Յօդուածներ (1878-1914 թթ.)

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

[Կ. ԻՒԹԻՒՃԵԱՆԻ «ՄԱՆԿՈՒԹԵԱՆ ՅԻՇԱՏԱԿՆԵՐ»Ի ԱՌԹԻՒ]

Մասիսի հիմնադիր ու առաջին խմբագրապետ Կարապետ էֆէնտի Իւթիւճեան իր թերթը երիտասարդ ձեռքերու յանձնելով հանդերձ՝ չէ դադրած համակիր ուշադրութեամբ դիտելէ անոր հետեւած շաւիղը։

Այս համակրութեան այս սրտակցութեան պիտի ըսէինք հետեւութեամբ է որ հայ լրագրութեան այս մեծ վաստակաւորը հաճեցաւ մեր խնդիրքին վրայ իր Յիշատակները ի գիր առնել՝ Մասիսի մէջ հրատարակուելու համար։

Ասով՝ ամբողջ նախնի սերունդն է որ կը կենդանանայ ահա իր գրչովը, ու կուգայ իր արժանաւոր տեղը բռնելու մեր անտեսող երիտասարդներուն քովը կամ վրան։

Ամբողջ շարք մը պիտի ձեւանայ այս Յիշատակներով, ժամանակակից պատմութիւն՝ Պոլսոյ գրականութեան, մեր հասարակութեան մտաւոր վիճակին, զոր Մասիսի առաջին խմբագրապետը իր ծանօթ humorովը, իր սուր դիտողութիւններովը եւ աւելի սուր բառերովը կրկնապէս հրապուրիչ կ’ընծայէ ամենուն։