Յօդուածներ (1878-1914 թթ.)

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ՀՈՄ ՔՕԼԷՃ

Իսկիւտարի բարձունքին վրայ, պարտէզներուն մէջ, ճերմակ, հոյակապ ու շքեղ շէնք մը զուարթ ու երջանիկ դէմքը ցոյց կուտայ իր շուրջը, մօտերը տեսնուող խարխուլ, հինումին տուներու, տնակներու տրտմութեան մէջէն։

Հոմ քօլէճն է այդ։

Դէպի դպրոցն առաջնորդող ծառուղւոյն ծայրը դռնապանին կը ներկայացնեմ մտից տոմսս՝ դեղին, փոքրիկ, զոր կէս ճամբէն գրպանէս հանած ձեռքս կը բռնեմ չի կորսնցնելու, ամերիկեան կրթական հանդէսէ մը չի զրկուելու վախով. յետոյ վախիս կը դառնամ, վարդերու, մարգագետիններու մէջէն կը յառաջանամ, վեր կ’ելլեմ քարաշէն սանդուխէ մը. քայլ մը եւս եւ ահա հանդիսավայրն եմ։

Ընդարձակ սրահին մէջ որ քօլէճին բոլոր լայնքը կը գրաւէ, ամեն բանէ առաջ աչքի կը զարնէ տիրող շնորհալի պարզութիւնը. մէջտեղը դափնեայ երկու սիւներ եւ ոչ այլ ինչ. ճակատը՝ արեւեալեան մահիկն ու ամերիկեան աստղազարդ հորիզոնն. ցորեկ ատեն ճշմարիտ ամառ գիշեր մը երկու կիսագունտերու միացման մէջ ուր լատին վերտառութիւն մը, Dominusillumintio mea [1], ամփիթատրոնի ձեւով նստարաններու վրայ կեցող աշակերտուհեաց խնդում երեսները, սպիտակ շրջազգեստները, մեծադիր ու շքեղ պատկեր մը կը ձեւացնեն եւ այսպէս այս ամերիկեան յարկին տակ երկինքն իր հրեշտակներով ու աստղերով՝ այսինքն իր լաւագոյն հրաշակերտներով կը ներկայանայ։

Այս պահուն յորում կը մտնեմ ներս, շրջանաւարտ մը, Օրիորդ Ֆընտըքլեան՝ անգլիերէն բանախօսութիւն մը կը կարդայ. չեմ հասկնար Շէքսբիռի լեզուն, կարծեմ խղճմտանքի վրայ կը խօսի. նիւթ մը՝ որոյ բնազանցական խորութիւնը իր սեւ սիրուն աչքերուն եւ պատանուհւոյ վճիտ ակնարին մէջ բարեբաղդաբար չեմ տեսներ։

Կ’սպասեմ աւելի հասկանալի ձայնի մը, կ’սպասեմ ու կը յուսամ ինչպէս Տիւմա կը պատուիրէ, եւ ահա Օրիորդ Զարուհի Քօլօլեան, դարձեալ Հայուհի մը մայրենի լեզուն կը բերէ մեզի քաղցր ձայնիւ մը եւ հեշտալուր արտասանութեան մը բոլոր հրապոյրներովը։ Իւր ընտրած նիւթը՝ հոգիներու հետ հաղորդակցութեան վրայ, կրօնական բուրում մը ունի ուրկէ ի սկզբան կը խորշիմ եւ ամերիկեան քօլէճին մէջ իւր ուսած հայերէն լեզուն exotique [2] բան մը կ’ենթադրեմ. բայց ատենաբանին ունկնդրելով՝ երկմտութիւնս, կասկածներս կը փարատին. ո՛չ. օտարոտի եւ ինքնաստեղծ լեզու մը չէ զոր կը խօսի եւ կրօնական վէճ մը զոր կը յարուցանէ. իւր աշխարհիկ բարբառը մեր գիտցած ու սիրածն է. քանի մտիկ կ’ընեմ՝ այնքան կը զարմանամ, կ’զմայլիմ, կը հիանամ իր վրայ եւ ոչ թէ կը հիանամ, կ’զմայլիմ ու կը զարմանամ. վասն զի ներկայից մէջ կը նշմարիմ Ֆընտըքլեան Գառնիկն որ ակնդէտ կ’սպասէ՝ հետզհետէ դէմքիս վրայ գծագրուող տպաւորութեանցս տրամաբանական կարգաւ ի յայտ գալուն եւ ի հարկին անոնց սխալները բռնելու հետամուտ։

Կը հիանամ ուրեմն հայ լեզուն՝ օտար յարկի մը մէջ, այսքան բնիկ ու ազգային շեշտերով, եւ ճշմարիտ գրական յատկություններով զարդարուած լսելուս համար եւ անմիջապէս անդիմադրելի փափաք մը կ’զգամ սրտիս մէջ շնորհաւորելու քօլէճին տնօրէնութիւնը ու խնդակցութիւնս յայտնելու ազգային լեզուի ուսուցչին։

