Յօդուածներ (1878-1914 թթ.)

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ԵՂԻԱ ՏԷՄԻՐՃԻՊԱՇԵԱՆ

Տարի մը կայ որ Եղիա Տէմիրճիպաշեան սրդողած էր ամենուս հետ, մարդոց ու Աստուծոյ դէմ. իր շուրջը եռացող գրական գործունէութիւնը՝ այս զարտուղութեան ոգին անգործունէութեան, իր բառով, գործատեացութեան տարած էր. այս դադարը՝ dolce far niene [1] ի հաշտութեան համար չէր. կը կարծեմ որ իր հանգիստը ուրիշներու վաստակէն շատ աւելի տաժանելի էր։

Գացինք գտանք զինքը, գտանք իր մոլորուած ակնարկը, իր սեւեռած միտքը, իր ժխտական իմաստասիրութիւնը զոր Եղիան չճանչցողները միայն՝ մառախուղի մէջ ծրարուած կը կարծեն։

Խօսեցանք, վիճեցինք ու կռուեցինք ինչպէս կը պատահի երկուստեք յամառ մարդերու մէջ. այդ օրէն միտքս դրի վրէժ լուծել իրմէ, իր իմաստասիրութենէն, իր խուսափող, պահուըտող, սրդողող մարդու քմահաճոյքներէն։

Յետագայ քերթուածը յանձնած էր ինձ՝ Տիրան Քելէկեանի խրկելու խնդիրքով. բայց Տիրան Քելէկեանի բնակարանն ալ՝ իբրեւ Մասիսի ճշմարիտ աշխատակցի բնակարան, իմ ու Ֆնտքլեանին տանը պէս, այրած ոչնչացած էր։ Ո՞ւր գտնել այսուհետեւ Քելէկեանը, եթէ ոչ Մասիսին մէջ. ու խորհեցայ որ Մասիսին յանձնելով քերթուածը անվրէպ իր հասցէին կը խրկէի ինձ վստահուած աւանդը։



[1]            Քաղցր (հաճելի) է ոչինչ չանելը։