Յօդուածներ (1878-1914 թթ.)

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ՀԱՅ ԹԱՏՐՈՆԻ ՆԱՒԱԲԵԿՈՒԹԻՒՆԸ

Եւ ահա նաւու միոյ բեկելոյ նշխարք…

Քայքայուած կողերու, լուծքի, ողնափայտի բեկորներ. փտուկ, տամկահար պարաններու մնացորդներ. տախտակամածի մը կոտրտուքները զոր ալիքները հոս հոն կը տանին դեռիրենց կամակ տարուբերումին հետ. եւ սիւները անվթար անկորուստ, գետնաքարշ սողալով սակայն, փոխանակ ուղղաձիգ կենալու նաւուն վրայ որ գոյութիւն չունի հիմակ։

Ողորմելի տեսարան մըն է, այնպէս չէ՞, Հայ թատրոնին պարզած այս տեսիլը։

Յանկարծուստ ելլող փոթորիկ մը պատասխանատու չէ այս նաւաբեկութեան, եւ սանձակոծ կոհակներու յարձակումին տակ ջախջախուած չէ այս շէնքը. այլ հանդարտիկ ալիքներու ամենօրեայ լիզումովը, խարտոցի յամառ ու յառատեւ աշխատութեամբ մաշած, փճացած ու ցրուած է ամեն կողմ։

Այդ փայփայող ալիքը, այդ կորստաբեր՝ բայց անխուսափելի լի խարտոցը, մեր հասարակութեան մտաոր անկումը, ճաշակի ազնուացման եւ զարգացման հետզհետէ նուազումը եղած է։

* * *

Չենք կրնար առանց սարսափի քսան տարի առաջուան նայելէ վերջը ներկային վերադառնալ. հասարակութեան մը բարոյական անէացման այսքան հազուագիւտ կերպով տպաւորիչ տեսարանի մը երբեք չենք կրնար պատահիլ։

Քսան տարիէ հետէ իջողութեան շրջան մը սկսած ենք շարունակ, ջուրերը քաշուող գետի մը հարթ երեսին ցածնալուն պէս, ամեն կողմէ միանգամայն, դանդաղ բայց աներկբայելի խոնարհում մը որ քանի մը տասնեակ տարիներու մէջ գահավէժ անկումի մը տպաւորութիւն կը թողու։

Տօքթէօռ մը որ ելլէ հիմա Ռիւ Պլաս մը թարգմանելու, գրական նոր սեռի մը ճաշակը տալու մեզի, գիտէք որ խնդրուք ու ծիծաղ պիտի շարժէ, ու մեր այժմու գրական մարդոց գլխու ծանր երերումին պիտի ենթարկուի։

Պետական մարդ մը ինքզինք պզտիկցած պիտի սեպէ մեր մէջ, Օտեանի գրական անհաւասարելի փառքին թեկնածու ըլլալով։

Մեծահարուստ մարդ մը այժմ չի պիտի կրնայ միտքէն անցնել թէ ինչպէ՞ս Յակոբ պէյ Պէշիկթաշլեանի, Թէրզեանի, Աճէմեանի, Ադամեանի պէս մարդոց ընկերութիւնը կը նախընտրէր ամենէն աւելի։

Եւ հիմա մեր երիտասարդները, պատանիները, որք քաջ գիտեն երեկոյթներու մէջ անմիտ ու տափակ խօսակցութիւններով, խաղով եւ ծեքծեքումով սպառել իրենց ծանրաբեռնեալ միտքը, Եւրոպայի մէջ ուսած մեր տղաքը որ մինչեւ իրենց մայրենի գրականութեան եւ արուեստներուն չեն զիջանիր խոնարհելու անոր համար գուցէ որ տգէտ գացած են ապուշ վերադառնալու համար ասոնց եւ ոչ մին հանրային կեանքի, մտքի ու սրտի հաճոյքներու ոգին կը կրէ իր մէջ։

* * *

Եւ ի՞նչ կ’ուզէք որ ըլլար թատրոնի ճակատագիրը. ա՞յն միակ կանգուն ու բարձր մնար, երբ ամեն բան մեր մէջ կ’իյնար, կը ցածնար իր շուրջը։ Թատրոնը գրականութեամբ կ’ըլլայ, եւ հայ դերասանութիւնը միշտ զրկուած անոր ձեռնտուութենէն, թարգմանութիւններով ապրող, հագուած, շքուած մուրացիկ մը եղած է ի մեզ, տեսակ մը Տոն Սէզար տը Պազան որ սըւոր լոդիկը կը հագնի եւ նըւոր կօշիկը։

Գրողներ պակսած են միշտ հայ թատերաբեմին համար, ինչպէս հանդիսատեսները պակսած էին արդէն անոր սրահէն եւ օթեակներն։

Եւ վերջ ի վերջոյ այս թատրոնին ձեւն ու տարազը, ֆրանսական բարբառը, «Այո՛, պարոն կոմս», «Ո՛չ, տիկին մարքիզուհի» խօսակցութիւնը յիմարական, խօլ, ցնցուն քրքիջ մը արձակել տուած էր հազուագիւտ հանդիսականներու, որք թատրոնէն մեկնելով, մէկ մըն ալ հոն չէին վերադարձած։

