Յօդուածներ (1878-1914 թթ.)

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ՆՈՐ ԼՐԱԳՐՈՒԹԻՒՆԸ

Երբ դիպուածով կը կարդամ հին օրերէ մնացած տգէտ խմբագրապետի մը բարբաջանքը ի գիր առնուած, արգահատանքով կը լեցուի սիրտս. ո՛չ, հէք մարդը զինքը շրջապատող նոր միջավայրին գիտակցութիւնը չունի. գիտութեան բոցովը այրած մոխիր դարձած նախապաշարումներու, անհեթեթ կարծիքներու աւերակին մէջ՝ վտիտ ու սեւցած ծխնելոյզի մը պէս կանգուն է. շատ բան կը փոխուի, կը քանդուի, կը վերաշինուի իր շուրջը, ինքը մինակ կը մնայ պինդ ու ամուր կապուած վաղեմի գաղափարներուն, որոց տեղ նորեր օգտակրագոյններ դնելու իսպառ յուսահատ է։

Ծերացած դերասանն է որ՝ երեսին խորշոմներուն չի նայելով՝ իր սիրահարի առջի դերը շարունակել կը փորձէ թատերաբեմին վրայ, ծռմռկելով ճմրթկած դէմքը ու դողդոջուն բազուկները երերցնելով օդին մէջ, չըմբռնելով այս այլանդակ ձեւերուն առջեւ անտարբեր մնացող հանդիսատեսներուն լայնաբաց բերնի յորանջումները։

Հին գուսանն է, որուն երբեք չես կրնար հասկցնել որ իրխժալուր խռպոտ ձայնը, արուեստէ ու ներդաշնակութենէ զուրկ եղանակները մտիկ ընող չէ մնացեր, եւ իզուր նրբանցքին մէջ կեցած կը քաշես բէշէն՝ բարեկամի պարտքդ կատարելով։

* * *

Պոլսոյ նոր լրագրութիւնը Արեւելքով կ’սկսի. աւելի շատ իմաստասիրութիւն հանրային խնդիրներու, աւելի մօտ տեղեկութիւն եւրոպական ազգերուն վրայ, անհատական գձուձ խնդիրներն ու վէճերը՝ տեղի տալով ընդհանուր տեսութիւններու. հայ լեզուն, այս կամ այն խմբագրապետի գծած անձուկ սահմանները կոխոտելով, վերստացած իր ժողովրդեան բարբառի անկախութիւնը. խմբագրութիւնը՝ դադրելով արհեստ մը լինելէ, արուեստ դառնալու ամար. գրական նոր սեռեր՝ գրական նոր մարդերու ձեռքով, ամենքը միեւնոյն անփոփոխ նպատակին կապուած, հասարակութեան պէտքերուն ըմբռնումը։ Ահաւասիկ նոր լրագրութիւնը։

Արեւելքը կազմող ոյժերը մասամբ այսօր անջատուած են առանց շեղելու իրենց նպատակէն, Հայրենիքի, Մասիսի, մէջ շարունակելու մասին սկսուած վաստակը. եւ իրարու մօտ բայց ոչ իրարու դէմ հանելով իրենց պէսպիսիութիւնը, զատ թերթի մէջ ու ինքնագլուխ մնալնուն համար լաւ եւս ճանչնալով հանրային խնդրոց հոգածութեան պէտքը, եւ օր օրի այլափոխուող գիտութեանց ու գրականութեան հետամտելու, ճշմարտութիւնը ամենուրեք փնտռելու հարկը։

* * *

Երիտասարդութիւնը իր հմտութիւնը, իր ոգեւորութիւնը բերաւ մեր լրագրութեան. իր գաղափարները վաղուց ի վեր ընդունուած, հռչակուած ճշմարտութիւններ էին Եւրոպայի մէջ. հոս՝ գայթակղութիւնը կը բերէին մեր հասարակութեան, հին թերթերը, հազիւ մէկ երկու բացառութիւններով, ա՜յնքան քիչ տգեղ ու անտարբեր գտնուած էին քթերնուն տակ եղող ընկերական խնդիրներուն, ամեն բարւոքումներու, ամեն յառաջդիմութեանց։ Նորելով՝ լրագրական արժանապատուութեան զգացումը խստութեամբ յայտնուած ու պահուած է միշտ. մուրացկանութիւնը դադրած է էջեր գրաւելէ թերթերու մէջ, նորերէն ոչ ոք շնորհակալութիւն պիտի յայտնէ եթէ իր թերթէն հատ մը, տասը հատ, հազար հատ գնեն կամ նուիրեն ասոր կամ անոր. դրամական աջակցութեան քաջալերութեան պատուակալ բառերու տակ նոր թերթերը ընթերցողներէն ողորմութիւն չեն ուզած բնաւ եւ պիտի ուզեն երբեք։

Ամուսնութեան հանդէս մը նկարագրելուն յաջորդ օրը, ամուսնացողին տարեկան բաժանորդութեան ընկալագիր չի պիտի խրկեն՝ գձուձ ու ստորին գովասանքի մը վարձը պահանջելով բարձրաձայն, գրեթէ իրաւունքի մը պէս։

