Յօդուածներ (1878-1914 թթ.)

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ՕՐԸ ՕՐԻՆ.
«ԹՈՒՂԹՆ ՓԱՌՔ»

Թողթի փառք, բայց ոչ թուղթէ փառք։

Փառքերուն ամենէն անկապտելին, ամենէն տոկունը՝ ամենէն վերացականը ըլլալուն համար. անօգուտ ու սին, մահարձանի մը պէս իր տիրոջ վրայ ձգած շուքին պէս ճնշող բան մը։

Ի՜նչ փոյթ, կը սիրեմ ես այդ շուքը ու Չօպանեան ինծի չափ կը սիրէ զայն՝ իր անօգուտ ու պարապ հրապոյրի համար։

Ու երբ աղջիկները նախընտրեն տղոց մը բարեձեւ հագուստը ու շնորհալի դէմքը քերթողի մը սիրուն գրուածքէն, կը բերկրիմ, կը ծափահարեմ, աղջիկները իրենց դերին մէջ տեսնելով. Բնազդի հնազանդող, Նիւթին կապուած անխորհուրդ, անմիտ, խանդավառ ու զմայլելի ակներ, որոնց յիմար տարփանքը, խօլ անձնատուութիւնները պիտի բացատրէ քերթողը միայն. ինքը այն դերձակն որ պիտի հագուեցնէ հարսը, գեղեցիկ ընծայելու համար զայն դիմացի երջանիկ տղուն։

* * *

Քար դնել իր սրտին վրայ. այս է գրագէտին պարտքը, անզգայ գործիք որ պիտի ջանայ ոչ թէ իր զգացումը բացատրելու, այլ Զգացումը, այնպէս որ ամենքը ինքզինքնին ճանչնան հոն, իրենց սրտին բաբախումները կարդան ու արտասուեն։

Բայց դիւրին չէ այս. յոյսի, երազի աշխարհներու փլատակաց մէջէն կը հասնուի հոդ, այդ բարձունքին վրայ. ու Պ. Չօպանեան, իր վիակին մէջ, այդ ուղեւորութեան նկարագիրը կ’ընէ մեզի, ու սրտաբեկ կը հետեւինք իրեն քայլ առ քայլ, վերյիշելով ամենքնիս այդ ծանօթ ճամբան. վարուն արահետ ուրկէ ամենքս, ամենքս անցած ենք մէկիկ մէկիկ. ու երիտասարդութեան նոր բողբոջում մը կ’զգամ սրտիս մէջ հին կսկիծներուն քով։

* * *

Պ. Չօպանեան հոգեբանական ուսումնասիրութիւն մը անուանելով իր վիպակը սխալած չէ. պատմութիւնը՝ ամեն յուսախաբութեան մատնուած սիրոյ պատմութեան պէս պարզ ու յանկուցիչ է. բայց այդ պատմութեան հետ ընդելուզեալ՝ մէկ ծայրէն միւսը վերծանում մը կայ զգացումներու. օրը օրին հոգիներու խորը կատարուած շարժումներու ստորերկրեայ խուլ ու աննշմարելի փոփոխութեանց։

Այս ամենը ճշդութեամբ ի յայտ բերուած է յայտ բերուած է ու հեղինակը հաճոյք զգացած է կարծես այս անգորոյն աշխատութեան մէջ, ախտաբանութեան ուսուցիչի մը պէս որ քլինիքի դասին հիւանդին մերկ կուրծքը ծեծելով, անոր թաքուն գաղտնիքները ու անտես վարակումները պարզելով կը բերկրի։

* * *

Վիպագրին ոճը ծանօթ է իբրեւ ամենէն նկարագեղ ու ներդաշնակներէն մին. բայց հոս խորունկ թախծութիւն մը, ալ աւելի շեշտուած, վերջի մասերուն մէջ, պատանութեան յահուկ միամտութեամբ խառնուած, այս վիպակին խանդաղատանքի կնիք մը կ’ուտայ ծայրէ ծայր։

Վահանին մերժուած սիրոյն դառնութիւնը, իր քայքայուած կեանքի տեսիլները, իր ատելութիւնը՝ ամեն բան խոստացող ու բան մը, իրական բան մը, չի շնորհող աստուածուհւոյն դէմ կը կազմեն։

Բայց կը մերժեմ, բոլոր ուժովս կը մերժեմ, իր եզրակացութիւնը, որ բարոյական կործանումի եզրակացութիւն մըն է։

Լուցկին երկվայրկեանի մէջ թուղթը պիտի ոչնչացնէ. բայց ոչ անոր փառքը։