* * *

Դերասանները իրենք վերը մնացած չեն երբ իրենց շուրջը ամեն բան վայրէջ շարժումի մը մէջ հետզհետէ կը խոնարհէր։ Ո՛չ արուեստի սէր, ո՛չ գրականութեան գաղափար մնացած է այս մարդերուն մէջ։

Ի զուր հիմա սերունդ մը կ’ելլէ կը բուսնի իրենց քովիկը, գրականութիւն մը կը կազմուի իրենց քթին տակ, ամեն ոք ձայն կը բարձրացնէ այս քնացող մարդերուն ականջի մէջ. այնքան թմրած են որ չեն արթննար, այնքան յուսահատ են որ չեն հաւատար. այնքան խոնջած, անճրկած են որ նոր ոգեւորութիւն մը, նոր ճիգ մը պիտի սպաննէ զիրենք։

Եթէ իրենց ձեռքէն առնէք Երկու Յիսնապետը կամ Բարիզի Աղքատները, պիտի շփոթին։ Եթէ ըսէք իրենց թէ սովորական ձայնով թող խօսին թատերաբեմին վրայ փոխանակ խոռոչային կամ կոկորդալիր ձայներ հանելու, պիտի չընդունին. եթէ ըսէք որ հակառակորդի դերին համար երեսնին սեւցնելու, ահարկու երեւոյթ մը առնելու հարկ չի կայ եւ կարելի է ամենէն պարկեշտ դէմքն ունենալ եւ ամենէն վատ չարագործն ըլլալ ինչ որ ամենէն յաճախադէպն է պիտի մերժեն իրենց բոլոր աւանդութիւնները վեր ի վայր շրջող այս պատուէրները։

* * *

Դերասանները պարտին սորվիլ նախ իրենց լեզուն, այն աշխարհիկ բարբառը որ եւս քան զեւս աշխոյժ եւ երիտասարդ է, եւ թողուլ այն հինցած թարգմանութիւնները, զորս դպրոցական մը այսօր արտագրելէ պիտի ամչնայ։

Եւ երբ գովելի նորութիւն մը ցոյց տալով կուգան գրուած եւ թարգմանուած կատակերգութիւն մը ներկայացնելու թատերաբեմին վրայ, պէտք է ընտրութիւն թողոլ գոնէ անոնց որ գրական հեղինակութիւն մը ունին, եւ ոչ թէ առաջնորդուին իրենց գրական ճաշակէն ու հանդիսատեսներուն ծիծաղը հրաւիրեն ոչ թէ խաղին, այլ իրենց անձին վրայ։

Մեր դերասանները պէտք է պարզութեամբ եւ համեստութեամբ ճանչնան թէ ռամիկ տարր մըն են այսօր, որ ո եւ է կապ յարաբերութեան մէջ չի դներ մեր գրական եւ իմացական աշխարհին հետ։

Կ’երեւակայեմ որ հանդէս մը, լրագիր մը գոնէ չեն կարդար այս մարդիկ, բացի իրենց ծանուցմանց եւ նկարագրութեաց հատուածներէն ուր շռայլուած գովեստը կը փայփայէ իրենց միամտութիւնն եւ քննադատութիւնը դառնութեամբ կը լեցնէ սիրտն այս նաւաբեկեալներուն, որ ալիքերու վրայ տախտակներու պլլուած կը ծփան տակաւին։

* * *

Իրենց փրկութիւնը պիտի ըլլայ նոր եռանդով մը ընդգրկել իրենց արուեստը որ գիտութիւն մը դարձած ալ եւ այսուհետեւ գոնէ մեր երիտասարդ գրականութեան հետ հաստատել խնամութիւնը զոր երբեք խզելու չէին։

Եւ մեր օրուան գրողներուն կ’իյնայ ո՛չ թէ արհամարհել այս աշխատաւորները ինչ որ ձրի եւ անիրաւ նախատինք մը ըլլար այս մարդոց ողղեալ ո՛չ թէ ծիծաղիլ անոնց վրայ, ծաղրի նիւթ ընել իրենց դժբաղդութեանց եւ տառապանքի անցեալը, այլ բերելու ջանալ զանոնք նոր մտքերու հաւասարութեան։

Մեր գրողներուն կ’իյնայ առաջին անգամ իրենք մօտենալ թատերական ասպարիզին, նոյն իսկ թատերաբեմին, որ նշաւակ մը չէ անշուշտ։

Թատերագրական սեռը պէտք չենք լքանել. ներկայացում մը շատ աւելի աղմուկ կը յարուցանէ քան թէ պարզ հրապարակագրութիւն մը եւ լիուլի գոհացում կուտայ մեր ցուցամոլ փառասիրութեանը, որով կանուխէն վարակուած ենք ամենքս ալ դժբաղդաբար, սնապարծիկ մանկուհիներու պէս որ իրենց շողիքոտ կրծկալին ժանեակներուն դրացի տղուն վրայ ընելիք ազդեցութեանը կը խորհին ամեն բանէ առաջ, երախայութեան տարիքէն երեւան հանելով կանացի պչրանքը։

Երիտասարդութիւնը պարտաւոր է ժողվել, ամբողջացնել, վերաշինել այս քայքայուած նաւուն կազմուածքը եւ ինքը վարել զայն ասկէ ետքը։