Յօդուածներ (1878-1914 թթ.)

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ԽԵԼԱՑԻ ԳԱՂԱՓԱՐԻ ՄԸ ԱՆԽԵԼՔ ԳՈՐԾԱԴՐՈՒԹԻՒՆԸ

Եկեղեցապատկան կալուածները հրդեհի դէմ ապահովագրելու պէտքը տարակոյս չվերցներ անշուշտ։

Բարերարութիւնը նուազած է մեր մէջ եւ ո եւ է ազգային շէնք որ հրդեհէ փճանայ, մեծ հաւանականութիւն կայ որ չվերականգնուի նորէն։

Ուրեմն անհրաժեշտ է որ այս տեսակ արկածներու դէմ մեր հասարակութիւնը կարող ըլլայ առանց ո՛ եւ է աջակցութեան կամ հանգանակութեան վերաշինել իր այրած շէնքերը։ Այս հեռատեսութեան օգտին ապացոյցները, դեռ շատ չընէր, ունեցանք Բերայի թատրոնի առթիւ։

Երեւակայեցեք ի՛նչ պիտի ըլլար վիճակը եթէ ապահովագրուած չըլլար Թատրոնը՝ կա՛մ պէտք էր վերաշինութեան գաղափարը թողուլ, կա՛մ մուրացիկի պէս դուռնէ դուռ շրջիլ, աղաչել, քծնիլ, ամեն պահանջումի գլուխ ծռել, այնպէս որ կառուցուելիք շէնքը իր հիմէն մինչեւ ձեղունը, իր որմերուն ու երկաթներուն մէջ թրծուած պիտի ըլլար ամենէն ողորմելի ու գձուձ զգացումներով։

* * *

Ուստի եկեղեցիի կալուածքները պէտք է ապահովել, ու կը գովենք Վարչութիւնը այս իմաստուն խորհուրդին գործադրութեան ձեռնարկելուն համար։

Մինչեւ հոս աղէկ է. բայց ասկէ անդին, գործադրութեան համար մտածուած եղանակը բոլորովին սխալ ու անյարմար է։

Վարչութիւնը մտադիր է եւրոպական ընկերութեան մը քով ապահովագրել ազգային կալուածները, մինչեւ իսկ ընկերութեան ներկայացուցչին հետ իր բանակցութիւնները սկսած են։

Կը կարծէինք որ ընկերութեան վճարուելիք տարրական գումարին քանակութիւնը ուշադրութիւն պիտի հրաւիրէր, կը կարծէինք որ այդ գումարը որ մերձաւոր հաշուով մը երկու հազար ոսկի կ’անցնի, ամեն տարի օտար ընկերութեան մը ափը լեցնելէ տարբեր ձեւով մը կրնար գործածուիլ իր յատկացուցած նպատակին։

Վարչութիւնը այս մասին վրայ միտք յոգնեցուցիչ չթուիր. եւ սակայն ամեն կարեւոր վաճառականերն անգամ, որոնք իրենց գործին ընդարձակութեանը համար տարեկան մեծ գումար մը արտաւոր են ապահովագրութեան յատկացնել, անոնք բոլորն ալ իրենք կ’ապահովագրեն իրենց ինչքը ու իրենք կ’ընեն այն մեծ շահը զոր ապահովագրական ընկերութիւնը պիտի ընէր։

* * *

Վասն զի պէտք չէ մոռնալ որ ապահովագրական ընկերութիւնները մեծ, խիստ մեծ շահեր կընեն. իրենց բարգաւաճ վիճակը, իրենց բաժնեթուղթի գիներուն անաւատալի բարձրացումը ապացոյցն է ադոր։

Անշուշտ, երբ ապահովագրելի ինչքը մեծ արժէք մը չունի, չարժեր անոր համար մասնաւոր միջոց խորհիլ ու անձամբ անձին ապահովագրելու ճամբան բռնել. բայց մտածեցէք անգամ մը. տարին երկու հազար ոսկին՝ խնայողութեան գաղափար մը չա՞րթնցըներ։

Ի՞նչ պատճառ կայ չհետեւելու իրենց բան գործը գիտցող վաճառականներու օրինակին որուն վերը ակնարկեցինք, եւ այսպէս քիչ ատենի մէջ գոյացնել դրամագլուխ մը որ պիտի կրնայ լեցնել ոչ միայն րդեհին բացած կորուստները, այլ հնութեան աւերումներն ալ նորոգելու կարելիութիւնը ընծայել։

Ազգային կալուածները ապահովագրելու գաղափարը բոլորովին անիմաստ բան մը պիտի ըլլայ թէ որ օտար ընկերութեան մը հասոյթի աղբիւր մը հայթայթելու դերէն դուրս չելլէ։

* * *

Մենք կառաջարկենք որ ապահովագրական սնտուկ մը հաստատուի Պատրիարքարանի մէջ՝ մեր բոլոր հանրային շէնքերը ամեն կերպ արկածի, կամ ժամանակով յառաջ եկած փճացումի դէմ պահպանելու համար. անոնք որ ապահովագրական դիւրութեանց տեղեակ են՝ գիտեն որ շատ չնչնին դրամագլուխ մը կը բաւէ գործի սկսելու համար։ Այդ դրամագլուխը կրնայ հայթայթուիլ փոխառութեամբ մը զոր սնտուկը չորս հինգ տարուան մէջ ապահովապէս կրնայ վճարել։ Յետոյ դրամագլուխը ինքնին պիտի կազմուի ու երբ գաւառներու ու գլխաւոր կեդրոններու ազգային շէնքերն ալ ապահովագրութեան տակ մտցուին, այդ սնտուկը էապէս փրկիչ տարր մը կ’ըլլայ մեր հաստատութեանց համար։

Մեր հասկցած եղանակը ներկայացուցինք հոս առանց մանրամասնութիւնները ճշդելու որոնք լուրջ ուսումնասիրութեան մը կարօտ են. այդ ամենը կրնայ դիւրաւ ճշդուիլ ձեռնհաս մարդոց ձեռքով, եւ այն ատենն է միայն որ Վարչութիւնը խելացի գաղափարի մը խելացի կերպով գործադրուած կրնայ ըսուիլ։