Յօդուածներ (1878-1914 թթ.)

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ՕՐԸ ՕՐԻՆ.
ՏԻԿԻՆ ՍԻՐԱՆՈՅՇ

Այն յաղթանակներէն վերջը որով պսակուած է իր վերջին ուղեւորութիւնը ի Կովկաս, Տիկին Սիրանոյշ առաջին անգամն է որ, մեր մէջ, պիտի երեւնայ նորէն հայ թատերաբեմին վրայ։

Մեծ է հետաքրքրութիւնը. Մարկրիթ Կօթիէի դերը՝ շինուած պատրաստ շրջազգեստներուն չնմանիր զոր ամեն ոք կրնայ հագնիլ, այլ շղարշի կտոր մըն է նուրբ, հողմածուփ բան մը, որուն մէջ փաթթուողին կիյնայ իր ճաշակը, իր շնորհը ցոյց տալ եւ այդ անյարդար թիւլի պատառով արդուզարդ մը շինել, որուն բարեձեւութիւնը՝ թափանցիկութեանը մտածելու ատեն չձգէ։

Երբ Տիկին Սիրանոյշ այսքան դժուարին ու այսքան հրապուրիչ դերով մը ի հանդէս կուգայ, արդէն ապացոյցը տուած կ’ըլլայ թէ, ամեն մեծ դերասանուհիներու պէս, կ’ըմբռնէ թէ Թատրոնին կոչումը կեանքի ու սրտի զարտուղութիւնները բացատրելո՛ւ մէջ է եւ ոչ թէ անօրինակ, անլուր, անհաւատալի ոճիրներով, արկածներով, հանդիպումներով՝ ասարակութիւնը զբօսցնելու մէջ։

* * *

Աշխարհագիրներ կան որոնք ցամաքով կ’զբաղին միշտ եւ ուրիշներ՝ որոնք ծովերը կը չափեն միայն, խորութիւնները կը պրպտեն, անդունդներու մէջ կը սուզին եւ ոն՝ նոր մակերեւոյթներ կը գտնեն։ Տիւմա՝ այդ ծովաչափներուն ետն է, եթէ իրաւ է որ ամենէն խոր ծովը աշխարհիս մէջ՝ կանացի սիրտն է ամեն ատեն։

Ռամիկը անյատակ կը կարծէ զայն, անվերջ անդադար վայրէջք՝ որ ծայր ու յանգ չոնի, եւ կը զարմանայ որ ուրիշներ ահա անոր յատակը կը ճշդեն, թուղթի վրայ կը գծեն գրեթէ, ճիշդ աշխարացոյց քարտէսի պէս, ու ցոյց կուտան հոն անակնկալ վերելքներ ալ որք մեզի անտես ու անծանօթ սարեր կը կազմեն մոթին մէջ։

Քամէլիազարդ տիկինը այդ անակնկալ բարձրացումներուն մէկն է։

Մարկրիթ Կօթիէ այն կիներէն է որոնք կեանքէն՝ հաճոյքը կը ճանչնան միայն ու անով կ’աւանդեն հոգինին, Օֆելիային պէս որ ծաղիկներ քաղելով մեռնելու գաղտնիքը գտած էր։ Մարկրիթ՝ այն շատ երջանիկ կամ շատ դժբաղդ արածաներէն է որոնց համար կեանքը՝ միակտուր ու միակողմանի է, բովանդակ զուարճութիւն՝ առանց զուգակշիռ մը ունենալու ո եւ է պարտականութեան գաղափարի մէջ։

Եւ օրին մէկը իր սիրած մէկ երիտասարդին հայրը կուգայ աղերսել իրեն, ալեւոր ու պարկեշտ մարդ մը՝ անձնամատոյց կնոջ մը ոտքը, իր զաւակը վերստանալու համար աղաչելով.

- Ձգէ՛ իմ տղաս։

Այդ երիտասարդը իր մէկ հատիկ սիրածն է հազարներու մէջ որոց վրայ կը ծիծաղէր. եւ հիմա անոյշ խօսք մը, հօր մը աղերսը կը բաւէ համոզելու համար զինքը, - ախտավարակ ու զուարճասէր ցոփուհին, - հրաժարելու իր սէրէն, հեծկլտալով սրտին խորէն, բայց առանց տկարանալու իր զոհողութեան մէջ։

Երբ ամեն ոք իր շահը ու օգուտը կը պահպանէ ի հարկին ուրիշները ոտնակոխ ընելով, ո՜րքան անակնկալ անձնազոհութիւնը մըն է Մարկրիթ Կօթիէի հրաժարումը երջանկութեան երազներէն եւ ո՜րքան անկեղծ կ’ըլլայ կարեկցութիւննիս իր կսկծալի վախճանին վրայ։

* * *

Տիկին Սիրանոյշ ամեն յատկութիւն ունի արժանաւոր թարգմանը ըլլալու Տիւմայի այս գեղեցիկ գործին։

Իր արուեստին չափ զգացում ունի, ինչ որ անհրաժեշտ է Մարկրիթի դերին համար։ Քաջ կը խօսի հայերէնը, բան մը որ քիչ քիչ պակսելու վրայ է մեր դերասաններէն շատերուն. իսկ ինչ որ աւելին է, խօսիլ գիտէ Տիկին Սիրանոյշ սիրոյ լեզուն։

«Խօսի՜նք» ըսաւ, ո՜հ, խօսիլ,

Հատնիլ է լոկ ինձ համար,

ինչպէս կ’ըսէ բանաստեղծը։

Յետոյ աւանդական ուղեւորութիւնը ըրած է ի Կովկաս ուր մեր դերասաններն իրենց նուիրագործումը կ’ստանան, կը քաջալերուին, բայց կը վարժուին խստապահանջ հասարակութեան մը դատաստանին։