Յօդուածներ (1878-1914 թթ.)

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ՌՈՒՍԱՀԱՅ ԳՐԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆԸ

Ով որ օր մը մայրաքաղաքիս հայ հասարակութեան ու Թիֆլիզի Հայոց զարգացման զուգակշիռը ընէ, շահեկան ուսումնասիրութիւն մը ըրած պիտի ըլլայ։

Առանց սպասելու այս բաղդատական հաշուին եզրակացութեանը, հիմակուց ալ ակներեւ է որ կովկասեան ոստանի ազգակիցներուս յառաջադիմութիւնը, մերինէն շատ ուշ սկսած, բայց աւելի զօրաւոր մղումով քալած է միշտ։

Կարելի՞ է ըսել որ գերազանցած ըլլայ մերինը։

Վերջերս նորաձեւութեան կարգ անցաւ մեր մէջ Ռուսահայոց գործունէութիւնը մատնանիշ ընել ու անոր օրինակի հանգամանքը ներբողել. անպայման համակրութեամբ ծափահարեցինք, մինչդեռ Կովկասն շովէնները կը մոռնային որ Արեւելքի մէջ Պոլիսն է կեդրոն հայ մտքի մշակութեան ու ամեն նիւթի վրայ կտրուկ ու խրոխտ վճիռներով, արհամարհանքի խառնուած արգահատանքով մը կը նայէին մեզի։

* * *

Մամուլը իրենք միայն ունէին. Թատրոնը իրենցմով միայն թատրոն էր. Գրականութիւնը, նոր գաղափարներով սնած, իրենք ստեղծեր էին. լուրջ ու գիտական մարդիկ այս ռուսահայերը, որոնք առտուն բարի լոյս ըսելու համար Ճաշոցի չափ ստուար հատոր մը կը հրատարակեն ու կ’ապշեցնեն միամիտ Պոլսեցին։

Մինչեւ մօտ ատենները մանկավարժութիւնն ու հոգեբանութիւնն էր միայն իրենց մենաշնորհը. Թիֆլիզէն հոս եկող ամեն ոք իր ուղեւորութեան պայուսակին մէջ երկուքէն ալ կը բերէր մեզի ու առջի տեսակցութենէն կը զարմանար թէ ինչպէս կրնայինք դպրոցներ պահել առանց Ենայի համալսարանին մէջ ուսած մանկավարժներ ունենալու, կամ ինչպէս մարդ մը կ’ապրէր այստեղ առանց հոգեբանութիւն սորված լինելու ի Ժընեւ։

Այսպէս իրենց գերազանցութեան տակ ճնշելով շարունակ զմեզ, իրենց համալսարանականի վարդապետութեանց բարձունքէն չի հասկնալով որ Պոլսի հոսհոսները քաղաքակրթութեան մէջ իրենց երէցները ըլլան, Ռուսահայերը կ’ուրանան զմեզ երբ մենք այնքան կը համակրինք իրենց։

* * *

Մեր բոլոր դատաստաններուն մէջ որոնցմով Ռուսահայոց իմացական կեանքը քննած ենք պատահաբար, բարեկամական զգացումն իշխած է ամեն բանէ առաջ։

Ռուսահայի գրչէն ելած ամենէն ողորմելի արտադրութեանց համար ներողամտութեամբ շարժած ենք միշտ. իրենց քերթողները սիրած ենք մերիններուն չափ եթէ ոչ անոնցմէ աւելի. ձեւի, չափի, յանգի պակասներուն, որոնք հոս աշակերտի մը չի պիտի ներուէին, խնդիր չենք յարուցած բնաւ. գաղափարի դատարկութիւնը՝ պարզութիւն անուանելով սքօղած ենք, արուեստի բացակայութիւնը՝ իբրեւ նենգաւոր ու խաբեբայ տարրի մը պակասը, գրեթէ դրուատելու ելած ենք։

Իրենց արձակագիրներուն բարբարոս լեզուն, բիրտ ասացուածքը իբրեւ յորդ ու զեղուն կեանքի մը բացատրութիւնը ընդունած ենք այստեղ։ Մէկ բառով իրենց գեղջուկի գրականութիւնը շատ հեղ վեր դասած ենք մեր քաղաքացիի զգացմանց արտայայտութենէն։

