Յօդուածներ (1878-1914 թթ.)

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ՄԵՐ ՊԱՏԿԵՐԸ
ՖՐԱՆՍՈՒԱ ԳՕԲԲԷ

Անոնք որ դասաւորելու մոլութիւնը ունին, բաղդատութիւնը կը սիրեն եւ ամեն բան շարել կ’ուզեն առաջնութեան կարգով, Հիւկօէն ու Լամառթինէն անմիջապէս ետքը Գօբբէին տեղ պիտի տան։

Մինչեւ այն բարձունքը՝ ուր կը կենան Ժէրսեյի տարագիրը ու Սէն Բուանի մենակեացը, մինչ այն կատարները՝

Ուր թխսեն դիք եւ արծուիք

ինչպէս կ’ըսէ Եղիան, չի խոյանար Համեստներու քերթողը. այլ մեր տանը երդիքին վրայ թառած թռչունն է. այն՝ որուն դարձդարձիկ ճախրանքին կարելի է աչքով հետեւիլ պատուհանէն եւ որուն երգին ձայնը՝ մանկութենէ ի վեր օրորած է զձեզ։

Անոր համար է որ եթէ Հիւկօին վրայ պիտի սքանչանանք միշտ, Լամառթինին վրայ պիտի զմայլինք, Գօբբէին ալ պիտի սիրենք։

* * *

Ֆրանսուա Գօբբէ քերթող մըն է ամեն բանէ առաջ ու քերթող մնացած է միշտ. ոչ թէ անոր համար որ գրական ուրիշ սեռերու մէջ ալ իր եզական կարողութիւնը ցոյց տուած չըլլայ, այլ անոր համար որ այսպէս ուզած է ինքը։

«Գրելու հանապազօրեայ ճիգը, որ խմբագրի մը ճակատագիրն է, ատեն չի ձգեր իրեն մտաւոր հանգստի ու ամփոփումի որ անհրաժեշտ է բանաստեղծի մը» կը գրէր Գօբբէ իր վերջին թերթօնին մէջ որ միանգամայն իր հրաժարականն էր թատերական քրիթիկի պաշտօնէ՝ զոր այնքան փայլով վարեց Բարիզեան օրաթերթի մը մէջ։

Այդ միջոցին Ֆրանսական ակադեմիոյ անդամ ընտրուած էր. եւ անկէ ի վեր կը շարունակէ իր գրական վաստակը, չի նմանելով անոնց որոնց համար այս ընտրութիւնը ծուլութեան ու անգործութեան վկայարանի տեղ կը բռնէ։

* * *

Իբրեւ թատերագիր Գօբբէ աւելի վիպական դպրոցին կը մօտենայ. այն դպրոցին որ թատերաբեմին վրայ մեծագոյն ներգործութիւնը կ’ընէ։ Իր Անցորդը որ աւելի խօսակցութիւն մըն է քան թէ զատ թատերական կտոր մը, քիչ մը Մառիօն Տըլորմը կը յիշեցնէ Հիւկօին։ Հո՛ս ալ անձնամատոյց կին մը կայ, ազնուութեան թռիչով մը բարձրացող, որ կը խղճայ իրեն համար ցակութենէ տառապող խեղճ տրուպատուրի մը վրայ եւ անոր անմեղութեան կը խնայէ. Քռէմօնի վին շինողը այլանդակ մարմնի մէջ բանտարկուած մեծ հոգիի մը ու մեծ կիրքի մը վերլուծումն է։ Սերւիրօ Թօռէլլին - գլուխ գործոցը Պէշիկթաշլեանի Բրուտոսը միտք կը ձգէ։

Այս ամենուն մէջ ոճի, ձեւի, արուեստի կատարելութիւնը՝ զգացմանց բուռն պայքարով մը մղուած՝ վսեմի կը յանգի միշտ։

Թատրերգութեանցը մէջ՝ միշտ մեծ կիրքերու, սաստիկ վրդովումներու հետ սիրած է զբաղիլ, ինչ որ Հիւկօն թէ՛ իր վէպերուն եւ թէ իր թատրերգութեաց մէջ ըրած է։

