Յօդուածներ (1878-1914 թթ.)

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

[ԱՇԽԱՐԱՀԱԲԱՐԵԱ՞Ն ԹԷ ԳՐԱԲԱՐԵԱՆ]

Մասիսի խմբագրութիւնը կը կարծէ որ այսուհետեւ գրաբարի ու աշխարհաբարի խնդիր չի կայ. կամ, աւելի ճիշդ խօսելով, գրաբարի խնդիր չի կայ։

Աշխարհաբարը գրաբարով կոկելու ջանքը լեզուագիտական սխալ մ’էր՝ ամուլ մնալու դատապարտոած։

Աշխարաբարը ուրոյն եւ անջատ լեզու մ’է զոր ոչ մէկ կապ կը միացնէ գրաբարին. բաղդատութիւնն անգամ աւելորդ է երկուքին մէջ. իր բնական ոյժերը զորս ժողովրդական բարբառէն կը քաղէ, պէտք չեն թողուր անիմաստ փոխառութիւններ ընելու մեռեալ լուզուէ մը որ պատմական ըլլալէ որիշ նշանակութիւն չունի այսօր։

Մեր ժողովրդական լեզուն պիտի զարգանայ ուրեմն ինչպէս կը զարգանան ուրիշ ամեն լեզուներ ոչ թէ հինին դառնելով այլ այդ լեզուն խօսող հասարակութեան իմացական կարողութեան համեմատութեամբ։

Իւթիւճեան էֆէնտիի բաղձանքը որ Օտեանի բաղձանքն էր արդէն, որ ապաքէն շատ մը միամիտ գրաբարագէտներու բաղձանքն է ուղղելու, կարգի բերելու մեր աշխարհիկ լեզուն, յարգելի հնութիւն մ’է։ Լեզուները մարդոց պէս են, իրենց յատուկ ճակատագիրը ունին եւ պէտք է ունենան. յառաջադիմութիւնն ատով կը ձեւանայ. աշխարհաբարը գրագէտներու ջանքով չշինուեցաւ. իմաստասիրական անհուն խուզարկութիւններ չի պիտի ընենք բացատրելու համար թէ ինչպէս կը կազմուին լեզուները, այլ կը բաւականանանք յայտարարելով միանգամ ընդմիշտ որ գրական մարդիկ կը հպատակին եւ ոչ թէ կը տիրեն անոր, թերեւս իրենք իսկ չզգալով, եւ ժողովուրդն է միայն որ կը դարբնէ լեզուն կեանքի ամենօրեայ սալին վրայ, իր կամքին, պէտքին, զգացմանց ու հաճոյքին համեմատ։