* * *

Ռուսահայ գրականութիւնը՝ իր լեռնաբոյս ծաղկի անծանակ ու թարմ հոտովը բաւած է զմեզ հմայելու համար. մերը՝ ջերմոցի մէջ հասած բոյս մըն է, նրբացած, մեղկացած, հիւանդագին բան մը, որուն օդը պակսելով գոյնն ալ նետած ու հոտը մարած է։ Կամ ոգեսպառ թոքախտաւոր աղջիկ մը՝ որուն դէմքի գիծերուն գեղեցկութիւնը ի հաշիւ չառնուիր այլեւս մերձաւոր աղէտին գուշակութեամբ ու աչքերը կը յառին այն գունագեղ, թեւարը սօթտած շինական կնոջ որ իր առոյգ ու կորովի իրանը ցոյց կուտայ հեռուէն, դէմքը շնորհազուրկ է անշոշտ. բայց որքա՜ն հոծ ու տրոփող է կեանքն այդ առողջ մարմնին մէջ։

* * *

Հոն՝ ուր ծիծաղելի կը դառնայ այդ լեռնցի ու խոշորագեղ կինը, հոն է երբ իր թիկնաւէտ լանջը փայտէ տակառի մը մէջ անցուցած, քօռսէ դրածի ձեւարը կ’առնէ, կը ծեքծեքի, կամ վճիռ նետելու կ’ելլէ արդուզարդի վրայ. գոյներու, տարազի ու ճաշակի պատգամներ կ’սկսի տալ մեզի. կամ լաթ լուալէ, աւլելէ բրտացած ձեռքերով Ռէնիէի ձեռնոցներուն չի հաւնիր. չտեսի փերեւետումներ կ’ընէ. գրական ընդունելութեան օրեր կը սահմանէ. երեկոյթներ կը կազմակերպէ ու ջահերու լոյսովը տաքցած սրահին մէջ մետաքսէ աթոռի մը վրայ ընկողմանած, Շէքսբիռի, Ռասինի կամ Շիլլէռի վրայ գրական դատաստաններու կը հետամտի. հոս չափը կ’անցնէ ա՛լ. այս նրբութեան շրջանակի մէջ այդ բիրտ մարմինը հրապոյր չազդեր. իր գեղացիի շալվարն ու լաչակը, մազերուն մէջ զետեղուած լեռան ծաղիկն հազար անգամ աւելի կը վայելէին իրեն քան այս բոլոր սեթեւեթեալ մթնոլորտը, որուն դէմ՝ իր սրտէն այգիէն եկող կնկան համեմատութիւնները իրաւամբ կը բողոքեն։

* * *

Դիտաւորութիւննիս տղայական մրցումի, առաջնութեան եւ եսականութեան խնդիր յարուցանել չէ բնաւ. բայց իրաւունք ունինք ահանջելու որ Ռուսահայք քիչ մը աւելի գիտակցութեամբ խօսին մեր վրայ, մանաւանդ թէ պատշաճութիւնները չի մոռնան՝ գրական զարգացման մէջ իրենցմէ շատ կանուխ սկսող հայերու դմ. իրենց երես առած տղու վարմունքը, իրենց անհաւասարելի հմտութեան ու լրջութեան առասպելներուն ժամանակն անցած է։

Կը կարծենք որ առանց համեստութեան պայմաններէն շեղելու դեռ կարելի է ըսել որ Պոլսի այ հասարակութիւնը մտաւորական զարգացման մասին Կովկասէն բան մը չունի սորվելիք, բան մը զոր Պոլսոյ մէջ ալ շատերը կ’անգիտանան եթէ անգիտանալ չեն ձեւացներ։

Դեռ քանի մը օր առաջ Մասիսը Մուրճի ձեւին վերածուած տեսնելու փափաքներ յայտնուեցան. Պ. Արասխանեանցի հանդէսը իր արժանիքը ունի. բայց ռուսահայ գրիչներու արտադրած մանուածապատ յօդուածները, գլուխներու, հատուածներու բաժնուած միշտ, անոնց ստուարի, խոշորի, հաստի տարապայման սէրը չի փորձեր զմեզ. տարրական հետազօտութեանց նուիրուած Յայսմաւուրքներու փառքին երբեք չի կրնար թեկնածու ըլլալ Մասիս։