* * *

Իր քերթուածոց մէջ՝ բանաստեղծը իրական կեանքը կ’առնէ. պարզ ու գեղջուկ կեանքը, որ իր սովորական ու անմռունջ գոյութեանը մէջ՝ այնքան համեստ դիւցազնութիւններ, անբարբառ ցաւեր, անտես արցունքներ կը պարտկէ։ Գօբբէ այս ամենը կը տեսնէ եւ, ինչ որ աւելին է, կ’զգայ։

Անշուշտ, իր Բարիզցի ու միջակ դասի ընտանեաց զաւակ մը ըլլալը՝ նպաստած է իրեն, մօտէն դիտելու ինչ որ անտեսանելի է ի վեր ի վերոյ դիտողի մը աչքին։ Իր նկարագրութիւնները, պատկերները մանաւանդ՝ լուսանկարի ճշդութիւնը ու ցոլացումը ունին, պզտիկ տրտմութիւնով մը խառնուած լուսանկար՝ որ ամպամած օդով մը առնուած ըլլայ։

Այս քերթուածներուն երկար շարքին մէջ առաջին տեղը կը գրաւեն իր Մտերմութիւնները, որոնք սիրուած անձի մը հետ խօսակցութիւն մը կազմեն, գլուխ գլխի անցուած ժամերու պատմութիւն, որուն մէջ քերթողը առիթ կը գտնէ ամեն առարկաներու վրայ իր բառը ըսել, իր գթած ձայնը լսեցնել, իր համեստ իմաստասիրութիւնը ընել, ամբողջ ներդաշնակութիւն ու ամբողջ գորով, ճիշդ ինչ որ Բանաստեղծութիւնը պարտի ըլլալ։

* * *

Յետոյ, իր պզտիկ ոտանաւոր պատմութիւնները յատուկ սեռ մը կը ձեւացնեն գրեթէ. սեռ մը՝ որ իրն է եւ որուն մէջ հաւասարող չունի բնաւ։ Անցորդը, եթէ թետրերգութիւն անունը չառնէր, առաջինը պիտի ըլլար այս շարքին մէջ որոց մէջ կը փայլին Դարբինները, զոր կ’արտասանէր ողբացեալ Ադամեան, Բեկորը, Օրհնութիւնը եւ ասոնց նման գոհարներ։

Գօբբէ իբրեւ արձակագիր ոչ նուազ հռչակաւոր է. իր նորավէպէրու հատորները միշտ խանդաղատանքի գանձեր կը պարունակեն, պարզ ու անկեղծութեան շնորհով եւ իր վերջին հատորը Սուղ եւ Երկար, նորէն հաւաքածո մըն է պզտիկ պատմութիւններու որոց մէջ երեւցող իր բանաստեղծի խառնուածքը՝ թարմ ու մանկունակ երգի մը ներգործութիւնը կը թողու։

Նախընթաց թուով հրատարակեցինք իրմէ երկու քերթուածներ զորս Փանոսեան կրցաւ հայերէնի վերածել, առանց բնագրին հրապոյրը կորսնցնելու։

Թարգմանութիւնները, մանաւանդ ոտանաւոր քերթուածոց համար, կլիմա փոխած ծաղիկներու կը նմանին։ Սովորաբար իրենց փոխադրուած նոր հողին մէջ՝ ոչ առջի գոյնը եւ ոչ առջի հոտը կրնան պահել։ Փանոսեան այն յաջող պարտիզպանն է որ զգալի ընել չի տար այս տեղափոխումը։

Մասիսի ներկայ թիւին մէջ Գօբբէէն հրատարակուած քերթուածը՝ դարձեալ անոր կը պարտինք, թէեւ այս քերթուածին գաղափարը՝ Միամիտ պատմութիւններ վերնագրին տակ ընդլայնուած գտանք քանի մը շաբաթ առաջ. ռամիկ բանագողութեան մը կասկածը չունեցանք բնաւ, այլ ըսինք միայն որ թերեւս այդ արձակին տէրը ու ֆրանսացի բանաստեղծը զիրար գտած են առանց գիտնալու։ Չէ՞ մի որ,

Les grands esprits se rencontrent [1].



[1]            Մեծ մտքերը միմեանց հանդիպում են (ֆր.