւնն նորա ժպտէն պարտէր գեղեցիկն ու ճշմարիտն ուսանիլ։ Գծո՜ւձ ու նուաստ խնկարկութիւններ, որք կանանց հեշտաբոյր ներքնասենեակներուն մէջ օգտակար կերպիւ կրնան յեղյեղուիլ, բայց ո՛չ գրական հրապարակին վրայ՝ զոր կ’ստորնացնեն։

Բայց ալ ի՛նչ հարկ աւելի յառաջ տանիլ վէճ մը որ երկարելուն չափ կրնայ զայրանալ առանց համոզիչ դառնալու։

Անգէտ չէինք մեր յանդգնութեան հետեւանացը երբ յանձն առինք պատասխանել յարձակման մը որոյ դէմ ամենքն անտարբեր կը մնային, երբ ազգին ընտանեկան ու բարոյական պատւոյն համար նախամեծար համարեցինք շատ մը համակրութիւններ կորսնցնել՝ քան թոյլ տալ որ ոտնակոխ լինի ճշմարտութիւնն։

Ընդհանուր լռութեան մէջ բարձրացող ա՛յս ձայնն, այս բողոքն, այս աղաղակն անշուշտ հայհոյութիւն մ’էր սրբապիղծ, եւ կ’սպասենք որ վաղն այս տողերն համարուին գուցէ աստուածամարտ հրատարակութիւն մը զոր խարոյկի բոցերով հարկ է անհետ ընել ու ջնջել Երկրագունտէն։