Յօդուածներ (1878-1914 թթ.)

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ՎԵ՜ՐՋԱՊԷՍ

Ազգային Պատրիարքարանը դատական իշխանութեան համար օրէնք մը պատրաստելու գաղափարը ու առաջարկութիւնը ուշադրութիւն հրաւիրած է։

Քաղաքական Ժողովը գովելի ջանադրութեամբ մը այս մասին յայտնուած իղձերուն գոհացում տալու եւ այս յայտնի պակասը լեցնելու ձեռնարկած է։ Ժողովականներէն երկու դատաւոր ու փաստաբան մը կոչուած են քննելու այն ծրագիրը, զոր Դատաստանական Խորհրդին անդամներէն մին պատրաստած է արդէն։

Պէտք չէ մոռանալ սակայն որ խնդրոյն ամենէն դժուարին մասը ոչ այնքան գրաւոր օրէնք մը ունենալու ձեռնարկելն է՝ որքան այդ օրէնքին բանաւոր ու իր կոչման պատշաճ հանգամանք մը տալուն մէջ։

* * *

Սպասելով ու մաղթելով որ մեր կրօնական իշխանութիւնը նոյն իսկ ամուսնական իրաւանց վրայ յատուկ կանոնագիր մը պատրաստէ եւ մեղմացնէ երբեմնի խստութիւնը ամուսնական դաշինքին, հետեւելով մեր կրօնական օրինաց եւ դարուս յառաջադէմ ոգիին, հիմակուհիմա ըլլուելիք բանը դատավարութեան համար որոշ ու յայտնի կանոններ գծելէ կը բաղկանայ։

Բայց այս պարզ կանոնադրութիւնն ալ , - դիւրին ու դժուարին գործ միանգամայն, - իր ոյժը ստանալու եւ ամեն կողմէ գանգատի ու բողոքի դուռ չի բանալու համար, հարկ է որ լաւ ուսումնասիրուի եւ ի հարկին կոչում ըլլուի ամեն անոնց լոյսերուն։ որոնց ձեռնհասութիւնը այս տեսակ գործի մը մէջ փնտռուելիք առաջին ու վերջին հանգամանքն է։

* * *

Ասոր համար կը կարծենք, գրեթէ կը հաւատանք, որ Քաղաքական Ժողովոյ քննութիւնը վերջնական չի պիտի ըլլայ անշուշտ. յօրինուած կամ յօրինուելիք բանը նախագիծ մը պիտի ըլլայ միայն, ուր ուրիշ փորձ միտքեր ալ, - եւ ալ շատ ըլլան՝ օգուտը այնքան աւելի մեծ կ’ըլլայ, - իրենց օժանդակութիւնը իտի բերեն։

Այս պայմանով եւ ա՛յս պայմանով միայն կատարեալ բան մը կ’ըլլայ արտադրուած գործը եւ իր հեղինակութիւնը, - ինդ որ ամենէն աւելի օրէնքներու համար անհրաժեշտ է, - կ’ընդունուի ու կը ճանչցուի ամենէն։

Յետոյ, պէտք է խորհիլ թէ որքա՛ն դանդաղ ենք այս կերպ գործերու մէջ, եւ որքա՛ն դժուարին է վերջէն, նոյն իսկ պակասները ճանչցուած զգացուած գործ մը սրբագրել մեր մէջ։

* * *

Դատավարական օրէնքի մէջ ուշադրութեան առնուելիք առաջին բանը պարզութիւնն է, ինչ որ եւրոպական կարգ մը օրէնքներու մէջ բոլորովին կը պակսի. խոհեմութիւն պիտի ըլլայ թարգմանութեան կամ օրինակութեան դիւրին ձեւէն հեռանալ այս աշխատութեան մէջ։ Մեր սովորութիւնները, մեր բնութիւնը ի հաշիւ առնելով միայն յարմար օրէնսդրութիւն մը կրնայ ձեռք բերուիլ։

Երկրորդ կարեւոր բանը, դատերուն ըստ կարի շուտով վերջանալուն միջոցը գտնելն է։ Երկարաձգուած իրաւունք մը՝ կորսուած իրաւունքէ մը աւելի վատ բան մըն է. նիւթական ու բարոյական վնասը առաջինէն շատ աւելի մեծ է։

