Յօդուածներ (1878-1914 թթ.)

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

Կ’ՈՒԶԷ՞Ք ԱՆՄԱՀԱՆԱԼ

Չէ՞ք ուզեր, երբ այնքան դիւրին է, անուն մը թողուլ պարկեշտ քաղաքացիի, մարդկութեան ու հանրութեան օգտական մարդու անուն մը, որ տապանաքարի վրայ միայն փորագրուած ու մոռցուած չի մնայ. վասն զի իզուր մեծ ու շքեղ կանգնել պիտի տաք ձեր վրայ կոթողը, եւ իզուր պիտի շռայլէք դրամը ոսկիով քանդակելու հոն ձեր անունը, զոր չի պիտի կարդան։

Եւ սակայն այն մեծ ազգին մէջ, ուր կ’ապրինք, օրինակները բազմաթիւ են շուրջերնիս. մեր իսլամ հայրենակիցներուն անհատական բարեգործութիւնները ամենուրեք հոյակապ հաստատութիւններով աչքի կը զարնեն. առաքինութեան շռայլութիւնն է գրեթէ, ամենէն անակնկալ անկիւնէն, ամենէն անշուք կեդրոնին մէջ անգամ. եւ կրթութեան, բարեպաշտութեան, հանրօգուտ շինութեան համար, բարեգործութեան ամեն ճիւղերուն համար յատկացուած գումարները, վագըֆները , անհաշուելի հարստութիւն մը կը ներկայացնեն այսօր։

Եւ մենք ենք միայն անմասն այս առաքինութենէն, զոր մեր թուրք հայրենակիցք անձայն, անշշուկ, պարտականութիւն մը ի գործ դրած ըլլալու գիտակցութեամբ ցոյց կուտան շարունակ, աղօթատեղի, վարժարան, աղբիւր, կամուրջ անխտիր կառուցանել տալով եւ անոնց պահպանման հոգը իշխանի վայելուչ առատաձեռնութեամբ կանխաւ հոգալով. եւ այսպէս իրաւամբ կ’արժանանան Սապիհ իւլ խայր (բարերար մարդ) անունին, զոր երախտագիտութիւնը կուտայ իրենց։

Անօգուտ չէ գիտնալ որ բացի այն վագըֆներէն որոնք իրենց մասնաւոր խնամակալներուն ձեռքով կը մատակարարուին կը պահպանուին, այսօր դեռ մնացեալ անհատական վագըֆներու թիւը այնքան շատ, անոնց կարեւորութիւնը այնքան մեծ է որ Կայսրութեան յատուկ մէկ պաշտօնատունը, Էվգաֆի նախարարութիւնը, անոնց համար կազմուած է։ Ուրիշ եւ ո՛չ մէկ երկրի մէջ բարերարութիւնը՝ մասնաւոր պաշտօնատուն մը կազմելու պէտքն զգալի ընելու չափ առատաձեռնութեամբ փայլած է։

Այս զարմանալի համարուելու չափ մեծ առաքինութեան պատճառներուն մէջ իսլամական օրէնսդրութիւնն առաջինն է։ Եւ ո՛չ մէկ օրէնսդրութեան մէջ կտակարարի մը կամքը այնքան նուիրական է որքան հոս. այդ կամքը եղծանելն, այլայլելն իսկ բացարձակ կերպիւ անհնար է. իսլամական Շէրիյաթը կը հսկէ ու կը պահպանէ զայն ու յարգել կուտայ ամենուն։

Յետոյ, ա՛յնքան բանաւոր ու դիւրին եղանակով այս նուիրատուութիւնները կը ճանչցուին ու կը հաստատուին. վագըֆի դրութիւնը, պարզ ու ամուր, ամեն հաւաստիք կ’ընծայէ իր արդիւնաւորութեան։

Պէտք չէ անպատճառ մեծ հարստութեան մը տէր ըլլալ բարեգործութեան մը ձեռնարկելու համար, այլ մեծ սրտի. ամենէն համեստ գումարով մարդ մը կրնայ իր պարտքը հատուցանել մարդկութեան, նուիրատուութեամբ մը, մտակով, վագըֆով մը մոռացութենէ փրկել իր անունը։

