Յօդուածներ (1878-1914 թթ.)

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ԻԶՄԻՐ, 24 ՅՈՒՆՈՒԱՐ

Ի՞նչ կ’ուզէք որ գրեմ ձեզ Զմիւռնիոյ վրայ. ընդարձակ ծովածոցի մը եզերքը տարածեալ, նորաշէն բայց վատառողջ, երկրաչափական ճշդութեամբ ու օրինօք հաստատուած բայց բնական գեղեցկութենէ զուրկ, հպարտ, վայրախօս, հարուստ, գործունեայ ու աղմկալից քաղաք մը՝ ահաւասիկ Փոքր Ասիոյ մեծանուն ու փարթամ նաւահանգիստը։

Տարբեր ցեղերով, ազգերով, կրօնքով ու համոզումներով, գաղափարներով ու կրթութեամբ բաժանեալ այս քաղքի բնակիչները կը միանան միայն իրենց անուանի քարափին տրուած գովեստից մէջ։

Այդ քարափն՝ այս նաւահանգստին գեղեցկագոյն շինութիւնը՝ նուիրական է հոս. վաճառականն՝ յարաբերութիւնը կը կտրէ քեզմէ. դատաւորը՝ քու դատդ չի քններ, բժիշկը կը մերժէ զքեզ դարմանել… կը վախնամ որ մինչեւ անգամ պզտիկ դաշոյնի հարուած մը չստանաս՝ թէ որ համարձակիս գէշ խօսելու անոր վրայ. ի փոխարէն ամեն ինչ ներեալ է ադկից ի զատ. քննադատէ՛ որչափ կ’ուզես, աղաղակէ՛ որչափ որ կրնաս, երգէ՛ թէ որ սիրտ ունիս կամ արտասուէ՛ եթէ պէտք կ’զգաս. ոչ ոք գլուխը պիտի դարձնէ քեզ հայելու համար, ինչպէս կ’ըսեն Իզմիրցիք։

Հասարակաց կեանքը կ’անցնի ու կ’անցնի յուրահատական միօրինակութեամբ այս քազինօներու քաղքին մէջ. գիշեր ու ցորեկ, առտու կամ իրիկուն, ամեն մարդ կը ժողուի սրճարաններու մէջ, դրամի տէրն ու մտքի տէրը, սրտի տէրն ու գրչի տէրը, լեզուի տէրն ու դաշոյնի տէրը զարմանալի մտերմութեամբ կը հաւաքոին հոս։

Զմիռնիա հակապատկերներու քաղաքն է. ուղեւորութեան ամենէն նոր եւ ամենէն հին միջոցները քովէքով կը տեսնես. հանդարտաքայլ ու ծանրաբարոյ ուղտին մօտն կը սրանայ շոգեկառքն շնչահատ արծուի մը պէս. հոդ լերան կողին վրայ՝ լռակեաց աւերակներ ու հոս նորաշէն քաղաքը՝ զուարթ ու հոգեւոր. այս կողմն օսմանցին լուրջ ու խոժոռ, այդ կողմն օտարականն անհանդարտ ու տենդավար. միեւնոյն շրջանակի մէջ ազգասէր ու օտարամոլն, հայ լեզուն սիրողն ու (ափսո՜ս) հայ լեզուն խօսելէ ամչցողն. Առաջնորդ մը որոյ համբաւը զաշխարհ կը թնդացնէ ու անդին հալածական գրագէտ ու լրագրապետ մը ցաւոց ու տառապանաց մահճին վրայ մոռցուած, վերջապէս մէկ կողմն Արեւելեան Մամոլն հզօր պաշտպաններու կռթնած ու անոր մօտ խորտակուած գրիչ մը ու խեղդուած ձայն մը… Արշալոյսը։

Իզմիրի ազգային վարժարանները փառահեղ շէնքեր են ու նոր է ամեն բան ադոնց մէջ. սրահներն ու սենեակները, տախտակներն ու սեղանները, գաւիթն ու սանդուխը. նոր են նաեւ աշակերտներն ու վարժապետները, վասն զի այս մեծապանծ շէնքերու մէջ համեստ ու խոնարհ նախակրթարան մը միայն գտայ։ Իրենց կրթական վիճակէն աւելի դրսի տեսքի հոգածութիւնն Իզմիրցւոց հիմնական հանգամանքն է։

Այստեղ ազգային ոգին ամեն ոգիներու պէս անտեսանելի ու աներեւոյթ է։ Կա՞յ սերունդ մը, ազգ մը, որոյ զաւակներն են այստեղի Հայերը, կա՞յ աշխարհիս վրայ հողի մէկ անկիւն մը, ուր իրենց եղբայրները կ’ապրին եւ ուր իրենց նախահարք ապրած են ատենով. ասոնք այն տեսակ հարցուներ են որ Իզմիրցի Հայոց մտքէն անգամ մը թերեւս չանցնին։

Ապահով՝ իրենց հարուստ կացութեան մէջ՝ անդորր՝ իրենց ներկային ու ապագային վրայ, Իզմիրցի Հայոց բոլոր ջանքն ու խնամքն իրենց քաղքին, իրենց եկեղեցւոյն, իրենց դպրոցին, իրենց քազինօին յատկացած է։

Հայոց Միացեալ ընկերութեանց մատուցուած դոյզն օգնութիւնն Իզմիրցւոց դաստիարակութեան յատկացեալ գումարէն գողցուած ստակ մ’է միայն այս տեղի մարդոց աչքին։

Եւ ինչե՜ր չեն կրնար ընել այս տեղի հայերը լուսաւորութեան գործին մէջ։

Ա՜հ, թէ որ ազդու ձայն մը բարձրանար, ոչ թէ անէծք կամ նախատինք տեղալու այս կամ այն լրագրին, այլ կոչում մ’ընելու այս ազգայնոց սրտին, թէ որ ջանադիր ըլլար ոք յիշեցնելու այս Հայերուն նուիրական կապերն որ հեռաւոր հայրենեաց մը հետ ըլլալուն համար առաւել եւս զօրաւոր ըլլալ պէտք են, քանի՜ քանի՜ վարժարաններ մէկէն պիտի կանգնուէին մեր բազմակարօտ երկրին մէջ. վասն զի Իզմիրցի Հայերը բարի անձինք են, եւ եթէ ազգասիրութեան կրակը չի վառիր բայց բոլորովին ալ մարած չէ ու միայն բարեպաշտ ձեռք մը պէտքէ մէկդի ընելու զայն ծածկող մոխիրը. եւ ո՞ւր է այդ օրհնեալ ձեռքը։