Ուստի, մեր Պատրիարքարանի ամուսնական դատերը փութով կարգադրելու ճամբան փնտռելու է միշտ։

Բայց այս փափաքը դատերուն քննութիւնը աճապարանքի ենթարկելու, ամեն բանի վրայէն հապճեպով ու հարեւանցի անցնելու ձեւը առնելու չէ։ Ժամավաճառութիւն չընելը՝ իրաւացին ու ճշմարիտը երեւան հանելու համար հարկաւոր քննութեան պէտքին հետ հաշտեցնելու է։

* * *

Ու այս ամենէն զատ, հարկ է մեծ հոգ ու խնամք տանիլ խմբագրութեան, նոյն իսկ լեզուին վրայ, պարբերութիւններուն, բառերուն, որոց իմաստը պէտք չէ տեղի տայ երկդիմի մեկնութիւններո։ Գրական խնդիր մը չէ այս, այլ օրէնսդրական պահանջումներուն գլխաւորը, զոր ներելի չէ աչքէ վրիպեցնել։

* * *

Եւ այս ամենը լուսաւորելու, օրէնքին կիրառութիւնը դիւրացնելու համար, պէտք է հրատարակութեան տալ դատավարական կանոնագրին հետ միասին իր երկունքին պատմութիւնը. պէտք է ցոյց տալ անոր սկզբնական վիճակը, Պօշնաքեան էֆէնտիի ծրագրէն մինչեւ այն վերջնական անփոփոխ ձեւը, որ ընդունելի դատուած ու գործադրելի հրամայուած է։

Պէտք է ցոյց տալ այն պաճառաբանութիւնները ու յայտնուած այն կարծիքները, որոնք ազդած են ծրագրին վրայ ու փոփոխութիւններու տեղի տուած։

Ասով ամբողջացած կ’ըլլայ գործը, եւ անոնք՝ որ պիտի կոչուին զայն ի գործ դնելո, ինչպէս նաեւ անոնք՝ որ պիտի կոչուին անոր հնազանդելու, հաւասարապէս պիտի գիտնան ինչ ընելիքնին։

* * *

Բայց այս ամենը անօգուտ ու ապարդիւն պիտի մնայ եթէ փաստաբաններու ներկայութենէն խորշուի Պատրիարքարանի դատարանին առջեւ։ Եթէ օրէնսգէտներ՝ պատրաստելի օրէնքին գործադրութիւնը գիտակցութեամբ չի պահանջեն, եթէ այս օրէնքը իր բաղդին ձգուի միայն կամ յարափոփոխ Խորհրդի մը առաւել կամ նուազ յաջող ըմբռնումին, լաւ է այժմէն ետ կենալ։

Ինչպէս ամեն դատարանի առջեւ, մեր Պատրիարքարանի դատական Ատեանին առջեւն ալ փաստաբանները իրենց աջակցութիւնը, գրեթէ հսկողութիւնը, բերելով օրէնքին պահպանման՝ անոր բանաւոր կիրառութիւնը պիտի սատարեն։

Ժամանակ է անդրջրհեղեղեան նախապաշարումները մերկանալու. արդարութիւնը այն ատեն միայն կը յաջողի, երբ դատավարող կողմերն օրէնքի գիտակ են ու կարող իրաւունքնին պաշտպանելու։

Փոխանորդ դնելու իրաւունքը, այն բնական իրաւունքներէն է որ ոչ ոքի զլացուած է մինչեւ ցարդ քաղաքակիրթ ազգերու մէջ։

Կը ահանջենք որ նոր օրէնքին յատոկ մկ տրամադրութեամբը այս իրաւունքը ճանչցուի, առանց ո եւ է սեղմումի, առանց անձուկ մտածողութիւններու։

Եթէ Դատաստանական Խորհուրդը հարկ տեսնէ դատավարողներէն անձամբ բան մը ստուգել կամ հարցնել, այդ իրաւունքը ունի միշտ։

Հաւատքով կը սպասենք մեր Պատրիարքարանի այս դատավարական օրէնքի երեւումին։