Յօդուածներ (1878-1914 թթ.)

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ԿԵՆԴԱՆԻ ՄԵՌԵԱԼՆԵՐ

«Սրբազան Հայր,

Այսօր մեռաւ հոս Տօքթօռ Պէհրան որ շատոնց արդէն մեռած էր մեր ազգին համար»

Այսպէս կը գրէր քսան տարի առաջ Հիւնքեարպէյէնտեան Տ. Հայրը Բարիզէն վերադառնալով համբաւաւոր բժշկին յուղարկաւորութենէն։

Վերջերս, ֆրանսական ոստանին մէջ մեռնող ու իր բոլոր հարստութիւնը Ֆրանսայի կտակող հայ միլիոնատէրին մահը այս խօսքը միտքս կը ձգէ։

Այս մարդն ալ շատոնց արդէն մեռած էր իր ազգին համար. մեր հասարակութեան աչքին իր գոյութիւնը կը նմանէր գոց եւ պարապ խանութի մը ճակատը դրուած այն ոսկետառ անունին որուն տէրը շատոնց թողած գացած է իր վաճառատունը, մինչդեռ միամիտ անցորդը կը շարունակէ դեռ հեգել այդ ոսկեքանդակ տառերը։

Ճէյ Կուլտի մահուան առթիւ ըսուեցաւ որ Միացեալ Նահանգաց ժողովուրդը չէր ուզած ընդունիլ այս խաղամոլին թողած կտակը։

Բարիզի մէջ մեռնող այս կենցաղասէր ու օտարամոլ հայ հարուստն ալ մին էր այն էապէս ողորմելի արարածներէն որոնք հարստութեան երեսը տեսած օրերնուն՝ իրենց անցեալը ուրանալով կը պարծին. Ճէյ Կուլտէ մը հազար անգամ աւելի արհամարհելի է այս մարդուն աղտոտ կտակը եւ գոհ ենք որ մեր ազգին չի գար իր լուման։

* * *

Եւ այս մարդը Պոլսոյ մէջ, անոր լաւագոյն վարժարանին մէջ, Ճեմարանին մէջ կրթուած մէկն էր. յետոյ կարծեմ քիչ մըն ալ ուսուցչութիւն ըրած էր. անկէ վերջը մտած արեւտուրի մէջ որ 4-5 տարուան մէջ մեծ հարստութիւն մը ձեռք բերելէ վերջը, Բարիզ քաշուած էր, իր եկամուտովը ապրելու համար։

Այս վայրկեանէն արդէն այս մարդը իր բարոյական չափը տուեր էր. ի՜նչ է, քաղաքակրթութեան համար, առանց աշխատութեան, միայն եկամուտով ապրող մարդ մը. ո՞չ ապաքէն ամեն ոք, ո՛ր դասին ալ վերաբերի, նորէն բաժին մը, պարտք մը ունի կատարելու աշխարհիս մէջ։

Այս մարդը կարծեր էր որ չորս տարի աշխատելէ յետոյ միայն իրաւունքներ ունէր ալ. կեանքի հաճոյքները վայելելու իրաւունքները զորս չարաչար կերպով ի գործ կը դնէր։

Իր ազգը, իր երկիրը մասնաւորապէս չսիրելուն կը պարծենար եւ այս է այն մարդը որուն առթիւ ըսուեցաւ թէ մեր ազգը պէտք էր ստանձնել անոր մօտ՝ մուրացիկ ազգականի մը դերը, որ հոգեվարին սնարին քով, վերջին վայրկեանին կուգայ անոր յիշեցնել զիրենք միացնող մերձաւորութիւնը։

Ո՛չ. հասարակութեան մը վայելուչ դեր մը այս ճիտը ծուռ մուրացկանի դերը. ո՛չ, պէտք չէ զիջանի ան ողորմութիւն խնդրելու երբեք. ազգ մը իր անհատներուն պահանջումներ կրնայ ներկայացնել եւ ոչ խնդիրքներ։

* * *

Մենք մեր արտաքին լուրերուն մէջ թաղեցինք այս օտարացած հայուն մահուան լուրը, ճիշդ ինչպէս մեր եկեղեցականութիւնն ալ անոր դիակը պիտի թաղէր մեր գերեզմանատունէն դուրս։

Ու քանի՜ հատ պիտի թուէինք այս կենդանի մեռեալներէն, եթէ թուահամար մը շինելու փորձութիւնն ունենայինք։

Նոյն իսկ Պոլսոյ մէջ չպիտի՞ գտնէինք տուներ՝ ուր ֆրանսերէն կը խօսին ու ֆրանսերէն կ’զգան. ո՛չ իրենց լեզուն գիտեն շնորհքով եւ ոչ մեր երկրին լեզուն։

Ի՞նչ կ’ըլլան ասոնք վերջ ի վերջոյ. կը յաջողի՞ն գէթ ֆրանսացի դառնալու։

Զմիւռնիոյ մէջ ամբողջ սերունդ մը կայ օտարացած հայերու. տեսած եմ զանոնք. հայեր չեն ուզած մնալ ու ֆրանսացի չեն կրցած ըլլալ։ Ասոնց համար էր անշուշտ որ քերթողն ըսաւ.

Օտարացէ՛ք, հեռացէ՛ք, որչափ կամիք

Միշտ էք դուք մեր դասալիք։