Յօդուածներ (1878-1914 թթ.)

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ԴԱԳԱՂԻՆ ՇՈՒՐՋ

Մարդիկ կան որ դագաղի մը քով կ’զգածուին, կ’արտասուեն. ահաւոր ողբերգութեան մը տպաւորութիւնը կունենան. ես անոնցմէ եմ. եւ մարդիկ կան որ բնական, գրեթէ ռամիկ, ոչ իսկ ուշադրութեան արժանի բան մը կը գտնեն ծերունիի մը անձնասպանութիւնը։

Դատաստանական Խորհրդոյ վրայ գրածս յօդուածս ընդհանուր համակրանօք ողջունեցաւ. ազգին սրտէն բեռ մը վերցուած ըլլալու համոզումը ունեցայ, տեսնելով որ հանրային ողջմտութիւնը ամեն կողմ, ամեն դասակարգի մէջ շեշտեց, ստորագծեց, ազգին արժանապատութեանը վնասակար վիճակի դէմ յարուցած բողոքս։

Մէկ միջավայրի մը մէջ միայն, շաքարեղէն ուտողներու եւ կերցնողներու միջավայրին մէջ, դառնահամ դատուեցաւ այդ յօդուածը, եւ ամեն ինչ լաւատես աչօք դիտելու պաշտօն ունեցողները չընկրկեցան, միահաղոյն արտայայտուած հանրային կարծիքին ու խղճմտանքին դէմ ասպարէզ կարդալ հոն ուր լռութիւնը օգտականր կիրառութիւն մը ունեցած պիտի ըլլար։

Այդ միջավայրին մէջ փափաք ու դիտաւորութիւն կայ Դատ. Խորհուրդն յաւիտեան տգէտներէ կազմուած պահելու, քանի որ նախնական Ատեան մ’ըլլալով այդ խորհուրդին վճիռը անվնաս կատակի մը տպաւորութիւնը կը թողու դատավարող կողմանց վրայ. յետոյ, քանի որ հաշտարար Ատեան մ’է, ո՞վ տգէտներէ աւելի յաջողութեամբ հաշտարար դատաւորի պաշտօնը ի գործ կրնայ դնել։ Այս կարծեօք ամուսնական դատավարութիւններն դատարանաց առջեւ ելլելէ առաջ տգիտութեան Ակադէմիայէն պսակել ժիւռիի մը պէտք է ներկայանան։

Շաքարեղէններու վաճառատան մէջ կը կարծեն նաեւ որ փաստաբանները ամուսնական դատերուն մէջ դեր ու պաշտօն ունենալու չեն. կ’ըսուի թէ պատժական հարցաքննութեանց մէջ ամբաստանելւոյն քով մուտք չունի փաստաբանն եւ ամուսնական դատերն ալ այս կարգէն են։ Երբ անհատական իրաւանց պաշտպանութեան վրայ է խնդիրն եւ ոչ պօնպօներու վրայ, կարծեմ թէ օգտակար է քիչ մը տեղեկութիւններ հաւաքելէ վերջ երեւան ելլել. ըսինք որ աշխարհին մէջ չի կայ օրէնսդրութիւն մը որ ամուսնական դատերու մէջ փաստաբաններու միջամտութիւնը, պաշտպանութիւնն արգիլէ. ինչպէս Իսլամական օրէնքը նոյնպէս Քրիստոնեայ կրօնական օրէնսդրութիւններն՝ Յունական եւ Հռովմէական, փոխանորդ կարգելու արտօնութիւնը երբեք զլացած չեն։

Հայերը միայն կը կազմեն բացառութիւնը իրենց յետադէմ մտքով։

Փաստաբանն ամենուրեք օրինաց եւ արդարութեան ճշդիւ ի գործ դրոելուն հսկող մէկն է, այնքան որ այսօր եւրոպական Տաէրութիւններն իսկ թողլով հին ու սխալ աւանդութիւնը՝ հարցաքննութեանց մէջ իսկ, այո՛, նոյն իսկ օճրագործաց առաջին հարցաքննութեան պահուն փաստաբանին ներկայութիւնը կը պահանջեն։

Փաստաբանին ներկայութիւնը ամենէն մեծ պատուարն է այն զերծումներուն դէմ զոր ամեն քօնթռօլէ ազատ դատարան մը կարող է անվախ ի գործ դնել, զորօրինակ ամսական 5 ոսկի տալու դատապարտելով այն անձը որուն հինգ վայրկեան առաջ 2 ոսկի տալը բաւական դատուած էր. երեք ոսկւոյ յաւելումը այդ անձին արդար դիմադրութեա պատիժն է. ահաւասիկ ինչ բաներ պիտի արգիլէ փաստաբանին ներկայութիւնը։