Անձնական խնդիրները չի պիտի շահագործեն, ասոր ու անոր գրասենեակները դեգերելով գայթակղական պատմութիւններ հրատարակելու սպառնալիքին տակ ստակ չի՛ պիտի շորթեն բնաւ։

* * *

Այլ առանց աղմուկի, համեստօրէն պիտի կատարեն իրենց պարտքը. շարունակելով ճանչցնել ժողովուրդին՝ այն ամեն ճշմարտութիւնները որոնց իրենք կը հաւատան. պարկեշտօրէն, լրջօրէն յառաջ տանելով օգտակար գործ մը իրենց համոզումին համեմատ, երբեք ցոյցի, անակնկալի տղայական գաղափարով։ Գլուխ չի պիտի դարձնեն երբեք անոնց որ առանց տարրական կրթութիւն մը ստացած ըլլալու գոնէ, անպատկառ կը նետուին հրապարակ կօշիկէն վեր ելլելու անընդհատ ճիգով, - պարզ ջղային հիւանդութիւն մը թերեւս, - խելքներնուն չի հասած խնդիրներու համար գործածելու գրիչ մը զոր իրենց հարկաւոր եղած դպրոցական դասերը գրելու ծառայեցնելով՝ աւելի օգտակար կերպով գործածած պիտի ըլլային. ո՛չ ալ անոնց, որոնք տեղէ տեղ պտըտելով գաղափարներ կ’որսան կը հաւաքեն, բառ մը հոսկէ, պարբերութիւն մը հոնկէ, որոնք խողովակի պէս կ’ընդունին ինչ որ լեցնես վերէն, բայց ինչ որ լեցնես, եւ յաջորդ օրը իրենց լրագրին մէջ ի յայտ կուգան, ածական եւ գոյականի կռիւ կը յարուցանեն, ո՛չ իրենց գիտութեամբ զինուած, ո՛չ գոնէ բառարան մը նայելու յոգնութիւնը յանձն առնելով, որով պիտի կրնային հրապարակային խայտառակութենէ մը զերծ մնալ, այլ անոր համար միայն որ տգէտ մը, իրենց պէս, փողոցէն անցած ատեն այսպէս փսփսացեր է իրենց ականջն ի վար։

* * *

  Ու գրականութեան մէջ մանաւանդ նոր լրագրութիւնը իր մեծ բաժինը բերաւ, յեղաշրջելով առջի կարգն ու կանոնը, ընկալեալ ձեւերը, հին քերականներու հաստատատիպ ոճն ու տարազը, որդնակեր արմատներն այդ խարխուլ ծառին որ հիւթը չէր առներ ժողովրդին սրտէն, այն միայն որ կուտայ առողջ հիւթն ու անթառամ բողբոջումը։

Գրականութիւնը, նոր լրագրութեան համար, պարտի այն անխարդախ հայելին ըլլալ, որուն մէջ հասարակութեան բարքը կը ցոլանայ, մութ սենեկի մը մէջ պահուած ապակին, որուն վրայ անոր կեանքէն հարազատ լուսանկարը կը գծագրուի հետզհետէ վայրկենական պատկերներու անհատնում շարք մը ձեւացնելով, ուր անոր յարափոփոխ դէմքին ամեն կծկումները մատնանիշ կ’ըլլան, կը վերլուծուին։ Հետաքրքիրներու համար շահեկան է այդ Albumը թղթատել, քովէ քով տեսնել տարիներու շրջանի մէջ միեւնոյն հասարակութեան փոփոխուող դիմագծերը. սաղմ, երախայ, մանուկ, տղայ, պատանի, երիտասարդ, չափահաս կամ ծերունի մարդու դէմքեր. միեւնոյն անձին անընդհատ կերպարանափոխութիւնը նիւթի ու բարոյականի զուգահեռական աշխարհներուն մէջ, Սկիզբը ու Վերջը մօտեցած իրարու, երկու յաւիտենական անհաշտելիները բարեկամացած, ընտանեցած, ձեռք ձեռքի։

* * *

Անոնք որ խորհրդածել կը սիրեն, յօժարակամ կը պտտցնեն իրենց ակնարկը մէկ ծայրէն մինչեւ միւս ծայրը, ամբողջութիւնը անխտիր ընդունելով, բան մը չի ձգելով իրենց լայն ներողամիտ տեսութեան շրջանակէն դուրս. չեն մերժեր տգեղը ու չարը իբրեւ իրենց յատուկ գոյութեան պատճառ ունեցող երեւոյթներ ընդհանուր ներդաշնակութեան մէջ. կը կարծեն թէ գեղեցկութիւնը գոյութիւն չի պիտի ունենար եթէ տգեղը չըլլար. առաքինութիւնը չի պիտի տեսնուեր եթէ մոլութիւն չի գտնուեր. բարձրացումն անկարելի պիտի ըլլար եթէ անկումը չի պատահեր, - ո՛չ այն անկումը սանդուխէն որ ոտքերը կը կոտրտէ, այլ բարոյական գահավէժ անկումները, - եւ հարթ հաւասար աշխարհ մը պիտի մնար, տափակ մակարդակ՝ որու հետ արդարեւ զբաղիլը չի պիտի արժէր։