Յօդուածներ (1878-1914 թթ.)

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ՈՒՍՈՒՑՉԱԿԱՆ ԺՈՂՈՎ

Ուսուցչական ժողովոյ նիստերը վերջացան. իր որոշումները՝ համեստ ու պարկեշտ իղձերու ձեւով արտայայտուած՝ նորութիւններ չեն անշուշտ, բայց մեծ մասամբ այն ճշմարտութիւններէն են որոց յեղյեղուիլն անօգուն չէ երբեք։

Մեր դպրոցներուն մէջ գիտութեանց մեծագոյն բաժին մը տրուելուն եւ ուսուցչական մարմնի բարձրացումին վերաբերեալ կարծիքները այս կարգէն են։

Իսկ ամենուրեք ընդհանուր ու միօրինակ նախակրթութեան պէտքը ջատագովող գաղափարը ու այս նախակրթութիւնը կազմելու համար ցոյց տրուած ուսմանց ծրագիրը, սխալ ըմբռնումներու վրայ հիմնուած, անհեթեթ եզրակացութեանց կարգին կը պատկանին։

Դասագրքերու ամենաէական խնդրոյն անտես առնուիլն ալ Ժողովին աշխատութեանց մէջ թերի մնացող կարեւոր մասը կը կազմէ մեր աչքին։

* * *

Չորս նիստերն ալ Պէրպէրեան էֆէնտին ինքը մինակ գրաւեց. հնչուն ձայնովը, հմտալից խօսքովը, դասական վկայութիւններովը լեցուն սրահը տախտակամածէն մինչեւ ձեղունը, դուռնէն մինչեւ պատուհանները։

Անդրիագործին պէս որ կաւի զանգուած մը կ’առնէ ու կ’սկսի անոր վրայ աշխատիլ, նախ գիծերը, չափերը, յետոյ մանրամասնութիւնները ճշդելով կարգաւ, Պէրպէրեան էֆէնտին միեւնոյն բանը կ’ընէ օրակարգի մէն մի խնդիրներուն համար. իր պաշտօնակիցներէն շատ շատ կը պահանջէ որ մին կաւը բերէ իրեն եւ միւսը ջուրը։

Եւ սակայն ինքն է որ Ուսուցչական Ժողովը գումարած է այստեղ եւ ինքն է որ պէտք չի թողուր եւ է համախումբ գործակցութեան. եւ ասով կը նմանի այն պատկերազարդ հանդէսներու հրատարակիչներուն որոնք իրենք կ’առաջարկեն հանելուկը, մեծ պարգեւ մը խոստանալով, եւ իրենք կը լուծեն զայն վերջ ի վերջոյ։

* * *

Ուսուցչական Ժողովին կամ աւելի ճիշդ բացատրութիւն մը գործածելով Պէրպէրեան էֆէնտիի առաջարկած նախակրթութիւնը հայ տղոց համար, եւրոպական նախակրթութեան յար եւ նմանն ըլլալուն, այս պարզ ու դիւրին եզրակացութեան գալու համար ամբողջ ուսուցչական մարմինը հաւաքելու պէտքը չեմ ըմբռներ։

Նոյնպէս չեմ հասկնար, ընդհանուր տեսակէտով, դաստիարակութեան սահմանը գծելու համար եղած ջանքերը. արդեօք կրթութեան վրայ խորհրդակցելու համար գումարուած էր։

Կ’ենթադրուէր սակայն թէ խնդիրը մեր հասարակութեան կրօնական, ցեղական ու աշխարհագրական դիրքին, տնտեսական ու իմացական վիճակին պատշաճեցնելու վրայ էր ընդհանուր դաստիարակութեան մը արդէն ծանօթ պայմանները։ Հո՛ս է որ մեր ուսուցիչները իրենց բաժինը պիտի բերէին եւ հոս էր որ Պէրպէրեան էֆէնտին ունկնդրելու պատրաստուած էինք։

* * *

Տարակոյս չի կայ որ Զենտ Աւեստակէն սկսելով մինչեւ Սբէնսէր, դաստիարակութեան նպատակին ու սահմանին վրայ ըսուած ու չըսուած խօսքերն իրենց օգուտը ունին. բայց Ուսուցչական Ժողովէն սպասուածը բոլորովին տարբեր բան մըն էր։

Առաջին խնդիրը, որ ամեն ժողովականի մտքին ըստ բաւականի որոշ նշանակութիւն մը չունէր, նոյն իսկ Նախակրթութիւն բառ էր։ Ամենքը տարբեր առումներով գործածեցին զայն եւ կ’ապշիմ իրենց վերջնական համաձայնութեանը վերայ. համոզմա՞ն արդիւնք թէ Ուսուցչական Ժողովին նիստերէն մէկէն ալ փակելու փափաք։

Եւ իրօք, նախակրթութիւնը Պոլսեցի տղուն միեւնոյն բանը չէ Վանցի տղուն կամ մայրենի լեզուն խօսելու անկարող Սղերդցի տղուն համար։

