Յօդուածներ (1878-1914 թթ.)

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ՈՒՍՈՒՑԻՉՆԵՐ

Կրթական կանոնագրին հաստատութենէն ի վեր, կարող ուսուցիչներու խնդիրը նորէն հրապարակ կ’ելլէ։

Կրթական գործը յատուկ կանոնագրի՞ մը կը կարօտէր աւելի քան թէ ձեռնահաս պաշտօնեայներու. թեր ու դէմ կարծիքներ կրնան յայտնուիլ, բայց անուրանալի է որ աւելի մարդու պէտք ունեցած ենք քան թէ կանոնագրի մը։ Կարող գործիչ մը առանց կանոնի ալ կրնայ գործել. բայց լաւագոյն կանոնը՝ ապիկար մարդու մը ձեռքը ինկած՝ բանի մը չի ծառայեր։

Որքան ալ ուրեմն գնահատող ըլլան Ուսումնական Խորհրդին լռին գործունէութեանը, չենք կրնար սա դիտողութիւնը չընել որ երկրորդական խնդրի մը առաջնութիւն տուած է կրթական օրէնքի խմբագրութեան յատկացնելով իր բոլոր ժամանակը ու բան մը չընելով ձեռնահաս եւ ուսեալ դասատուներ պատրաստելու կարեւորագոյն գործին համար, եւ ասով նմանած է քիչ մը այն տանուտէրին՝ որ իր հրաւիրեալները ապշեցնելու կ’ելլէ մոգական լապտերի մը հրաշալիքներով՝ զոր վառելու մոռցած էր։

* * *

Մութին մէջ մնացող այդ հիւրերուն կը նմանինք մենք ալ, երբ իրարու ականջն ի վար կը փսփսանք.

- Ես դեռ բան չտեսայ այս պատմուած հրաշալիքներէն. դո՞ւն ինչպէս ես։

Եւ ոչ ոք բան մը նշմարած ունի. եւ եթէ այսպէս երթայ այսուհետեւ ալ, միամտութիւն պիտի ըլլայ բան մը ակնկալել, վասն զի հարկ է գիտնալ որ հանրային պէտքերը գործերով կը լեցուին եւ ոչ թէ խօսքերով եւ ցորչափ կարող մարդոց ձեռք չանցնի՝ աշխարհիս լաւագոյն օրէնքը՝ պարզ խօսք մնալու դատապարտուած է։

Անցեալները բաւական խնդացին Ֆրանսայի մէջ, երբ ընկերական խնդիրն ակնարկելով, նախարարապետը ըսաւ թէ երկսայրաբանութեան մը մէջ կը գոցէ զայն։

Տրամաբանական ձեւ մը ո եւ է խնդիր լուծուած չէ աշխարհիս վրայ եւ մսեր Ոսումնական Խորհուրդը կրթական հարցը կանոնագրի մէջ գոցելով լուծուած չեղաւ զայն։

* * *

Օգտակարագոյն գործ մը ըրած պիտի ըլլար, եթէ ուսեալ դասատուներ հասցնելու էական հարցը լուծելու գործնական միջոց մը գտնէր։

Վարժապետանոց մը չունեցանք դեռ եւ ունենալիք ալ չունինք սա գերազանց պատճառով՝ որ ատանկ բարձրագոյն հաստատութեան մէջ դասախօսելու կարող ուսուցիչներ բացարձակապէս կը պակսին մեզի։

Հա՞րկ է միթէ ասոր յոյսերնիս բոլորովին կտրել լաւ ուսուցիչներ ունենալու երազէն։

Եւրոպայի համալսարաններէն օգտուելու գաղափարը, կարծեմ թէ շատ տարրական գաղափար մըն է, եւ գիւտ մը ըրած չեմ ըլլար եթէ առաջարկեմ անոնց՝ որ ինքզինքնին ուսուցչական ասպարէզին կը սահմանեն կամ սահմանած են արդէն, հոն երթալ իրենց արուեստը սորվելու համար։

Այո՛, ոչ միայն անոնք որ ապագայ ուսուցիչներ պիտի ըլլան, այլ անոնք ալ որ արդէն ուսուցիչներ են, պէտք է երթան հարկ եղած գիտութիւնն ու արժանիքը ձեռք բերելու համար։

Մեր պաշտօնավարող ուսուցիչներուն մէջ կան ոմանք որոնք իրենց կոչումին սէրը ունին, անոնց կ’ուղղեմ խօսքս մասնաւորապէս։

Գիտեմ որ նիւթական միջոցներու պակասը պիտի առարկեն ու քանի մը տարի իրենց ամսականներու կորուստը առջի բերան պիտի վախցնէ զիրենք։

Գիտեմ որ նիւթական միջոցներու պակասը պիտի առարկեն ու քանի մը տարի իրենց ամսականներու կորուստը առջի բերան պիտի վախցնէ զիրենք։

Բայց իրենց վերադարձին, մէկ տարուան մէջ իրենց հիմակուան վաստկածին կրկինը պիտի շահին եւ այս պարզ հաշիւը պարտի զիրենք սփոփել ու արիացնել։

* * *

Ուսումնական Խորհուրդին գալով, իրեն պարտքն էր ոյժ եւ գործնական միջոց տալ այս գաղափարին գործադրութեանը. մեր կրթական իշխանութիւնը իր ձեռքին մէջ կեդրոնացնելով մեծագոյն պատասխանատուութիւն մը կը մնայ իրեն։

Պզտիկ թելադրութիւն մը թող ըլլայ մեր կողմէն սա առաջարկութիւնը թէ կարող է միայն Պոլսոյ կրթական ծախուց մէկ հինգերորդը յատկացնելով եւրոպական համալսարանաց մէջ ուսուցիչներ պատրաստելու գործին, տարեկան հինգ հարիւր ոսկւոյ գումար մը յատկացնել այս անհրաժեշտ պէտքին։

Թաղային պզտիկ դժկամութիւնները չեմ անտեսեր. բայց արգելքներու հանդիպելէ վախնալով պէտք չէ գործնական գաղափար մը մէկդի դնել, մանաւանդ թէ կեդրոնական իշխանութիւնը՝ լաւագոյն դատի մը ծառայեցուցած չպիտի ըլլար, նոյն իսկ եթէ բռնադատութեամբ պէտք ըլլար ձեռք բերել այդ գումարը՝ թաղականներուն չկամութեան հակառակ։

Մամուլը իրենց կողմը պիտի ըլլայ ասանկ գաղափարի գործադրութեան համար եւ այս բարոյական եւ օրինական կրկին ոյժերուն կռթնած՝ դիւրին գործ մըն է Ուսումնական Խորհուրդին համար՝ այս խորուրդը ի գլուխ հանել։

Մենք մեր պարտքը կատարեցինք այս առաջարկութիւը ընելով եւ կ’սպասենք որ Ուսումնական Խորհուրդն ալ իրենը ընէ… բարձի թողի ընելով զայն։