Յետոյ ակնածանօք մտիկ կ’ընեմ Միս Պօռտընի տեղեկագրին ընթերման. ըսի որ չեմ գիտեր անգլիերէն լեզուն, բայց գիտեմ, որ ամենախօսող Տիկինը այն բարերարուհին է որ պաշտպան հրեշտակի մը պէս, ամեն պիտոյից մէջ կուգայ, կը փութայ վարժարանին օգնութեան. իր ծախիւքը կառուցուած այն պալատանման շէնքը ուր կը գտնուինք այս վայրկեանիս, իր առաքինի հոգին, իր ուսումնասէր բարերարութիւնը կը հռչակէ. կ’ըմբռնեմ որ շրջանաւարտ օրիորդաց խորհուրդ կուտայ ընկերութիւն մը հիմնելու վարժարանի մէջ հաստատուած մտքի ու սրտի կապը այսուհետեւ ամուր պահելու համար նաեւ վարժարանէն դուրս ու բոլոր ոյժովս կը ծափահարեմ իր առաջարկութիւնը։

Միս Պօռտըն անոնցմէ չէ՛ որոց ամեն մէկ շնորհն ընդունելուդ հետ յաւիտենական խնկարկութեան պարտաւորութիւնը մէկտեղ կ’ստանձնես, եւ որք իրենց անունին արձագանգն ամեն անկիւնէ կ’ակնկալեն. այդ փոքրոգութիւնները հեռու, բոլորովին հեռու են իր մեծ սրտէն. իր համեստ կցեուածքն ու խոնարհամիտ վարքն ո՜րքան պիտանի, չըսեմ անհրաժեշտ, դաս մը պիտի տար մեզի։

Ասկէ վերջը Պէրպէրեան էֆէնտին կը հրաւիրուի խօսիլ. իր ճառը ներդաշնակութիւն մ’է ամբողջ ներդաշնակութիւն ձայնի, բառերու, բացատրութեանց եւ որուն գաղտնիքն ինքը միայն ունի. առջի բառէն գիտէ ծափահարելու միջոցը. «Եթէ տենաբանը չարդարացներ այն պատիւն որուն կոչուեցաւ, իր խօսելիք լեզուն մեծապէս արժանի է այդ պատոյն» այսպէս սկսաւ ինքն ու մեք մեր ծափերովը հաստատեցինք որ երկուքն ալ մեծարանաց արժանի են։ Յետոյ Պէրպէրեան էֆէնտի կանանց հաւասարութեան դատը պաշտշանեց մեր առջեւ. առիթը գեղեցիկ էր ու ատենաբանը իր սիրելագոյն thes [3] ն անգամ մը եւս պարզեց, պահանջելով բարձրագոյն կրթութեան մը հարկը աղջկանց համար ճիշդ այն պահուն որ տոմարակալութիւնը՝ արական սեռին համար իբրեւ գերագոյն իտէալ մը ցոյց կուտան ոմանք։ Ատենաբանը իր հայ ունկնդիրները բերկրութեամբ լեցուց երբ յատկապէս ի վեր հանեց մեր ազգին ընդունակ ու յառաջադէմ ոգին, եւ որուն՝ շրջանաւարտներուն մէջ հայուհեաց թիւն ու առաջնութիւնը անհերքելի ապացոյց կուտային։

Ամենէն վերջը Տքթ. Ուոշպուն, Ռոպէրդ Քօլէճի մեծանուն տնօրէնը քանի մը իմաստալից ու նրբամիտ բառերով ատենախօսներու շարքը փակեց, եւ այս կրթական հանդէսը վերջացաւ ուրիշ հանդէսի մը տեղի տալու համար խնդակցութեանց հանդէսը, ծնողք՝ իրենց զաւակներուն, ներկայք բոլոր՝ քօլէճին ոսուցչական մարմնոյն ու ես՝ ի մասնաւորի ազգային լեզուի դասատուին Աբրահամ էֆէնտի Տէր Յակոբեանի որ այնքան գիտէ մեր երիտասարդ գրականութիւնը ճանչցնել եւ սիրելի ընծայել իւր աշակերհուհեաց։

Այս վայրկեանին ամբողջ սրահը գունագեղ ու երփներանգ ծաղկանց պարտիզի տեսքն ունի. կը դիտեմ որ հայ իգական տարրը կ’իշխէ այս բազմութեան մէջ. խառնուրդին մը մէջ ծանօթներու, մտերիմներու կը հանդիպիմ. նախ Հրանդը որուն ամեն առիթ պատեհ կը թոի Միսաքեանի վրայ կարծեացս յեղակարծ փոփխութիւնը երեսիս զարնելու այնպիսի եղանակով մը որ համբուրելու չափ քաղցր է ինձ. Հրանտ Ասատուր որ կը զարմանայ կրթական հանդիսի մը մէջ զիս գտնելուն, մինչդեռ ես զինքը հոն գտնելուս բնաւ չեմ զարմանար, եւ յետոյ երիտասարդուհիներ, որոց կը ներկայացնեն զիս եւ որոնք մեր գրական կեանքին հետաքրքիրներ եւ ամենէն վերջը քօլէճին Ազնուուհի Տեսչուհւոյն Միս Բաթրիքի որ ամեն գովեստէ վեր է։

Ու կը թողում այս ամենը վերադառնալու համար Գատըգիւղ, սրտիս մէջ պահելով աւելի գրական քան կրթական հանդէսի մը երջանիկ տպաւորութիւնը։



[1]            Տէր իմ լուսաւորիչ (լատ. )

[2]            Էկզոտիկ, անսովոր

[3]            դրոյթ