Չեմ հասկնար միօրինակ հագուստ մը որ ամենուն պատշաճեցնել ուզուի, մուճակ մը որուն մէջ ամենուն ոտքը սղմելու դատապարտուած ըլլայ։

* * *

Իմ առաջարկութիւնս, եթէ երբեք առաջարկութիւն մը ունենայի Ուսուցչական Ժողովին, նախակրթութիւն մը պիտի ըլլար որ տեղական պէտքերը կը նկատի առնէր միշտ եւ հետեւաբար տարբերուէր ամենուրեք։

Մեր հասարակութիւնը պիտի բաժնէի նախ իրենց բնակած վիլայէթներու համեմատ. իրենց անհրաժեշտ պակասը լեցնելու եւ բնական ընդունակութիւնները զարգացնելու ձեւով եւ տեղական ուսումնասիրութենէ մը վերջը, ասոնց ամեն մէկուն նախակրթութիւնը պիտի սահմանէի։

Բարոյական կրթութեան համար պիտի փնտռէի մտքովս թէ որո՞նք են այն յատկութիւնները որ կը պակսին մեզի եւ այն պակասութիւնները որոնցով վարակուած ենք. եւ ասոնք դարմանելու յատուկ պիտի ըլլար իմ տալիք բարոյական մարդու դասերս, ո՛ր ձեւով որ աւանդուէին։

Հոս՝ հաստատամտութիւն մը պակսի, հոն՝ արժանապատուութեան զգացում. այս տեղ համեստութիւնը բացակայ է, այդ տեղ պարկեշտութիւնը. ահա ասոնց դէմ պիտի ուղղուէր բարոյական կրթութիւնն ամեն բանէ առաջ։

* * *

Միեւնոյն բանը պիտի ընէի կրթութեան միւս մասերուն համար։

Ծովեզերեայ ու վաճառական քաղքի մը մէջ ֆրանսերէնը պարտաւորիչ պիտի ընէի առանց վարանելու, բայց լեռներու մէջ թաղուած գիւղին պիտի խնայէի զայն։

Գիտութիւնները միեւնոյն նպատակով պիտի սահմանէի, եւ զանոնք պիտի աւանդէի աչքի առջեւ ունենալով սա էական գաղափարը որ այդ դասերը, ըստ կարելւոյն մօտիկ ժամանակի մը մէջ, դպրոցական շրջանը աւարտելուն պէս գործնական օգուտ մը ընծայեն աշակերտին։

Ուստի այն ամեն քաղաքներուն մէջ, ուր տեղական արհեստներ կան, իմ գիտական ծրագիրս պիտի ձգտի դէպի այդ արհեստներու կիրառումներուն, անմիջապէս օգտակար ըլլալու ձեւին։

Եւ այն տեղերը ուր երկրագործութիւնը կ’իշխէ, իմ գիտական ծրագիրս բոլորովին տարբեր բաներ պիտի աւանդէ աշակերտին, գլխաւորապէս սորվեցնելով անոնց իրենց հողէն օգտուելու միջոցները։

Գիւղերու մէջ իմ աւանդելիք թուաբանութիւնս ամբողջ թիւերու ու տասնորդական կոտորակի չորս գործողութիւնները պիտի պարունակէր միայն. եւ երկրաչափական գիտելիքները անդաչափական ու տեղագրական գործնական սկզբունքներէն ու կանոններէն անդին չի պիտի երթային։

Քաղաքներուն մէջ երկու դասարաններ պիտի աւելցնէի դպրոցական շրջանին վրայ, տեղական արհեստները աւանդելու համար գիտական սկզբանց համեմատ։

Մայրենի լեզուն, միշտ առաջին տեղը գրաւելով հանդերձ, աւելի երկար ժամանակ եւ աւելի հոգածութեամբ պիտի դասախօսէի հոն՝ ու հայերէնը մոռցուած է։

* * *

Այն ատեն, ապահով եմ, որ ծնողք իրենց զաւակը չի պիտի առնէին ետ դպրոցին կէս ճամբէն, տհաս խակակութ պտուղներու պէս. այլ գործնական օգուտը վայելելով դպրոցական դասերուն, հայրենի արտին եւ այգիին մէջ գործածութիւնը տեսնելով անոնց, իրենք առաջինները պիտի ըլլային պարտաւորելու իրենց զաւակը որ դպրոցական շրջանը ամբողջացնէ։

Կրթութիւնը այն անօգուտ ու վերացական բանը չի պիտի մնար այլեւս, զոր հայրերն ու մայրերը գլխի օրօրումներով, ուսերու շարժումներով կը սահմանեն, այլ անոր դրական ու շոշափելի օգուտներէն երախտաւորեալ, իրենք երկու ձեռքով պիտի գրկեն դպրոցական յարկը զոր հիմա լքած են ամենուրեք։