Մեր մէջ կարծեմ կտակներն այնքան հազուադէպ, այնքան աննշան դարձած են որ դադրած կրնան համարուիլ. եւ այս անհոգութեան պատճառները հա՞րկ է թուել հոս մի առ մի։

Առաջինն այն անկարեւորութիւնն է որով նկատած ենք կտակային խնդիրները։ Չենք կարծեր որ աչալուրջ հսկողութիւն մը վայելած ըլլան միշտ ազգային կտակներն եւ խղճամիտ գործադրութեան մը արժանացած։

Յետոյ, մեր եկեղեցականութիւնը՝ պէտք եղեծ ազդուութեամբ, եթէ ոչ խստոթեամբ, չէ յիշեցուցած անոնց որոց պէտք է յիշեցնել, թէ կտաը մը ընելը՝ իրենց կարողութեան չափին համեմատ, պարտքի մը հատուցումն է միայն։ Մահու վայրկեանին եթէ անկարելի է միասին տանիլ անդին, աղէկ կամ գէշ, սովորաբար գէշ քան թէ աղէկ, վաստակուած դրամը, այդ դրամէն, քանի որ հարկ է բաժնուիլ անկէ, ժամանակն է ա՛լ բաժին մը անելու զրկեալներուն, աղքատներուն եւ կարօտ<եալն>ներուն. եւ անոնք որք կը թերանան այս պարտականութեանց մէջ եւ իրենց ժառանգորդաց քանի մը ոսկի աւելի ձգելու չարաշահութիւնը կ’ունենան, պէտք է հրապարակային նշանւակութեան առարկայ լինին։

Եւ ճիշդ ասոր հակառակն է որ տեղի կ’ունենայ մեր մէջ. ննջեցեալներու բարեմասնութեանց, առաքինութեանց գովեստներով միշտ կը թնդան մեր եկեղեցոյ գմբէթները, երբեք անաչառ դատաստանի մը ձայնով. բարերարի անուան ցանկացողները պէտք չունին մեծ զոհողութեանց, դամբանականը յօժարափոյթ կուտայ այս անունը, եւ լրագրութիւնը իր լայն սեւ շրջանակը կ’ընծայէ ազգին համար միշտ անդարման հռչակուող կորուստի մը։

Ժամանակն է վերադառնալու աւելի ազնիւ սկզբունքներու։ Գիտենք որ մեր հասարակութիւնը հասած է ա՛լ այս ճշմարտութիւնները ըմբռնելու։ Ազգային իշխանութիւնը՝ բարեգործական զգացումը վառ ու կենդանի պահելու պէտքը միշտ ճանչցած ըլլալով հանդերձ, հարկ եղած գործնական միջոցներուն հի՛մա ձեռնարկած է։

Լաւագոյնը՝ կարծենք, ընդհանրացնել է մեր մէջ վագըֆի դրութիւնը եւ մէկդի ընել կտակը, որ անսպառ վէճերէ կամ հասարակ պատրանքներէ մը ուրիշ բան չէ նշանակած շատ անգամ։ Վագըֆը ի կենդանութեան նուիրատուութիւն մ’է միշտ անդառնալի, որուն խնամակալը վագըֆ ընողն ինքն կամ իրմէ անուանուած մէկը կրնայ ըլլալ։ Այս միջոցը օրինական ապահովութեան եւ ստոյգ երաշխաւորութեան տակ կը դնէ բարեգործական նուիրատուութիւնները։

Կտակաց Հոգաբարձութիւնը օգտակար գործ մը ըրած է արդէն շրջաբերականով մը այս դրութեան հիմունքը, օրինական եղանակը տարածելով ժողովրդին մէջ։ Մեր եկեղեցականութեան եւ անկէ վերջը մեր լրագրութեան կ’իյնայ յիշեցնել որ տեւական գործ մը, անուն մը թողլու փափաքը ազնիւ փառասիրութիւն մ’է, եւ վագըֆի միջոցաւ եղած ամենէն համեստ նուիրատուութիւնն անմահութեան իրաւունք կուտայ յետին քաղաքացիին։